Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Լոնտոնի Մէջ «Քեզ Հետ, Հայաստան» Համերգին՝ Տիանա Ադամեանի Փայլուն Ելոյթը

$
0
0

0000ATAMIAN

Ուրբաթ, 21 Յուլիսին տեղի ունեցաւ «Քեզ հետ, Հայաստան» համերգաշարի 5րդ համերգը, Լոնտոնի հեղինակաւոր «Քատոկան» սրահին մէջ: Լոնտոնի թագաւորական նուագախումբի եւ «Կրեմմի» կրկնակի մրցանակակիր աշխարհահռչակ ջութակահար եւ խմբավար Ցուքերմանի մասնակցութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ոգեկոչող համերգը դարձաւ Ցեղասպանութիւնը դեռ պաշտօնապէս չճանչցած Միացեալ Թագաւորութեան կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը:

15ամեայ հայ ջութակահար Տիանա Ադամեանին բացառիկ հնարաւորութիւն շնորհուած էր կատարելու Պախի կրկնակի քոնչերթօն՝ ջութակահար Ցուքերմանի եւ Լոնտոնի թագաւորական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ: Համերգէն ետք բրիտանական մամուլին մէջ եղան բազմաթիւ հիացական անդրադարձներ: Գերհագեցած լոնտոնեան մշակութային կեանքին մէջ «Քեզ հետ, Հայաստան» համերգը առանձնայատուկ լուսաբանման արժանացուցած է BBC Radio 4ի «Աշխարհը այս երեկոյ» հաղորդաշարը, որ կը համարուի առաջատարներէն մէկը, եւ որուն ունկնդիրներէն մէկն է Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետը:

Շուրջ 45 միլիոն ունկնդիր ունեցող BBC World Service Radio-ի «Նորութիւններու ժամ» հաղորդումի «Երաժշտութիւնը՝ իբրեւ դիւանագիտութիւն» վերնագրուած յատուկ յայտագիրը հիւրընկալած էր Ցուքերմանը եւ խօսած համերգի եւ համամարդկային արժէքներու շուրջ:

Միլիոնաւոր մարդիկ հետեւած են հրապարակումներուն առցանց մամուլով, ինչպէս նաեւ՝ լուսաբանման գործընթացին ներգրաւուած եղած են յայտնի Daily Telegraph, The Guardian, Sunday Times, Bachtrack թերթերը, այլոց շարքին: Amati Magazine հեղինակաւոր առցանց ամսագիրը հարցազրոյց հրապարակած է Տիանա Ադամեանի հետ եւ զայն համարած է շաբթուան արուեստագէտը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles