Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները Եւ Համապարփակ Պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան», Ա. Հատոր, Հեղինակ՝ Յակոբ Վարդիվառեան Հեղինակ՝ Յակոբ Վարդիվառեան

$
0
0

0707hagopvartivarian

Գրախօսեց՝ ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Մեծագոյն հաճոյքով ստացայ Նիւ Ճըրզի բնակող ծանօթ հրապարակախօս, ազգային-հասարակական բեղուն գործիչ՝ Յակոբ Վարդիվառեանի վերոնշեալ խորագիրը կրող, 400 էջնոց, խիստ շահեկան եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններով հարուստ գեղատիպ հատորը:
Գիրքը լոյս տեսած է ծանօթ մտաւորական դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի «Մայրենի» հրատարակչատան կողմէ:
Հեղինակը շնորհակալութեան խօսք մը դրած է գիրքին մէջ որոշ ազգայիններու. «Զարթօնք» օրաթերթի նախկին ժրաջան խմբագիր Պայծիկ Գալայճեանին եւ դոկտ. Վաչէ Ղազարեանին՝ «գիրքին լեզուական յղկումներուն եւ խմբագրութեան համար»: Նմանապէս՝ բոլոր անոնց, որոնք այս հսկայ ուսումնասիրութեանը իրենց ներդրումը եւ օժանդակութիւնը բերած են:
Հեղինակը ազնուութիւնը ունեցած է մօտ 40 տարիներու իր աշխատանքի եւ պրպտումներու արդիւնք եղող այս հատորը ձօնել «Արմենական բոլոր նահատակներուն, որոնք զոհուեցան յանուն ազգային իրաւ յեղափոխութեան՝ Հայաստանի ազատագրութեան համար եւ Հայ Ժողովրդական կուսակցութեան ընկերներուն, որոնք սերմանեցին ռամկավարական վեհ սկզբունքները քաղաքական մեր կեանքէն ներս»:
Հեղինակը կրնար այս մեծածաւալ հատորը նուիրել իր ամանոսցի-հասանպէյցի ծնողներուն կամ իր ընտանիքի անդամներուն, բայց ան արդար տեսած է, որպէս «սրբազան պարտականութիւն», որ հատորը ձօնէ այն կազմակերպութեանց նահատակներուն, որոնք նախակարապետները եղան ներկայ դարու մեր ազատագրական շարժումին, յատկապէս, որ այս գիրքը լոյս կը տեսնէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի համազգային ոգեկոչումներու եւ մեր նահատակներու սրբադասման օրերուն:
Այս հատորին մէջ հեղինակը նախ ներկայացուցած է Արմենական կազմակերպութեան հիմնադրութեան պատճառները: Կը ներկայացնէ 1461ին Պոլսոյ պատրիարքութեան հիմնադրութենէն մինչեւ 1895ի համիտեան ջարդերը, այս դարերուն ընթացքին հայ ժողովուրդի վիճակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, մանաւանդ 1860էն՝ Ազգային Սահմանադրութեան շրջանէն ի վեր հայ ժողովուրդի փոթորկայոյզ վիճակը Ռուսիոյ, Օսմանեան կայսրութեան, Թիֆլիսի, Պաքուի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հայ քաղաքական կեանքին մէջ (ինչպէս Հայաստանի վերանկախացման տարիներուն բազմաթիւ նոր միութիւններ կամ կուսակցութիւններ կազմուեցան) այդ շրջանին ալ մեծ թիւով կուսակցութիւններ եւ միութիւններ գոյութիւն առին, եւ այս բոլորը հեղինակը կու տայ շատ գեղեցիկ ձեւով, հետաքրքրական եւ նորութիւններ բացայայտող տեղեկութիւններով:
Գիրքի յաջորդ բաժինին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ մեր ժողովուրդի վերջին դարու ազատագրական շարժման անմահանուն դէմքեր, երեք Մկրտիչները՝ Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկ, Մկրտիչ Փորթուգալեան եւ Մկրտիչ Աւետիսեան, անոնց կեանքը եւ բերած նպաստը հայ ժողովուրդին՝ հայդուկային եւ ազատագրական շարժման ռահվիրաներ ըլլալով: Ապա հեղինակը կու տայ Արմենական շարժման ականաւոր գործիչները, եւ հոս է, որ Յակոբ Վարդիվառեան մօտ 40 տարի շարունակ հաւաքած, դասաւորած, պրպտած, գտած, շարադրած եւ համադրած է իր տուած տեղեկութիւնները, որոնք հիմնաքար եւ ազգային կողմնացոյց եղան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայ կառոյցին: Նոյն ձեւով եւ դասաւորումով հեղինակը ներկայացուցած է ՌԱԿի բաղկացուցիչ ուրիշ հիմնական միաւորներէն՝ Հայ ժողովրդական կուսակցութիւնը, ներկայացնելով անոր ծնունդ տուող պայմանները, ժամանակաշրջանի անցուդարձերը, կուսակցութիւնը եւ այդ կուսակցութեան ականաւոր գործիչները: Թէ՛ Արմենական կազմակերպութեան եւ թէ՛ Հայ ժողովրդական կուսակցութեան ղեկավարներու գաղափարախօսական ամբողջ նպատակն էր հայ ժողովուրդի մարդավայել ապրելու իրաւունքը ապահովելը: Այդ տարիներուն, տակաւին սոցիալիստական-ընկերվարական շարժումներ ծնունդ չէին առած այդ երկիրներուն մէջ, հետեւաբար, հայ ժողովուրդի պայքարը առաւելաբար նպատակաուղղուած էր կեանքի բարելաւման եւ ամէնէն ծայրայեղ պարագային՝ ռուսական տիրապետութիւն տեսնելը հայահոծ շրջաններուն մէջ:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որ ծնունդ առաւ Հոկտեմբեր 1, 1921ին Պոլսոյ մէջ, ժառանգորդն է 1885ի Արմենական կուսակցութեան։ Այս կուսակցութիւնը տարիներ շարունակ միաւորողը եւ կազմակերպողը եղաւ ազգային կեանքի մէջ ծնունդ առած քանի մը կազմակերպութիւններու, որոնց միասնական համախառն ճիգերով աշխատանքներ տարուեցան մեր ժողովուրդի զարթօնքի եւ հայրենակերտման գործի համար:
ՌԱԿի բաղկացուցիչ կուսակցութիւններ եղած են.
– Արմենական կազմակերպութիւնը
– Վերակազմեալ Հնչակեան կուսակցութիւնը
– Գաղափարակցական միութիւնը
– Միացեալ Հայ Յեղափոխական կազմակերպութիւնը
– Հայ Սահմանադրական Ռամկավար կուսակցութիւնը
– Հայ ժողովրդական կուսակցութիւնը
– Ազատական կուսակցութիւնը
– Հայ Ազգային Ազատական միութիւնը
– Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը:
Գիրքի խմբագիր դոկտ. Վաչէ Ղազարեան յառաջաբանին մէջ արդարօրէն յիշած է, թէ այս բոլոր միաւորներու եւ կազմակերպութեանց մէջ, անոնց ղեկավարները եւ դէմքեր մտածումը չեն ունեցած կամ չեն կրցած իրենց յուշերը, դէպքերու նկարագրութիւնները մամուլի կամ յատուկ գիրքերու մէջ զետեղել, եւ ասիկա մեծ դժուարութեան կը մատնէ որեւէ աշխատող, որ կը ջանայ այս կազմակերպութեանց գործունէութեան յստակ պատկեր մը տալ:
Խոստովանինք նաեւ, որ 94 տարեկան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը միայն 1960ական թուականներէն ասդին սկսած է մեր կազմակերպութեան, քաղաքական գործիչներուն եւ դերակատարներուն նուիրուած գրականութիւն մը մշակել, եւ անոր պատճառը անշուշտ նիւթական եւ կազմակերպչական աշխատանքի պակասն էր:
Ճիշդ ասոր համար է, որ Յակոբ Վարդիվառեանի պէս հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, իրենց բազմազբաղ առօրեայէն ետք, տակաւին ժամանակ կը գտնեն նման բանասիրական, սիրտ եւ միտք մաշեցնող հաճելի պարտականութիւնը կատարել, որ արդիւնք է իրենց ժողովուրդին եւ հայրենիքին հանդէպ ունեցած անհուն սիրոյն եւ յարգանքին:
Օրական 10-12 ժամ իր անձնական գործով զբաղող այս մտաւորականը, մեծագոյն նուիրումով, խղճամիտ աշխատանք մը տարած է, ծանօթացնելով իր կուսակցութիւնը հայ ժողովուրդի զաւակներուն, վստահ ըլլալով, որ այս կազմակերպութեան մօտէն ծանօթանալով՝ աւելի մեծ յարգանք œ սէր պիտի ունենանք մեր անցեալի բոլոր գործիչներուն, հայդուկներուն, մտաւորականներուն եւ հարուստ ազգայիններուն, որոնք իրենց ժամանակը, կեանքը եւ արիւնը զոհեցին իրենց ազգին, որուն շնորհիւ մենք այսօր ունինք ազատ, ինքնիշխան հայրենիք մը՝ իր բազմաթիւ դժուարութիւններով եւ նոյնքան յաջողութիւններով, նուաճումներով, անպարտելի բանակով եւ իմաստուն ժողովուրդով:
Արդարեւ, այս հատորը «ժայռէն՝ խոտ եւ ցան հանել»ու պէս գործ մըն է: Այսքան հսկայ տեղեկութիւններ հաւաքել, այսքան մեծ թիւով գործիչներ եւ անոնց գործերը ներկայացնել, դէպքեր, արխիւներ համադրել, այն ալ մէկ հոգիով, պարզապէս հերոսական գործ մըն է, որուն համար սրտանց կը շնորհաւորենք նախ մեր սիրելի հեղինակը՝ Յակոբ Վարդիվառեանը, ինչպէս նաեւ ԹՄՄի Ամերիկայի եւ Քանատայի Կեդր. վարչութիւնը, որուն հովանաւորութիւնը կը վայելէ այս հրատարակութիւնը, մաղթելով հեղինակին նորանոր նման շահեկան հրատարակութիւններ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles