ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ», «Նիուզ».– Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 14:00ին «Զուարթնոց» օդակայան վայրէջք կատարեց Երեւան-Մոսկուա օդանաւը, որով Հայաստան հասան «System of a Down» աշխարհահռչակ ռոք խումբի երաժիշտները՝ Սերժ Թանքեան, Ճոն Տոլմայեան, ինչպէս նաեւ պաս կիթառահար Շաւօ Օտաճեան:
Օդակայանին մէջ անոնք դիմաւորուած են իրենց հարազատներուն եւ երկրպագուներուն կողմէ։ Շաւօ Օտաճեանը դիմաւորելու գացած էին նաեւ անոր երկու մօրաքոյրներուն ընտանիքները, որոնք կը բնակին Հայաստանի մէջ։ Կիթառահարը զրուցած է իր երկրպագուներուն հետ՝ հաստատելով, որ շատ ուրախ եւ հպարտ է Հայաստանի մէջ գտնուելնուն համար։
Յիշեցնենք, որ 23 Ապրիլի երեկոյեան, խումբը Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած բացօթեայ համերգ պիտի տայ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ՝ իր «Wake up the souls» համերգային շրջագայութեան ծիրին մէջ: