ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
1896, թուրք-պարսկական սահմանը:
– Բացէ՛ք սա սնտուկը, խուզարկէցէ՛ք իրեղէնները,- բարձրաձայն կը հրամայէ թուրք մաքսապետը:
Ու զինուոր մը երկաթէ լծակի օգնութեամբ կը բանայ ծանրակշիռ սնտուկին կափարիչը, որուն վրայ կնքուած է «Transit» դրոշմը:
– Օտար գիրքեր եւ թերթեր են, մաքսապետ:
– Անոնց տակը ի՞նչ կայ…
– … Հրացաններ են, մաքսապետ:
– Գաւառներու մէջ բաժնուելու նպատակաւ, ինչպէս կը կասկածէի… Բոլորը Վանի զինանոցը ղրկեցէք, թող գրանցեն: Իսկ ինծի կը բերէք ստացողին տուեալները:
– Գիրքերը, հապա՞…
– Այրեցէ՛ք, կասկածելի հրատարակութիւններ ըլլալու են:
***
Այս դէպքէն երեք օր առաջ, Սալմաստ, Պարսկաստան:
Կ՛այցելեմ Մխիթարեան վարդապետներէն Հայր Աթանաս Տիրոյեանը, որ նոր վերջացուցած է իր վերջին աշխատասիրութիւնը՝ 16րդ դարու իտալացի բանաստեղծ Տորկուատօ Տասսոյի «Ազատումն Երուսաղէմի» քերթուածին թարգմանութիւնը:
Գրասեղանին վրայ է ձեռագիրը, ստուար հատոր մը, որ բաղկացած է քսան «Երգ»երէ եւ հայկական քառանդամ չափով (*) գրուած 1.916 ութեակ տուներէ՝ ընդամէնը 15,328 տող, 460 տող աւելի՝ իտալական բնագիրէն:
– Պարոն ստուգաբանութիւն, զբաղումներէ ազատ գտած ժամիկներս անոր նուիրած եմ:
– Լսեցի, թէ Արփիար Արփիարեանը զայն կոչած է գլուխ գործոց մը աշխարհաբար տաղաչափութեան արուեստին:
– Այս դիւցազներգութիւնը իր բովանդակած նիւթերով եւ տեսարաններով, որքան արեւմտեան, այնքան ալ արեւելեան քերթութիւն մըն է եւ մեր ազգին համար՝ աւելի հետաքրքրական եւ սիրելի: Բայց դժբախտաբար պէտք է բաժնուիմ անկէ: Բարձրագոյն հրամանով պէտք է Եւրոպա վերադառնամ եւ անկարելի է իրեղէններս հետս տանիլ Ռուսաստանի վրայէն:
Ու վարդապետը փոքր սնտուկի մը մէջ կը տեղադրէ Տասսոյի թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր իտալական բնագիրը, ուրիշ թարգմանուած զանազան գրուածներ եւ հայերէն տպագրուած քանի մը գիրքեր:
– Ինչքա՛ն հոգածութեամբ կ՛ամփոփէք այդ բոլորը, հայր Տիրոյեան, ճիշդ «սնտուկ»
բառին նման:
– Բնաւորութիւն։ Կ՛երեւի «սնտուկ» պատրաստող ամէն անձ անգիտակցաբար կը հետեւի այդ յունարէն բառին ստուգաբանութեանը:
– Ինչ լաւ մտածեր են. «սինթիքի», այսինքն համադրութիւն, արկղ, դագաղ: «Սին-սիմ» նախադաս մասնիկը, միջազգային բազմաթիւ բառերու մէջ ճանաչելի չէ՞. symphonie-համանուագ, երաժշտական ներդաշնակութիւն, symposium, synagogue եւ synthetique: Իսկ արմատ բառը՝ «տիթմի», (theque, teac), ծննդակիցն է մեր «դիր-դնել» բառերուն եւ ֆրանսերէնի միջոցով դարձեալ ճանաչելի. bibliotheque- գիրքերու համադրութիւն մէկ տեղում, discotheque, videotheque եւ hypotheque:
– Առաքելութիւններուս ժամանակ տեսած եմ, թէ հայկական ամէն գաւառ ունի իր
«սնտուկը»: Զէյթունցի վաճառականը կը պատրաստէ «սոնդոգ», սուէտիացի նորահարսը տուն կը տանի աչքի լոյս ասեղնագործութիւններով լեցուած «սնդէօգ», Մուշէն Թիֆլիս ճամբորդողը կ՛ունենայ «սնդուգ», իսկ Թիֆլիսէն Մուշ վերադարձողը՝ «զանդուկ»:
– Հայր Տիրոյեան, ձեր գիրքերուն առաքումը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ:
– Ուղեւորական գործակատարի մը ձեռքով: Նախ պիտի անցնի Թուրքիա, ապա Կարնոյ ճանապարհով պիտի հասնի Տրապիզոն եւ անկէ ալ՝ Եւրոպա: Ընկերութիւնը բազմաթիւ ծանրոցներ միացնելով կը կազմէ մեծ սնտուկ մը ու վրան «Transit» կը կնքէ:
***
1896, թուրք-պարսկական սահմանը:
– Բացէ՛ք սա սնտուկը, խուզարկեցէ՛ք իրեղէնները,- բարձրաձայն կը հրամայէ թուրք մաքսապետը:
Ու զինուոր մը երկաթ լծակի օգնութեամբ կը բանայ ծանրակշիռ սնտուկին կափարիչը, որուն վրայ կնքուած է «Transit» դրոշմը:
Յ. Գ.
Հ. Աթանաս վրդ. Տիրոյեանը 1906-09 թուականներուն երկրորդ անգամ կը ձեռնարկէ «Ազատումն Երուսաղէմի» դիւցազներգութեան թարգմանութեան: Գիրքը լոյս կը տեսնէ Վենետիկի մէջ, 1912ին:
(*) Հայկական քառանդամ չափ, 15 վանկանոց բանաստեղծական տող, չորս բաժանումով, 4+4+4+3 սկզբունքով: Օրինակ «Արեւելեան-դին կը փայլէր-արեգական-նոր լոյսով»: