ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Դուրսէն մեզմով հետաքրքրուողները, երբ վստահ կ՛ըլլան որ տակաւին ողջ ենք, առաջին հարցումը որ կ՛ուղղեն՝ «Ուտելիք կը գտնէ՞ք»։ Անշուշտ տեղը չէ որ ըսես՝ «Ո՛չ միայն հացիւ…». քիչ մը շատ յաւակնոտ կ՛ըլլայ, մանաւանդ որ անգործ ու տունը մնալու դատապարտուած մարդիկ ուտելէ զատ այլ հաճոյք գրեթէ չունին։ Իսկ Հալէպի գինե՜րը… կ՛աճին տոլարի խօլական վերելքին հետ մրցելով, երբեմն ալ՝ առաջ անցնելով անկէ։
Ենթադրենք առանց ամչնալու կը խոստովանիս, թէ կարողութենէդ վեր է 4-5 հազար սուրիականով կազ գնելէ ու գոհացար միայն ելեկտրական սալօճախի վրայ կերակուր պատրաստելով (անշուշտ՝ եթէ ունենաս հոսանք, անշուշտ՝ եթէ ջուրը կտրուած չէ), բայց ամենապարզ կերակուրն ալ պատրաստելու համար գրպանիդ պիտի հարցնես… Բազմապատկուած գիներ ե՛ւ նպարեղէնի, ե՛ւ պտուղ-բանջարեղէնի։ Ոտքը ազատ երկարելու սովոր հալէպցին պիտի վարժուի այլեւս վերմակին համեմատ երկարել զայն։ Անցեալ դարձած լա՜ւ օրերուն հաստափորիկ հայ մը կ՛ըսէր «Ծօ՛, ե՞ս ալ միս պիտի ուտեմ, Պօղո՞սն ալ…»։ Ուր որ ես, խաղաղ հոգիով ճաշէ, եղբա՛յր, պօղոսները միս չեն ուտեր։
Նախապէս եթէ բանջարեղէն ծախողէն խնդրէիր քառորդ քիլօ տաքդեղ՝ ծուռ երեսդ կը նայէր ու չէր ալ պատասխաներ։ Հիմա՝ կը կշռէ ու կ՛առնէ… ուզած որեւէ գին, հաշիւը իր կամքն է, դուն սակարկելու կամ առարկելու ալ կը քաշուիս. «Ով գիտէ՝ ո՞վ է, փորձանքէ հեռու»։ Դրամապանակդ կը պարպուի, մինչդեռ բեռդ «հաճելիօրէն» թեթեւ է…։ Մսավաճառի խանութին քովէն կ՛անցնիս արագ, առանց հայեացք նետելու։ Եթէ դրամապանակդ հաստլիկ է՝ կը համարձակիս ներս մտնել՝ շատերու նախանձը շարժելով։ Բայց խորհուրդ կու տամ գոհանալ ընդեղէն-բանջարեղէնով, քանի որ միսը կը նպաստէ արագ ծերանալուն։ Իսկ մենք պիտի ապրինք, որ տեսնենք մեր քաղաքի հին, բարի՜ օրերու վերադարձը։
***
Հարսը ճերմակափրփուր զգեստով (որքա՜ն երազած էր…), փեսան կիսամերկ, լայն կուրծքին՝ կարմի՜ր…, հարսնեւորները գետնամած։ Ինչո՞ւ պառկած են ամէնքը. փեսայի կրծքին պսակի կարմիր-կանա՞չն է… Ոչ, հաւանաբար ան դիմադրած ու փրկել փորձած է իր նորահարսին պատիւն ու կեանքը ու խողխողուած է։ Քով քովի շարուած են հարսնեւորները, սակայն գինովութեան քուն չէ այդ։ Պարզապէս մեր երկրին մէջ արգիլուած է կեանքի որեւէ նշոյլ, ժպիտ, երգ, իսկ դուք ելեր՝ պար ու նուագով հարսնիք կ՛ընէք։ Այժմ երկինքի մէջ է ձեր հարսնիքը՝ յաւերժական երջանկութիւն։
***
Երբ լոյսը մարեցաւ (ե՞րբ էր այդ…) պատկից դրացիիս մանկիկը ահաբեկուած լալ ու պոռալու սկսաւ։ Ըստ երեւոյթին պահ մը կատարեալ խաւարի մէջ առանձին մնաց ու ոտքին տակէն յենարանները կորսնցուց. մարդու միայնակութիւնը աշխարհ- գազանանոցին մէջ… Երկար ժամանակ ծնողները հանգստացնել չէին կրնար։ Ան կու լար այլեւս աւարտին գացող լացով, մինչդեռ ես տեսայ անոր տեսնելիքները…։
Օ՜, զաւա՛կս, եթէ միայն գիտնայիր, թէ մենք՝ մեծերս յաճախ ինչպիսի՜ խաւարի մէջ ենք ու ինչպիսի՜ պատճառներ ունինք լալու, որ, Պարոնեանի խօսքով՝ եթէ նոյնիսկ Եփրատն ու Տիգրիսն ալ արցունք շինելու ըլլայինք, դարձեալ պիտի չբաւէին մեր լացերը լալու։ Այդ գիտնալով՝ պիտի ուզէի՞ր այս աշխարհ-խենթանոցը գալ։ Իսկ մինչ այդ ցաւոտ գիտակցութեան հասնիլը այժմ դեռ՝
Լա՛ց անմեղութեան արցունքը անդարձ,
Լա՛ց, չգիտնալով, խեղճ, անգէ՛տ տղաս,
Խե՜ղճ որսը կեանքին, ա՜հ, լա՛ց որ մեծնաս…
***
Աւետի՜ս. աշխարհի «տէրը» այցելեց Միջին Արեւելք. ժպիտ, համբոյր, մեծարանք։ Կեղծի՛ք։ Դրածոյ լարուած պուպրիկը կատարեց հնազանդ տղու իր ստանձնած յանձնարարութիւնը ու վերադարձաւ։
Արդիւնք՝ անտարակո՜յս Միջին Արեւելքի մէջ ծաղկեցաւ դեմոկրատիան, ի տես հարիւրաւոր նոր արիւնալի եղեռնագործութիւններու։
Արդիւնք՝ Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի երկինքին վրայ առաւել թանձրացաւ խաւարը, հոգիներուն վրայ՝ դատապարտուածին սպասումը։
Արդիւնք՝ մարդիկ կը կոտորուին ճանճերու պէս, անշուշտ՝ յանուն վսեմագոյն գաղափարներու, որոնց մենք ապագային պիտի ծանօթանանք։
Ու աշխարհը վատօրէն լուռ է։ Մենք այլեւս չենք յուսար, մենք այլեւս շուար ու անզօր մանուկներ ենք, որոնց դէմքերէն ժպիտը շատոնց աքսորուած է ու Դամոկլեան սուրը՝ կախուած գլխուն վրայ։
Այս ցաւած ու շփոթ, այս ցրուած ու մոլոր մարդիկը բոլորը ե՛ս եմ ու պատրաստ եմ գրկելու իւրաքանչիւրը։
Քաղաքը այլեւս շնչահեղձ է. խաւարն ու դաւադիր ահը կը ճնշեն հոգիները, թուրքի եաթաղանը միայն կը շողայ, որպէս ջահ՝ Ազատութեան արձանի տիկնոջ ձեռքերուն մէջ։
Մեր հիւսիսային «բարեկամը» խորհրդաւոր լռութիւն կը պահէ, իսկ մնացեալ աշխարհ գոյութիւն չունի։ Ոմանք «տակից» աւար փրցնելու ետեւէն են, ուրիշներ՝ վատօրէն ծախուած, այլոք ելքը կը սպասեն, որպէսզի անառակ կնոջ պէս յաղթողին գիրկը նետուին։
Ազատութիւն տրուած է մարդու ամենաստորին բնազդներուն։
Կեցցէ՛ ամերիկեան դեմոկրատիան,
Կեցցէ՛ ազատ Եւրոպան։
***
Գերեզմանոցին տարածքը «անոնց» տրամադրութեան տակ է, ամենապահանջկոտ մարդը՝ մեռեալը կը մնայ հողի կարօտով՝ սառնարանի մէջ. որքա՞ն ժամանակ։ Ի վերջոյ կը գտնուի ճարը. յուղարկաւորներ չեն ուղեկցեր անոր, միայն մէկ երկու «մարդիկ, որք սեւ ունին ու խոժոռ դէմ» մեռելաթաղներու հետ կը տանին ու աճապարանքով մայր հողին կը յանձնեն իր զաւակը։ Մեռելաթաղները 10.000 կ՛առեն, նախկին 2000ի փոխան։ Անոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն, դուն՝ հանգուցեալին պահանջը մերժելու իրաւունք չունիս։
«Աստուած վատթարէն փր-կէ…»։
***
Լսած էք, անշուշտ, ասոյթը, թէ երջանիկները ժամացոյց չեն ունենար։ Այսինքն՝ ժամանակի մասին գաղափար։ Բայց երջանկութիւնը զանազան աղբիւրներ կրնայ ունենալ. մարդս ինչերէ՜ կրնայ երջանիկ զգալ։ Ես, օրինակ, այս օրերուն կատարելապէս երջանիկ եմ։ Ելեկտրականութիւնը չեկաւ սահմանուած ժամերուն ու այլեւս պարզ էր, թէ անիկա կրնայ անվերջութեան ձգտիլ։ æուրը կտրուեցաւ անակնկալ ու անորոշ է անոր վերադարձի ժամը (օ՛րը), հեռաձայնս համեստօրէն կը լռէ, բջջայինս շատոնց արդէն անկիւն մը մոռցուած զարդ մըն է, իսկ համացանցս ծակծկած է ու ամսական կանոնաւոր վճարումներս ծակերուն մէջ կ՛անհետին։
Օր եօթերորդ (կամ՝ տասերորդ, քսաներորդ, ի՜նչ տարբերութիւն…)։ Կիսախաւար սենեակին մէջ աջ ու ձախ կը քալեմ՝ վանդակ նետուած վագրի պէս, երբ, օ՜ երջանկութիւն, լամպս փայլեցաւ։ Նետուեցայ համակարգիչին վրայ. բայց մի՛ խանդավառուիր, չկա՛յ համացանց։ Ճարահատ՝ օրագրութիւնս շարունակել որոշեցի։ Հազիւ քանի մը տող գրած՝ հոսանքը անջատուեցաւ. սպասելի էր… հինգ անգամ եկաւ ու հինգ անգամ ալ սկսայ գրելու նոյն միտքը. վեցերորդին ա՛լ լալագին աղաղակներ հանելու վրայ էի, երբ հրեշտակս զարկաւ ուսիս ու աչք ըրաւ։ Անդրադարձա՜յ. յանկարծ արտակարգ երջանկութիւն մը ողողեց էութիւնս։ Ի՜նչ աղուոր՝ զաւակներուս հետ ո՛չ մէկ կապ-կաշկանդում, բարեկամներուս հետ ո՛չ մէկ զրոյց- ժամավաճառութիւն, ո՛չ մէկ ժամադրութիւն, հետեւաբար ուշացումի համար ոչ մէկ ջղայնութիւն… լոգանքի կամ մաքրութեան յոգնութիւն ալ չկայ. ստիպուած չես բադի պէս ամէն օր ջուրը նետուիլ… ո՛չ ոք կրնայ տեղդ իմանալ ու կաշկանդել ազատութիւնդ։ Նոր միայն կրցայ երեւակայել երջանկութիւնը անոնց, որոնց թաղերը ամիսներով լոյս եւ այլն չունին… Մի՞թէ երջանկութիւն չէ՝ կատարեալ ազատութիւն, երբ ինքզինքդ տիեզերքի մէկ մասնիկը կը զգաս, ազատած զքեզ վար քաշող ճղճիմ կենցաղային հարցերէն։ Երջանի՜կ էի, հետեւաբար?՝ բարի ու հազիւ սպասեցի յամեցող առաւօտը. չէի կրնար առանձինս վայելել երջանկութիւնս. դուրս նետուեցայ տունէն, բարեկամներուս բացատրելու գիւտս, վարակելու իմ երջանկութեամբ։ Միտքէս ալ չ՛անցնիր երջանկութիւնս բացատրել, ըսենք՝ շուէտին, նորվէկին կամ գերմանացիին. անոնք ու մենք տարբեր մոլորակներու մէջ կ՛ապրինք։
Անապատային հողմին փէշերը կրկին հասած Հալէպ՝ նարնջագոյն ներկած են երկինքը, քամին հողը կը լեցնէ աչքերս ու բերանս, գետնի աղբերը վեր հանելով՝ կը փաթթէ ոտքերուս, թնդանօթի զարկերը կը ճարճատեն ականջիս տակ, բայց ոչինչ կը մթագնէ երջանկութիւնս. կը քալեմ ազա՜տ, անկաշկա՜նդ։
…Մինչդեռ բարեկամուհիս ոչ մէկ կերպ ուզեց ընդունիլ նման երջանկութիւնը, յուսահատ կու լար ու երեսս կը դիտէր, կարծելով թէ ցնդեր եմ…
Մինչեւ օրս ալ կը պտտիմ երջանիկ, բայց մարդիկ ժպիտս զարմանքով կ՛ընդունին. միթէ իրաւունք չէ՞ երջանիկ ըլլալ…