ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Մարտ 12ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ (222 East Harvard Street) տեղի պիտի ունենայ Կ. Մ. Կօշկարեանի կողմէ կատարուած Յակոբ Օշականի «Մնացորդաց» գիրքի մէկ մասին անգլերէն թարգմանութեան՝ «Remnants: The Way of the Womb»ի ներկայացումը։
Հատորը պիտի ներկայացնէ Թալին Ոսկերիչեանը, որ Յակոբ Օշականի թոռնիկն է։ Ներկայացումը անգլերէնով պիտի ըլլայ։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 548-3288 թիւին կամ դիմել egrigorian@Glendaleca.gov հասցէին։
Իսկ Շաբաթ, Մարտ 14ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, նոյն գործին եւ ընդհանրապէս Յակոբ Օշականի նուիրուած ընթերցում եւ զրոյց մը տեղի պիտի ունենայ «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway)։ Ելոյթ պիտի ունենան Կարէն Ճալլաթեան, Նարինէ Ճալլաթեան եւ Թալին Ոսկերիչեան։ «Եթէ Օշականէն նախընտրած էջ մը կամ հատուած մը ունիք, ապա բերէք ձեզի հետ», կը յանձնարարէ գրատունը: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին։
Նշենք, որ Կօշկարեան այս աշխատանքին համար PEN պարգեւին արժանացած է, իսկ գիրքը հրատարակուած է «Կոմիտաս» հաստատութեան կողմէ:
Գրող, գրաքննադատ, թատերագիր ու վիպասան Յակոբ Օշականի բազմաթիւ վէպերէն են «Հարիւր Մէկ Տարուան»ը, «Ծակ Պտուկ»ը, իսկ իր ամէնէն ծանօթ ու անաւարտ մնացած գործը եղած է «Մնացորդաց»ը: Օշական ծնած է 1883ին՝ Յակոբ Քիւֆէճեան անունով, Սէօլէօզ՝ Պրուսայի մօտ գիւղ մը: Օշականին խնայուեցաւ իր գրչակիցներէն շատերու ճակատագիրը եւ ան կրցաւ խուսափիլ թրքական գաղտնի ոստիկանութենէն մինչեւ 1919, երբ Կոստանդնուպոլիսէն Պուլկարիա ճողոպրեցաւ՝ գերման զինուորականի ծպտումով: Զինադադարէն ետք, 1919ին վերադարձաւ Կոստանդնուպոլիս, ուր որդեգրեց իր գրչանունը, դասաւանդեց գրականութիւն եւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ հայ գրական կեանքին: 1922ի վերջաւորութեան, ինչպէս շատ ուրիշ հայ մտաւորականներ, ան հեռացաւ Կոստանդնուպոլիսէն, քեմալական ուժերու ժամանումէն ետք: Կարճ ատեն մը ապրեցաւ Փլովտիւ,
↧
Օշականի «Մնացորդաց»ի Անգլերէն Թարգմանութեան Նուիրուած Երկու Ձեռնարկներ
↧