Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Շփոթի Մատնուելու Կարեւոր Պատճառ Մը

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Մարդուն շփոթութիւն պատճառող շա՜տ երեւոյթներ կան կեանքի մէջ: Գիտութեան պակասը, անվստահութիւնը, տեղեկութիւններու տարբերութիւնները, մեկնաբանութեանց երկուութիւնները, քմահաճ մօտեցումները եւ այլ ազդակներ, որոնք պատճառ կը դառնան, որ մարդ շփոթի մատնուի:
Շփոթի «տիղմ»ին մէջ մխրճուելու սովորութիւն ունեցող մարդը շուտով կը կորսնցնէ շրջապատին հանդէպ վստահութիւնը, որովհետեւ իր շփոթութիւնը տեսնելով, շատ օգտուողներ պիտի ըլլան այդ կացութենէն: Ուստի, իրեն համար ամէնէն վստահելի անձը անգամ հարցականի տակ կը մտնէ, եւ անոր որեւէ խոստումին հաւատք չ՛ընծայեր ան:
Մարդոց շփոթահար վիճակը պէտք է տարբերել ապշահար վիճակէն: Մինչ երկրորդ պարագային, զարմանքի հոգեվիճակ կը տիրէ ապշող մարդու հոգիին մէջ, առաջին պարագային սակայն, կողմնորոշուելու դժուարութեան մը դիմաց կը կանգնի մարդ՝ սուտին ու ճշմարիտին տարբերութեան զգացողութիւնը կորսնցնելով:
Վերոյիշեալ օրինակը, շփոթահար մարդու «բարի» տեսակն է: Ան, որուն ներքին հոգեկան կողմնացոյցը խանգարուած է միայն: Այս տեսակ մարդիկ նոյնիսկ չեն ուզեր ճանչնալ իրենց ամէնէն հարազատ անձերը, եւ աւելին՝ կը մերժեն անգամ օժանդակութեան համար դէպի իրենց անոնց երկարած ձեռքերը: Կարելի է նոյնիսկ այսպիսի անձերը «միամիտ» կոչել, որովհետեւ հովէն տատանուող եղէգի իրենց բնաւորութեան ու խառնուածքին բերումով կը հասնին այդ անբաղձալի դիրքին՝ շփոթահար վիճակին:
Ծանօթի եւ անծանօթի, ընկերոջ եւ թշնամիի, անվնասի եւ վնասակարի զգացողութիւնը կորսնցուցած մարդու մը համար շատ դժուար կ՛ըլլայ դարձեալ բարեկամութիւններ հաստատելը: Ինչպէս ժողովրդային խօսակցական լեզուի մէջ կը գործածուի՝ «Լեզուն այրած մարդը մածունը փչելով կ՛ուտէ»: Ճիշդ նոյնը կը պատահի այս մարդոց, որոնք այլեւս «փորձառութիւն» շահած ըլլալով, ներամփոփ, զգուշաւոր ու պահպանողական դիրքերու վրայ կը մնան ընդհանրապէս:
Շփոթի մատնուող մարդոց մէջ նաեւ այլ տեսակ մը պէտք է մատնանշել, որ ինքնաշփոթութեան իրավիճակն է: Այսինքն, մարդ իր կողմէ թոյլ տրուած սեփական յանցանքին բերումով շփոթահար կը դառնայ: Ընդհանրապէս այնպէս կը թուի, թէ ուրիշներ անպայման մեզ կը շփոթեցնեն: Ուրիշ խօսքով, շփոթը միշտ ուրիշներէ կը պատճառուի մեզի: Ճիշդ չէ՛ այս եզրայանգումը միշտ, որովհետեւ մարդ ինք իր շփոթելուն եւս կրնայ պատճառ ըլլալ: Օրինակ, որեւէ հարցի մօտենալէ առաջ, նախապատրաստական աշխատանքի մէջ սեփական թերութիւնը ինքնին պատճառ կը դառնայ, որ մարդ չկարենայ կողմնորոշուիլ վերջին վայրկեանին: Ուրեմն, պէտք է նախապատրաստուիլ, յատկապէս որոշ խնդիրներու համար, ու չսպասել մինչեւ վերջին վայրկեանը, երբ արդէն կատարուած իրողութեան դիմաց կը գտնուինք, եւ կամ ժամանակը չի՛ բաւեր այլեւս լայն քննարկումներ կատարելու եւ ըստ այնմ որոշումներ կայացնելու:
Նախապատրաստական աշխատանք չկատարելու անպատեհութիւններէն մէկն ալ այն է, որ մարդկային փորձառութիւնը ինչքա՛ն ալ հարուստ ըլլայ, կամ մարդու տրամաբանելու կարողութիւնը որքա՛ն ալ հզօր ըլլայ, դարձեալ դժուար պիտի ըլլայ յանկարծական որոշում առնել այս կամ այն ներքին հարցին նկատմամբ:
Մարդու շփոթելուն գլխաւոր պատճառը, սակայն, թաքնուած է փոխյարաբերական կեանքի ամէնէն աւելի զգայուն ծալքերուն մէջ: Ատիկա նախանձի անբաղձալի երեւոյթի մութ ծալքն է, որուն բացայայտումը կամ դրսեւորումը շփոթի իրավիճակով կը զգացուի: Նախանձոտ մարդը հետեւելով ուրիշներու քայլերուն, ի վերջոյ անոնց յառաջդիմութեան արգելք հանդիսանալու ճիգ մը կը կատարէ: Այդ ճիգը կրնայ իր դրդումով, որոշ անձերու ձեռամբ փորձարկուիլ: Իսկ չյաջողելու պարագային, նախանձոտը ի՛նք իր ձեռքերը կը խառնէ գործին: Այնքան ատեն որ ուրիշներու միջոցաւ կը կատարուի վատ գործը, աւելի նուազ է վնասն ու աւերը ատոր, սակայն երբ մարդ սեփական ձեռքերով ու կիրքով կը կատարէ զայն, արդէն արդիւնքին մէջ մեծ տարբերութիւն կը նկատուի:
Նախանձոտին այս արարքին մէջ շփոթութիւն կը խառնուի: Ան որոշում կայացնելու արագ իր ընթաքին մէջ շատ սխալներու դուռ կը բանայ իր կամքէն անկախաբար: Հիները կ՛ըսէին.
«Աճապարանօք գործին սատանան միջամուխ կ՛ըլլայ»: Ահա թէ ինչպէ՞ս սատանան կը յայտնուի: Սատանայի մէկ այլ անունը կարելի է համարել այն շփոթը, որ չարիք մտածող մարդուն միտքին մէջ կը յայտնուի, ճիշդ մառախուղին պէս, որ յանկարծ լեռներու կատարներէն վար սահելով կը լեցնէ ձորերը, կողմնորոշուելու դժուարութեան մատնելով անցորդները:
Ինքնավստահութեան պակասի հետեւանքով յայտնուող նախանձի երեւոյթը ցարդ մեծ աւերներ գործած է մարդկային կեանքին մէջ, նոյնիսկ անոր սկզբնաւորութեան օրէն, այս մոլորակին վրայ: Մարդկային գզվռտոցը դեռ չէ՛ դադրած, ո՛չ միջազգային, ո՛չ ազգային, ո՛չ ընկերային, ո՛չ ընտանեկան մակարդակներու վրայ եւ ոչ ալ նոյնիսկ երկու անձերու միջեւ: Աստուծոյ պարգեւած ազատութիւնը, մարդ էակը չարաշահած է անհաշիւ անգամներ: Միեւնոյն աշխարհը իր բոլոր բարիքներով վայելելու աստուածային պատգամը ո՛չ մէկը չէ ուզած անկեղծութեամբ ըմբռնել, համահաւասար իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով կիսելու զայն իրենց միջեւ:
Միշտ ներքին «ես»ի առաւելութիւնը պատճառ դարձած է, որ ուրիշին յառաջդիմութիւնը կանխարգիլելու միջոցներու մասին մտածէ մարդ: Ահա շփոթելու հիմնական պատճառը՝ նախանձը: Յառաջդիմելու հնաւորութիւն, առիթ ու միջոց բոլորին կը տրամադրէ Աստուած: Կը բաւէ միայն, որ մարդը կարողութիւնը ունենայ ճանչնալու առիթները եւ գտնելու իրեն ընձեռուող միջոցները:
Շփոթի մատնուելու կարիք չես ունենար, երբե՛ք, եթէ քու աշխատանքովդ կեանքդ կը շահիս, ու մանաւանդ օգտակար կը հանդիսանաս շրջապատիդ: Ուրիշին օգնելու մարդասիրական գործը լաւագոյն դաստիարակն է, որ մարդ կարողանայ իրմէ հեռացնել ու վանել ամէն տեսակի նախանձ:
Նախանձը ո՛չ միայն կը շփոթեցնէ, այլ նաեւ ինքնամատնութեան պատճառ կը հանդիսանայ: Այդ շփոթին մէջ, մարդ անգիտակցաբար կը պարտաւորուի իր ինքնութենէն, ներքին զգացումներէն արտաբերել շատ «գաղտնիք»ներ, որոնք բոլորն ալ ի վնաս իր անձին պիտի ըլլան:
Շփոթի պատճառը եթէ նախանձն է, անոր վերացումն ալ, նախանձին վերացումով կ՛իրագործուի:

Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles