ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԶԵԱՆ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու, վերջերս, «Հապերբիւրք»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով 1915ի դէպքերուն, յայտարարած է՝ «Մենք խաղաղութիւն կ՛ուզենք. կ՛ուզենք, որ հասարակաց ցաւի վրայ բարեկամութիւն կառուցուի»: Ի՞նչ հասարակաց ցաւի մասին է խօսքը:Վարդուհի, Ալթա Տինայէն
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Չաւուշօղլուն եւ ընկերները պէտք է գիտակցին, թէ «հասարակաց ցաւ» չկայ. Այլ կա՛յ «հասարակ» եւ «ցաւ»: Հասարակը իրենք են, որպէս հասարակ ոճրագործներ, հասարակ ստախօսներ, հասարակ գողեր եւ հասարակ ջարդարարներ: Իսկ ցաւը մերն է. ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդի ՑԱՒ, որ տակաւին հարիւր տարի ետք կը կոտտայ, կ՛արիւնի վէրքը արգելք հանդիսանալով մեզի բնականոն ու արժանապատիւ կեանք մը կերտելու: Եւ այդ տակաւին արիւն կաթկթող վէրքը միայն թուրք պետութիւնը կրնայ դարմանել՝ ճանչնալով ցեղասպանութիւնը եւ հատուցելով վնասը: Եւ միայն այդ պարագային կարելի է խօսիլ «հասարակաց ցաւ»ի վրայ բարեկամութիւն կառուցելու մասին:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վերջերս «Իսլամական պետութիւն» կամ ISIS կազմակերպութիւնը, Իրաքի հիւսիսային Նինուէ շրջանին մէջ նախաքրիստոնէական Ասորական քաղաքակրթութեան պատկանող, համաշխհարային արժէքով մշակութային եւ ճարտարապետական կոթողներ ու արձաններ քանդեց: Այս մարդիկը երբեք քաղաքակրթութենէ կամ մշակոյթէ տեղեակ չե՞ն: Իրենց ղեկավար Ապու Պաքր Էլ Պաղտատի կոչուող արարածը, որ ինքզինք «խալիֆա» ալ կը յորջորջէ, հրէ՞շ է, թէ անբան կենդանի: Չեմ կարծեր, թէ պատմութեան մէջ եղած է այս տեսակի դէպք, ուր կրօնքի համար կը քանդես ճարտարապետական կոթողներ: Եթէ եղած է, խնդրեմ յիշեցուր:
Նանօր, Հալէպ-Երեւան
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այո, եղած են եւ պատմութեան մէջ շատ նմանատիպ դէպքեր կան: Տակաւին 2000 թուականին, երբ Թալիպանները իշխանութեան գլուխ էին Աֆղանիստանի մէջ, իսլամական կրօնքին իրենց մեկնաբանութեամբ, Պունեան շրջանին մէջ պայթեցուցին լեռնափոր Պուտտայի երկու հսկայական արձաններ, որոնք UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան կը պատկանէին: Նաեւ շատ հեռուները երթալու պէտք ալ չկայ: Եթէ Հայաստան գացած ես, անպայման Գառնիի հեթանոսական տաճառը այցելած պէտք է ըլլաս: Եթէ չես այցելած, գոնէ անոր նկարը պէտք է տեսած ըլլաս. բայց անձամբ տեսնելը բոլորովին տարբեր փորձառութիւն է: Ճարտարագիտական հրաշափառ, գեղակերտ կոթող մը, փառահեղ ոճով ու իւրայատուկ խոյանքով, որուն նմանը ազգերու տարեգրութեան մէջ հազուագիւտ է եւ որուն հրաշակերտ կառուցուածքը քեզ կը խոնարհեցնէ: Եւ երեւակայել թէ Հայաստան աշխարհի տարածքին հարիւրաւոր, եթէ ոչ հազարաւոր այսպիսի ճարտարապետական գլուխ գործոց հեթանոս տաճառներ գոյութիւն ունէին, որոնք կրնային հնութիւններու ճարտարագիտութեան մշակոյթի մարզէն ներս Հայաստանին ապահովել առաջնակարգ դիրք: Սակայն 301 թուականին եւ յաջորդող տասնամեակներուն, մենք մեր սեփական ձեռքերով ոչնցացուցինք այդ բոլոր ժառանգութիւնը, որմէ հրաշքով միայն Գառնիի տաճառը փրկուեցաւ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կաթողիկէ Ֆրանսիս պապի ցեղասպանութեան ճանաչման, նաեւ Եւրոխորհրդարանի ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման որպէս տգեղ հակադարձութիւն, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է, թէ պապին, նաեւ Եւրոխորհրդարանի բանաձեւին յայտարարութիւնները, իր մէկ ականջէն կը մտնեն եւ միւս ականջէն անմիջապէս դուրս կ՛ելլեն: Ասիկա պետական բարձրաստիճան անձի, մանաւանդ նախագահի վայել խօ՞սք է:
Սեզա, Քանատայէն
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ինչու Էրտողանի ո՞ր մէկ խօսքը պետական մարդու կամ նախագահի վայել է: Բայց նախագահ Էրտողան հոս ուրիշ բան ըսել կամ հասկցնել կ՛ուզէ մեզի: Որպէսզի խօսք մը մէկ ականջէն մտնէ եւ միւսէն անմիջապէս դուրս ելլէ, գլխուն այն մասը որ երկու ականջներուն միջեւ կը գտնուի եւ որ նաեւ կը պարունակէ ուղեղէն մաս մը, պէտք է ամբողջութեամբ պարապ ըլլայ: Եւ նախագահ Էրտողան ճիշդ այդ հաստատումն է, որ կ՛ընէ: