Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Պանդուխտ Երգերուն Կարօտը

$
0
0

Մէկ-մէկ կը պատահի, որ երգը կամ գիրը, մարդու մը պէս, ինքզինք պանդուխտ զգայ իր ծնած ու ապրած հողին վրայ ու ձգտի դէպի իր «չծնած հայրենիքի» լեզուին, ոճին, վարք ու բարքին, կարօտի անդիմադրելի ձգտումով մը:
Թէեւ այդ հոգեվիճակին մէջ անգամ երգը կամ գիրը դարձեալ պիտի շարունակեն պատկերել իր իսկական հայրենիքը, անոր անցուդարձերը, իրաւ կամ շինծու մարդիկը, բայց «չծնած հայրենիքին» լեզուաոճով, անոր խօսքերով եւ առոգանութեամբ:
Ոմանց համար խորթ կրնայ թուիլ Էսդուգեանի գրելաոճը, արեւելահայերէնի հակումը, պիտի փորձեն խրատել, նոյնիսկ կամացուկ կշտամբել աւանդական գրական ոճէն զարտուղելու պատճառաւ, բայց «ինչ արած»՝ Բագրատը այս է, այսպէս ալ պիտի ընդունուի ու կարդացուի «Պանդուխտ Երգեր» հաւաքածոն:
Նաեւ սրտի թեթեւ կսկիծով պիտի յիշենք, որ Էսդուգեանի նախապէս պոլսահայ մամուլի, վերջին տարիներուն ալ «Ակօս»ի մէջ տպուած պատմուածքները մայրենիով լոյս կը տեսնեն միայն այն ատեն, երբ արդէն սպառած է թրքերէն թարգմանութեան երկրորդ տպագրութիւնը, այն ալ՝ ծախու առնուելով, այլ ո՛չ թէ բաժնուելով կամ ձօնուելով:
Վերջերս «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց Բագրատ Էսդուգեանի «Պանդուխտ Երգեր» խորագրեալ հայերէն պատմուածքներու առաջին հատորը՝ մեկենասութեամբ Սայաթ Նովա երգչախումբի: Կողքին պատրաստութիւնը կատարած է արուեստագէտ Արէտ Կըճըր՝ զարդարուած Արա Կիզէրի խօսուն մէկ լուսանկարով: Գիրքը կը բաղկանայ 138 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 14 պատուածքներ, որոնք գրի առնուած են 4էն մինչեւ 17 էջի սահմաններուն մէջ:
Հեղինակը երեւոյթները մեկնաբանելու կարողութեամբ եւ նիւթերու բազմազանութեամբ, վարպետութեամբ ու հասունութեամբ իր պատուածքներուն ընդմէջէն շրջապտոյտ մը կ՛ընէ Պոլիսէն դէպի Նիւ Եորք, Երեւան, Մոսկուա, Սպանիա, ուր պարզ ու յստակ ոճով, հարազատութեամբ եւ հետաքրքրական պատկերներով կը ներկայացնէ մարդկային ապրումներն ու բարդ իրավիճակը՝ ընթերցողին հետ յառաջացնելով յուզումնախառն ցնցումներ: Ան հերոսներուն ապրած կեանքով ու կարօտով կու տայ իր խոհերն ու մտայնութիւնները, իր տեսադաշտին վրայ ունենալով հայ կեանքը, հայ մարդուն ճակատագիրը ընդհանրապէս:
Պէտք է ըսել, որ ներկայ հրատարակութեամբ Էսդուգեան կը ներկայացնէ այնպիսի տիպարներ, որոնք թէեւ սովորական անձեր են, սակայն ունին իրենց ներաշխարհը, տագնապները, ապրումներն ու երազանքը:
Ահա անոնցմէ են առաջին երեք պատմուածքները՝ «Պանդուխտ երգեր», «Պանդուխտի, անտունիի եւ այլոց մասին» եւ «Ուր կաս հոն կաց»ը, որոնք ինքնին արդէն տպաւորիչ ապրումներով կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդի ողբերգական պատմութիւնը:

«ԱԿՕՍ»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles