Քարտուղար – Պաշտօնեայ Մը Քանի՞ Տեսակ Գործ Կրնայ Ընել
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
– Հրամմեցէ՛ք, վարդապետին լուր տուի, քիչ վերջ հոս պիտի ըլլայ:– Վարժարանին նոր քարտուղարուհին պէտք է որ ըլլաք:
– Այո: Հիմա ամառը աշակերտներ չկան, բայց գալ տարուան կը պատրաստուինք:
Նստեցէք, ոտքի մի՛ կենաք: Խմելիք բան կ՛ուզէի՞ք:
– æուր, եթէ կարելի է:
Ասպարէզներու պատմութեան մէջ գրեթէ ամէն բնագաւառ ունեցած է իր հաստատուն գործը. ուսուցիչը՝ մանկավարժութիւն, դարբինը՝ երկաթագործութիւն, փռապանը՝ հացագործութիւն: Իսկ քարտուղարը… Չկայ մէկը, որ քարտուղարներու չափ գործ եւ գործի տեղ փոխած ըլլայ:
Ներս կը մտնէ վարդապետը.
– Այս ի՛նչ անակնկալ: Ուրկէ՞ ուր…
– Պոլիս եկայ մէկ շաբաթ, դպրոցը ուզեցի այցելել: Կը ներէք, առաջուընէ լուր չտուի:
– Քաւ լիցի, մենք միշտ հոս ենք.- տիկին Տիգրիս, մեզի երկու հատ սուրճ կը բերէ՞ք: Միջակ թող ըլլայ:
Զրոյցին ընթացքին անկարելի կ՛ըլլայ չնկատել, թէ քարտուղարուհին, որ կը հասկնամ, թէ Սամաթիա թաղէն է, որքան բծախնդրութեամբ կը կատարէ իր բազմազան պարտականութիւնները.
– Վարդապետ, առտու ձեզի հեռաձայնողներ եղան, բոլորին պատգամները գրած եմ:
Անոր անդադար աշխատանքը կը պարտադրէ վերանայիլ «քարտուղար» բառին ու տեսնել, թէ ուրկէ՛ կու գայ այդ կորովը:
– Վարդապետ, ձեր ուզած լուսապատճէնները բերի:
Նախ եւ առաջ պէտք է յիշել, թէ ստուգաբանականօրէն, բոլոր քարտուղարները
Եգիպտոսէն կու գան: Բառը փոխառութիւն մըն է յունարէնէն: Հայոց լեզուի մէջ առաջին անգամ գործածուած Ե. դարուն՝ Խորենացիի կողմէ: Անցած է նաեւ լատիներէնին- chartularium եւ սպաներէնին- cartulario: Անոր կրտսեր ճիւղաւորումներն են քարտ, karta, kaart, carte, cjarte, txartela… Եւ զարմանալի չէ, որ քարտուղարներու առջեւ միշտ ծառացած կ՛ըլլայ թուղթերու կոյտ մը, որովհետեւ բառը ծագած է յունարէն «քարտիս» արմատէն, որ կը նշանակէ պապիրոսի շերտ, թերթ, թուղթ: Այս վերջինն ալ եգիպտական ըլլալ կը կարծուի, որովհետեւ յոյները գրելու համար կը գործածէին Նեղոսի ափերէն ներածուած պապիրոս:
– Վարդապետ, սուրճերը պատրաստ են:
«Քարտուղար» բառով հայկական լեզուն հասկցած է «ատենադպիր, գրագիր, նամակներու վերակացու, նոյնիսկ՝ դպրապետ»:
Մինչդեռ, ամէն դար եւ պետութիւն ունեցած է քարտուղարի տարբեր սահմանում. Հռոմի եւ Բիւզանդիոնի «քարտուղար»ը վարչական եւ ելեւմտական բարձրաստիճան պաշտօնեայ էր, իսկ Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ՝ մէկը, որ ուխտագիրներուն
եւ հրովարտակներու պատասխանատուն էր եւ որպէս Պապի լիազօր՝ եկեղեցւոյ վճիռներուն կը վերահսկէր:
– Վարդապետ, նոր արձանագրութիւններուն թղթածրարները պատրաստ են:
Մինչեւ 4րդ դար քարտուղարները ստորադաս գրագիրներ էին: 6րդ դարուն սկսան
կառավարական եւ զինուորական ասպարէզներ մտնելու ու կարեւոր պաշտօններ ստանձնելու: 7րդ դարուն անոնք մտան տնտեսագիտութեան բնագաւառ. «քարտուղար» կը կոչուէին երկրի ելեւմտական բաժանմունքներուն պետերը եւ նահանգային վարիչները: Նոյն շրջանին պատերազմի դաշտի վրայ են անոնք, որպէս հրամանատար:
– Վարդապետ, դասարաններու մէջ ի՛նչ նորոգութիւն որ պէտք է, գրեցի: Վաղը կրնանք ներկարարները կանչել:
«Քարտուղար»ը իր ոսկե դարը ապրեցաւ միջնադարեան Բիւզանդիոնի մէջ, պալատէն մինչեւ ախոռ. «Մեծն Քարտուղար»ը (Մեկաս Քարտուլարիոս) Կ. Պոլսոյ արքունիքի պատուոյ տիտղոսներէն մէկն էր, իսկ «Ախոռի Քարտուղար»ը՝ Պալքաններու եւ Փոքր Ասիոյ կայսերական ձիարաններու պատասխանատուն: «Թանաքամաններու Քարտուղար»ը կայսրին ամենավստահելի օգնականն էր: Գանձապահը կը կոչուէր «Քարտուլարիոս Թու Սաքելլիու», իսկ զինարաններու, փողերանոցի եւ զինուորական մթերանոցներու ղեկավարը՝ «Քարտուլարիոս Թու Վեստիարիու»:
– Վարդապետ, տնտես մայրիկները գնումներու ցանկ մը պատրաստած են: Ստուգեցի, ձեր ուզածին պէս է:
Բիւզանդիոնի տնտեսութեան ողնահարն էր նամակագրութիւններու ապահով շրջանառութիւնը եւ տուրքերու առաքումը մայրաքաղաք, պատասխանատուութիւն մը, որ կը վստահուէր «Քարտուլարիոս Թու Տրոմու» կոչուած պաշտօնեաներուն, այսինքն՝ Թղթատարութեան Քարտուղար:
Մեր սուրճերը կը վերջանան: Իսկ քարտուղարուհին ձեռքը երկու տոպրակ բռնած դարձեալ ներս կը մտնէ.
– Վարդապետ, ես նամակատուն պիտի երթամ, վերամուտի հրաւիրատոմսերը այսօր պէտք է ղրկենք: