Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Կոհակ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
1909 թուականին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը վերանորոգուած էր «յեղափոխութեամբ», եւ երբ կարելի էր շնչել մամլոյ ազատութեան կազդուրիչ օդը, հայ գաղափարախօսութեան մէջ մեծ ալիք մը բարձրացաւ. «Կոհակ» քաղաքակArmenian_alphabet_002ան, տնտեսական, գրական եւ հասարակական թերթը սկսաւ լոյս տեսնելու Պոլսոյ մէջ: «Կոհակ»ի նպատակն էր, ըստ խմբագիրներու տեսութեան, լուսաբանել հասարակական կեանքը, անդրադառնալ ժամանակի մամուլի նիւթերուն եւ թղթակցութիւններ հրատարակել արտասահմանէն, ինչպէս Թիֆլիսէն, Պաքուէն եւ Սոֆիայէն:
«Կոհակ»ի ստեղծած շարժումը մտածել կու տայ, թէ հիմնադիրները ի՛նչ խոհեմութեամբ անուանած են իրենց թերթը. «Մեծ Ալիք»: Եւ նոյն իմաստով ալ բառը հայ գրականութեան մէջ ստեղծեր է քաղաքական ալեկոծումներ, ինչպէս՝ Պարոյր Սեւակի «կոհակ»ը.
Մաքրութիւն է պէտք՝ ծիծաղի՜ ձեւով,
Որ ժայթքի մեր շուրջ,
Մեզ չհարցնելով՝
Կոհակ առ կոհակ գայ, մեզ լուանայ
Առանց օճառի եւ առանց ջրի…
«Աշխարհին մաքրութիւն է պէտք», 1965։
«Կոհակ» բառէն իրենց արդար բաժինը առած են նաեւ Հայկական լեռնաշխարհի երեւելի ջրակոյտերը. նախ՝ Վանայ լիճը. «Արեւը կառչում է Սիփան սարից ու թափում վար սէրը Վանայ ծովի ջրերում: Ծովը շառաչում է, շառագունում, սիրուց խելագարւում, կոհակ-կոհակ զարնւում է ափերին…». Գնէլ Շահնազարեան:
Պարոյր Սեւակի դիտումով ամբողջ հայրենիքը կոհակ է. «Դու Սեւանի վառուող
կոհակ» («Հայաստան»): Իսկ դար մը առաջ Խ. Աբովեան դիմած էր «կոհակ»ի սաստող ոյժին.
Ռուսիա՛, հզօ՛ր բազուկ եղիցի՛ ձեզ նիգն,
Նմա՛ զոհ լինիլ լիցի՛ ձեր միշտ ճիգն:
Վոլգա՛, իմ մեծ քեռ, ե՛ւ իմ քոյր Երասխ
Համբո՛յր մատուսցուք ի Կասպեան կոհակ:
«Վէրք Հայաստանի», Զանգի, յաւելուած։
Երբ բանաստեղծներ ծովու պատկերացում մը կ՛ունենան «կոհակ» բառի գործածութեան մէջ՝ ստուգաբանութիւնը կը տեսնէ բոլորովին տարբեր բարձրութիւններ… լեռնագագաթներ:
Պահլաւերէն բառ է «կոհակ»ը, kohak, որուն առաջին եւ բուն իմաստն է եղած… լեռ: Բառին արմատականն է, ըստ Աճառեանի, հին պարսկերէն kaufa, զնդերէն կքոհք, պազենդերէն եւ պարսկերէն koh բառերը, որոնք բոլորն ալ կը նշանակեն լեռ: Պարսկերէն koha բառը կը նշանակէ «թամբի բարձր մասը, կենդանիներու՝ յատկապէս ուղտի սապատը»: Այս պատկերացումը շատ բնական է, երբ նկատի առնուի Հայկական լեռնաշխարհի եւ Պարսկական բարձրաւանդակի ալիք-ալիք երկարող անհամար գագաթները: Եւ զարմանալի չէ, թէ Յովհաննէս կաթողիկոսի եւ Թովմաս Արծրունիի «Պատմութիւն»ներուն մէջ, «կոհակ» բառը գործածուած կը տեսնենք «լեռնակ, բլուր» իմաստով:
«Կոհակ» բառը մեր լեզուին մէջ ունեցեր է նաեւ «մարդկային ալիք» փոխաբերական իմաստը. «Մեսրոպ Մաշտոց» բանաստեղծութեան մէջ Սարմէն (Արմենակ Սարգսեան, 1901-1984) կը նկարագրէ մեր անդրանիկ դաստիարակի յուղարկաւորութեան վերջին տեսարանը.
Մի պահ՝ յամրութիւն, ծանրաշունչ անդորր,
Յետոյ սգերթը կոհակ առ կոհակ
Սկսեց ցրուել, իջնել դէպի տուն,
Մնաց մի շիրիմ, խորի՜ն լռութիւն:
1913 թուականն է. ինչպէս ամէն ալիք, Պոլսոյ «Կոհակ»ն ալ կը կորսնցնէ իր թափը, կը տկարանայ, ապա կը հանգչի:
Թերթը, որ պաշտպանած էր ընդհանուր, պարտադիր աշխարհիկ կրթութիւնը, ներկայացուցած էր Ն. Կաղաւարեանի Օսմանեան խորհրդարանին մէջ արտասանած ճառը, լոյս ընծայած էր Գ. Օզանեանի «Դրուագներ Փոքր Հայքի Յեղափոխական Կեանքէն» յուշագրութիւնը եւ հրատարակած էր Ռաֆֆիի, Շ. Կուրղինեանի, Հ. Մառքի, Ե. Օտեանի եւ Ա. Թէոդիկի յօդուածներն ու գեղարուեստական գործերը, կը դադրի հրատարակուելէ: Սակայն, նայելով հայրենի բնաշխարհին, ուզէք լեռներուն թէ լիճերուն, բնական օրէնք է, թէ ո՛չ մէկ կոհակ վերջինն է, ու ամէն նահանջած կոհակին կը հետեւի ուրիշ մը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles