ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Սրտանց կ՛ողջունեմ Վահան Զանոյեանի վէպին մուտքը հայ գրականութեան անդաստանէն ներս: Անգլերէն գրուած այս կարեւոր գործը կը պատկանի հայ գրականութեան եւ այսօր անոր տունդարձի օրն է Սփիւռքի եւ աշխարհի հեռաւոր տարածութիւններէն դէպի հայրենի հող եւ մանաւանդ՝ դէպի մայրենի լեզու:
Վահանը եւ ես մօտ ընկերներ ենք եւ ես, հետեւաբար, պատեհութիւնը ունեցած եմ մօտէն հետեւելու այս վէպի երկունքին: Պէտք է խոստովանիմ, որ ես այն անձերէն եմ, որոնք վերապահութեամբ դիմաւորեցին ոճրային այս աշխարհը համաշխարհային բեմին բանալու սկզբական գաղափարը: Կ՛ուզեմ այսօր, այս բեմէ՛ն, յատկապէս շնորհաւորել Վահանը իր վճռակամութեան համար: Ան համոզուած էր, որ այս քայլը պէտք էր առնուէր համարձակութեամբ եւ հաւատքով: Մեր քաղաքական գործին մէջ, պայքարի դիրքերու վրայ գտնուողներս միշտ ալ նախանձախնդիր եղած ենք, որ իր մեծ երկուութիւններուն մէջ տագնապող մեր պետականութեան միջազգային համբաւը չարատաւորուի: Եւ սակայն այն ինչ, որ Վահանը ըրաւ եւ կ՛ընէ իր այս վէպով, անկախ անոր գրական իրագործումէն, գաղափարի գործ է եւ մանաւանդ խղճի արարք, որմէ աւելի եւս հզօրացած դուրս կու գան մեր երկիրն ու ժողովուրդը:
Այսօր այս բեմէն պիտի խօսին մեր հայրենի գրականութեան ականաւոր դէմքերը: Ես կը խօսիմ որպէս գրչի ընկեր եւ մանաւանդ՝ գաղափարի՛ ընկեր, իմ ուշադրութիւնս սեւեռելով Վահանի վէպին մէջ ձեւաւորուող մեծ պատգամին վրայ:
Վահանը ուզած է, որ այս իրականութիւնը լոյսին գայ վէպի մը ընդհանրացումներով: Ինք բծախնդրօրէն կը նշէ, որ այս վէպին մէջ յիշուած բնակավայրերն ու դէմքերը ստեղծագործական բնոյթ ունին եւ հետեւաբար անոնց մէջ պէտք չէ փնտռել իրական կեանքի զուգահեռներ: Հեղինակը ճիշդ է իր պնդումին մէջ, բայց նաեւ ճիշդ է այն, որ այստեղ նկարագրուած աշխարհը երեւակայական չէ. այդ աշխարհը իրական է. վէպը ծնունդն է դառն գիւտերու. դաժան հետազօտութիւններո՛ւ. այս մասին արդէն գոյութիւն ունին ծաւալուն արխիւներ ԱՄՆի եւ Եւրոպայի մէջ: Այս ահաւոր իրականութեան վերահասու դարձող հեղինակը յանկարծ անդրադարձած է, որ ինք չի կրնար չգրել այս վէպը: Տեղ մը, վերերէն յայտնուած արարչական ձեռք մը ընտրած է զինք այս ցաւագին առաքելութեան համար: Եւ ահաւասիկ այս վէպով այդ առաքելութիւնը փոխանցուած է մեզի: Այս գիրքը մարտահրաւէր մըն է: Եթէ մարդը աղաւաղուած է Սարալանջի մէջ, աղաւաղուած է Երեւանի մէջ. աղաւաղուած է ամբողջ աշխարհի մէջ. աղաւաղուած ենք մենք որպէս հայ, որպէս մարդ: Այս վէպին ընթերցումը աւարտել կը նշանակէ մտնել տագնապի բով: Մենք, սկսած մեր պետական աւագանիէն, մեր հոգեւոր իշխանութիւններէն մինչեւ յետին մարդը հայ հասարակութեան, ըսել կ՛ուզեմ ՝ այս ընդհանրակա՛ն «մենք»ը, այսօր ինքզինք կը գտնէ ճնշիչ պարտաւորութեան մը տակ: Ոճրային այս համակարգը չի կրնար գոյութիւն ունենալ, եթէ գոյութիւն ունինք ՄԵՆՔ: Ճիշդ կ՛ըսէ վէպին հերոսը. Թալէաթը չի կրնար գոյութիւն ունենալ, եթէ գոյութիւն ունի Սողոմոն Թեհլիրեանը: Այս երկուքը անհամատեղելի են: Ասիկա այն հարցը չէ, որուն հետ կրնանք հաշուի նստիլ կիսամիջոցներով, միջին լուծումներով, համակեցութեան բանաձեւերով: Եթէ մենք կանք, ան չկա՛յ. պէտք չէ ըլլայ: Մեր երկուքին համար համագոյութեան տարածք գոյութիւն չունի: Վահանը ճիշդ է նաեւ իր եզրակացութեան մէջ: Եթէ իշխանութեան համակարգը այնքան անզօր է, որ չի կրնար տիրութիւն ընել այս հարցին, անզօր չէ մեր ժողովուրդը: Ան անպայման տիրութիւն պիտի ընէ ինքն իր անժանապատւութեան: Այս հարցը քաղաքական չէ: Այս հարցը գոյութենական է: Այստեղ կը խօսուի բացառաբար ծանրակշիռ ոճիրի մը մասին: Ասիկա ոճիր է մարդկութեան դէմ եւ հետեւաբար քաղաքական լուծումները բաւարար չեն այս հարցին արդարութիւն ընելու համար: Դուք կրնա՞ք պատկերացնել Գարեգին Նժդեհի եւ Դրոյի Հայաստանը, ուր անպատիժ գործեն հայ կանանց գերեվաճառութիւնը իրագործող այս նողկալիները:
ԺԹ. դարու ֆրանսացի արուեստի փիլիսոփան՝ Հիփոլիթ Թէնը (Հիպոլիտ Տէն) ըսած է. «Արուեստը պիտի յայտարարէ իրերու իսկական էութիւնը, որպէսզի ըլլայ արուեստ»: Վահանը իր այս վէպով իրերու այդ էութիւնն է, որ կը բացայայտէ եւ զայն կը յայտարարէ՝ պատերա՛զմ յայտարարելու պէս, ինչպէս ըրին իր նախնիները Մուսա լերան գագաթէն, եւ ինչպէս ըրաւ մեր ժողովուրդը ամէնուրէք՝ մինչեւ Սարդարապատ, մինչեւ Բաշ Ապարան, մինչեւ Ղարաքիլիսա, մինչեւ Սիւնիք, մինչեւ Շուշի: Այս եւ այլ մարտերով սրբագործուած մեր երկրին մէջ տեղ չի կրնար ըլլալ ոճրային այս համակարգին համար:
Շնորհակալութի՛ւն:
Յետ գրութիւն. 2013ին լոյս տեսած Վահանի «Հեռաւոր Մի Տեղ» («A Place Far Away») խորագրեալ վէպին որպէս բնական շարունակութիւն, վերջերս լոյս տեսաւ Վահանին երկրորդ վէպը՝ «Օհանավանքի Աղաւնիները» («The Doves of Ohanavank»), ուր Վահանին հերոսները վերստին կը նուաճեն իրենց կեանքի հարազատ հողը: Կը շնորհաւորեմ զինք այս նոր իրագործման համար:
Կ.