Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Դիմադրութիւն Գերմանիոյ Մէջ Եւս

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտի 18ի կէսօրին (Լոս Անճելըսի ժամով), երբ ստուգեցի CNN-ի կայքը, երբեք չզարմացայ, որ Ֆրանքֆուրթի դէպքին մասին ոչ իսկ տող մը կամ լուսանկար մը կար: Գերմանիոյ կապուած միակ լուրը «Իւպըր»ի նկատմամբ ինչ որ դատական որոշումի մը կը վերաբերէր…
Այդ առաւօտ, Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ բացումը պիտի կատարուէր Եւրոպայի կեդրոնական դրամատան նոր կեդրոնատեղիին: Շէնք մը, որուն կառուցումը արժած էր 1.3 միլիառ Եուրօ, որպէսզի դրամատան տնօրէն Մարիօ Տրակի ու իր անձնակազմը առաւելագոյն հանգստաւէտ պայմաններու մէջ աշխատին (անշուշտ յանուն մարդկութեան բարգաւաճումին…):
Այդ նոյն օրը, մօտաւորապէս 15 հազար հոգի բողոքի ցոյցեր կատարեցին: Այս ցոյցերուն ընթացքին տեղի ունեցաւ բռնութիւն, վիրաւորուեցան տասնեակներով ցուցարարներ եւ ոստիկաններ: Հրկիզուեցան ոստիկանական ինքնաշարժներ: Յատկապէս բիրտ էր ոստիկանութեան հակազդեցութիւնը: Արդարեւ, ըստ ռուսական RT հեռատեսիլի կայանի թղթակից Փիթըր Օլիւըրի՝ մինչ այդ ժամուն ցուցարարներուն թիւը 10 հազար էր, նոյնքան էր նաեւ… ոստիկաններուն թիւը:
Եւրոպայի կեդրոնական դրամատունը, Միջազգային դրամական հիմնադրամին (ՄԴՀ, IMF) եւ Եւրոյանձնաժողովին հետ կը կազմեն այն տխրահռչակ «Թրոյքան», եռապետութիւնը, որ ամբողջ Եւրոպայի տարածքին պարտադրած է տնտեսական սեղմումի քաղաքականութիւնը (austerity): Այս «սեղմումը» կը վերաբերի, բնականաբար եւ բացառաբար, հանրային ծախսերուն: Այսինքն՝ հանրային առոջղապահութեան համակարգին, կենսաթոշակներուն, անգործութեան հատուցումներուն եւ ընկերային բնագաւառի այլ ծախսերուն: Միւս կողմէ, այս վարքագիծը կը միտի եկամուտի տուրքերը նուազեցնել յատկապէս մեծ ընկերութիւններուն համար ու լայն իրաւասութիւններ տալ դրամատուներուն, որպէսզի անոնք կարենան աւելի շատ դրամագլուխ կուտակել: Յունաստանը այս վարքագիծին հետեւանքով մատնուեցաւ մարդկային աղէտի, մինչեւ որ վերջին ընտրութիւններուն, ժողովուրդը իր քուէով իշխանութեան գլուխ բերաւ այս վայրագ դրամատիրական գաղափարախօսութեան հիմնովին հակադրուող այլ ուժ մը՝ Սիրիզան:
Յոյն քուէարկողները այսպիսով յայտարարեցին, թէ այո՛, կարելի՛ է ունենալ ուրիշ աշխարհ մը, համահունչ՝ Փորթէ Ալլեկրէի ոգիին:
Նոյն այս ոգիէն ու գաղափարական աշխարհէն թելադրուած, Ֆրանքֆուրթի ցոյցերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ոչ միայն Յունաստանէն, այլեւ Իտալիայէն, Սպանիայէն ու Եւրոպայի այլ անկիւններէն ժամանած ցուցարարներ:
Բնականաբար, կար նաեւ սառցալերան երեւցող մասը: Այսինքն, ցուցարարները կ՛ըսէին, թէ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ որ Եւրոպայի կեդրոնական դրամատունը սեղմումի քաղաքականութիւն կը պարտադրէ ժողովուրդին, անդին իր կեդրոնատեղիի շէնքին համար կը ծախսէ 1.3 միլիառ տոլար. սա զեխութիւն չէ՞, որովհետեւ վերջին հաշուով, հանրութեան գումարներէն է, որ կը կատարուի այս ծախսը:
Ընկերային արդարութեան, աշխատաւոր խաւի եւ կարիքաւորներու արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան, եկամուտներու արդար բաշխումի համակարգին, ինչպէս նաեւ համաժողովրդային (ու ոչ միայն միայն գեր- հարուստներու) բարգաւաճումի գաղափարներուն արտայայտութիւնը պէտք է համարել ոչ միայն Սիրիզայի յաղթանակը Յունաստանի մէջ, այլ նաեւ Սպանիոյ մէջ հետզհետէ թափ առնող «Փոտեմոս» («Կրնա՛նք») շարժումը:
Մէկ խօսքով եւ ըստ մեր համոզումին, Եւրոպայի մէջ սկսած է խմորուելու ընկերվար գաղափարախօսութեան ակունքներուն հոգեհարազատ նոր շարժում մը, որ կը մերժէ եւրոպական «էսթեպլիշմըն»չին հետ նոյնացած Սոցիալ Դեմոկրատ կուսակցութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը: Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ վարքագիծը փաստօրէն աղէտալի եղաւ Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Յունաստանի, մէկ խօսքով՝ ամբողջ Եւրոպայի մէջ:
Եւրոպական Թրոյքային համար, այս գաղափարները անընդունելի են (ասով կը բացատրուի նաեւ … CNN-ի լռութիւնը Ֆրանքֆուրթի ցոյցերուն մասին): Այս պատճառով ալ, Ֆրանքֆուրթի մէջ անիկա գործի լծեց իր ոստիկանական լծակը, ամբողջական թափով: Այս նոյն Թրոյքան ու անոր զինակիցներն էին, որոնք այժմ դատարաններուն մէջ խափ- խայտառակ կ՛ընեն ՄԴՀի նախկին տնօրէն Տոմինիք Սթրաուս Քանը, որովհետեւ ան իր հանրային ելոյթներէն մէկուն ընթացքին, յանդգնած էր պաշտպանել եկամուտներու արդար բաշխումի համակարգ ստեղծելու գաղափարը: Ի՜նչ սրբապղծութիւն… Զինք փոխարինած Քրիսթին Լակարտ տուած էր արդէն երաշխիքը, որ ինք նոյն «սխալը» պիտի չընէ:
Կայ նաեւ դրամին միւս երեսը. Ժողովրդավարութեան հարցը: Եւրոպային մէջ տնտեսական սեղմումի քաղաքականութիւնը ճշդող այս երեք հիմնական ուժերէն (Եռապետութիւն) ոչ մէկը ժողովուրդի քուէով ընտրուած է: Այս երեք պաշտօններն ալ ՆՇԱՆԱԿՈՎԻ են: ՄԴՀի տնօրէն Լակարտ, Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Տրակի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան- Գլոտ Եունքըր ժողովուրդին քուէներով չէ, որ այս պաշտօնները կը վարեն: Ոչ միայն այդ, այլեւ ճակատագրական վարքագիծ կը պարտադրեն այն երկիրներուն համար, որոնց կառավարութիւնները ժողովրդային քուէարկութեամբ կազմուած են:
Փաստօրէն, Եւրոպական Միութեան մէջ, տնտեսական քաղաքականութիւնը կը ճշդուի ոչ թէ ժողովուրդին քուէները ստացած գերիշխան կառավարութիւններուն կողմէ, այլ՝ ամենազօր Թրոյքային:
Այսքան բան՝ ժողովրդավար կարգերու ջատագով Եւրոպական միութեան մասին… Բայց եւս կան այս համակարգին դիմադրողներ, որոնք հետզհետէ սկսած են գաղափարական ու քաղաքական նկատառելի ուժի վերածուելու: Սա եւս իրականութիւն է եւ մենք, իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, իբրեւ ընկերվար սկզբունքներ դաւանող կուսակցութիւն, պէտք է հաշուի նստինք այս իրականութեան բոլոր երեսներուն հետ:

Մարտ 18, 2015
vproodian@gmail.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles