Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Մատենադարանը Համալրուած Է Իրանահայ Նշանաւոր Արուեստագէտներու Գործերով

$
0
0

 

0723madenataran

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հաւաքածոն համալրուած է միջազգային արուեստի աշխարհի մէջ յայտնի իրանահայ հայր եւ որդի արուեստագէտներու՝ լուսանկարիչ Անթուան Խան Սեւրուկինի եւ գեղանկարիչ Անտրէ (Տերվիշ) Սեւրուկեանի աշխատանքներով: Նուիրատուութեան հեղինակը անոնց ժառանգորդ՝ Էմմանուէլ Սեւրուկեանն է:
2014ի Սեպտեմբերին Մատենադարանը համաձայնագիր կնքած է Գերմանիոյ քաղաքացի, 90ամեայ Սեւրուկեանի հետ, ըստ որուն, ան պիտի նուիրէ իր հօրմէն եւ մեծ հօրմէն ժառանգած գեղանկարներու եւ լուսանկարներու հաւաքածոները՝ 100է աւելի նմոյշներ:
Սեւրուկիններու աշխատանքները ցուցադրուած են աշխարհի յայտնի թանգարաններուն մէջ: Անոնց արուեստին մասին գրուած են բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, լոյս տեսած են քանի մը ալպոմներ:
Հաւաքածոն հանրութեան ներկայացնելու համար Մատենադարանի տնօրէնութիւնը կը նախատեսէ կազմակերպել շարք մը ցուցահանդէսներ եւ հրատարակել ալպոմներ: Նաեւ հաւանական է, որ այս առնչութեամբ սեմինար կայանայ։
Մատենադարանին մէջ կարեւոր կը նկատեն նաեւ հաւաքածոներու ամբողջական, համապարփակ ուսումնասիրութիւնը, գիտական շրջանառութեան դրուելը եւ ուսումնասիրող-հետազօտողներուն հասանելի դարձնելը:
Սեւրուկեանի գործերը, յատկապէս՝ մանրանկարները, հին արեւելեան մշակոյթէն ներշնչուած են:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles