Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Աման, Որ Ամբողջ Կայսրութիւն Մը Լափեց»

$
0
0

Armenian_alphabet_002

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

1878 թուականն է: Խրիմեան Հայրիկ նոր վերադարձած է Պերլինի վեհաժողովէն ու կու տայ ազդեցիկ մէկ քարոզ, որ պիտի յիշուէր որպէս «Հերիսայի Կաթսան եւ Երկաթէ Շերեփը»: Հոն, վեհաժողովի մեծ սրահի սեղանին վրայ Հայրիկ կը տեսնէ կաթսայ մը: Հայրիկի պատմութեան մէջ կաթսան այնքան մեծ է, որ յաջողեր է պարունակել ամբողջ կայսրութիւն մը՝ Օսմանեան կայսրութիւնը. «Վեհաժողովին մէջտեղը, կանանչ սփռոցով ծածկուած սեղանի մը վրայ, դրուած էր մեծ կաթսայ մը խարիսայ, ուրկից բաժին պիտի ստանային աշխարհիս մեծ ու փոքր ազգերն ու տէրութիւնը»:
Այսպէս, պատգամաւորներ սուրերով կ՛առնեն իրենց բաժինը: Ապա կու գայ կարգը հայոց պատգամաւորին. «Ես մօտեցայ եւ Ազգային ժողովին կողմէ ձեռքս տրուած աղերսաթուղթը ներկայացուցի եւ աղաչեցի որ իմ ամանս ալ լնուն հարիսայ… Է՛հ, սիրելի ժողովուրդ հայոց, ես կրնայի՞ հարիսայի կաթսային մէջ խոթել իմ թուղթէ շերեփը, որ պիտի թրջուէր եւ հոն մնար: Հոն, ուր զէնքն է խօսողը, ուր սուրերը կը շողշողան, հոն ի՞նչ գործ ունին խնդիրք եւ աղերսաթուղթեր»:
Այս քարոզին վրայ կատարուած են քաղաքական անթիւ վերլուծումներ: Բայց կը կասկածինք, թէ անոր բառերուն, մասնաւորապէս «կաթսայ» բառին վրայ կատարուած ըլլայ ստուգաբանական ուսումնասիրութիւն:
Ասորերէն փոխառութիւն է «կաթսայ» բառը, բունը՝ qadsa: Այս ձեւն ալ ծագած է յունարէն «քադօս» բառէն:
Իր կեանքի սկզբնական շրջանին կաթսան 32 լիթր պարունակութեամբ չափ էր եւ կը ծառայէր ջուր կամ գինի փոխադրելու: Հռովմէացիներու մօտ դարձաւ cadus, որ հաւասար էր մէկ հռովմէական խորանարդ ոտքի: Անոր մէկ ութերորդը (լատ. congius) պաշտօնեաներու կողմէ ժողովուրդին բաժնուող ձէթին եւ գինիին չափն էր:
Անոնք, որոնք կը յիշեն թիւ 106 յօդուածը «Ալ քատրազ» պիտի յիշէն նաեւ, թէ 8րդ դարուն բառին արաբերէն ձեւը, al-qadus, մտաւ սպաներէն եւ դարձաւ alcatruz: Եւ այդ բառն է որ 16րդ դարուն սպանական առագաստանաւերով հասաւ Նոր Աշխարհի արեւմտեան ափերը եւ ծնունդ տուաւ alabatros թռչունի անունին, ինչպէս նաեւ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքին մօտ, աշխարհահռչակ Alcatraz բանտին:
Մինչ Հայաստանի մէջ կաթսան ունեցաւ, եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ ունենալ բոլորովին տարբեր պարունակութիւն. հերիսայ: Նախ յիշենք հեռացող անցեալէն դրուագ մը, զոր հաղորդած է «Ազատ Օր» թերթը 27 Յունիս 1962 թուականին. «Կեսարիայէն կը գրեն. «Քաղաքիս Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան 103րդ տարեդարձին առթիւ, փառաւոր հանդիսութիւններ տեղի ունեցան… Երեք կաթսայ միսով եղինձ բաժնուեցաւ ժողովուրդին եւ մէկ կաթսայ ալ Կեսարիոյ աղքատ բանտարկեալներուն ղրկուեցաւ»:
Իսկ Սեպտեմբեր 22, 2010 թուականին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, «Մուսա լեռ» հայրենակցական միութեան նախագահ Պերճ Ղազարեան կը յայտարարէր. «Այս տարի լրացաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 95ամեակը: …Պատրաստուեց 95 կաթսայ «հարիսայ», իսկ 100ամեակին նախատեսում ենք՝ 100 կաթսայ»:
32 լիտր… մէկ խորանարդ ոտք… քիչ մը ջուր… քիչ մը գինի… քիչ մը եղինձ եւ քիչ մըն ալ ոչխարի միս… Պատմութեան մէջ ի՛նչ ալ եղած ըլլայ կաթսային չափն ու պարունակութիւնը, ոչ մէկը հասած է Խրիմեան Հայրիկին երեւակայութեան…
Ամբողջ մէկ կայսրութիւն: Բայց, ըստ երեւոյթին, միայն ի՛նքն է որ չէ օգտուած անոր պարունակութենէն. Հայրիկ իր քարոզի վերջաւորութեան կ՛ըսէ. «… Ինձ հարցուցին. «Ո՞ւր է քո երկաթեայ շերեփը, յիրաւի հոս խարիսայ կը բաժնուի, բայց երկաթեայ շերեփ չունեցողն չէ կարող անոր մօտենալ, զայս իմացի՛ր… Է՛հ, սիրելի ժողովուրդ հայոց, ես կրնայի՞ խարիսայի կաթսային մէջ խոթել իմ թուղթէ շերեփը, որ պիտի թրջուէր եւ հոն մնար: Հոն, ուր զէնքն է խօսողը, ուր սուրերը կը շողշողան, հոն ի՞նչ
գործ ունին խնդիրք եւ աղերսաթուղթեր»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles