ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կեանքի առօրեայ մտահոգութիւնները՝ ապրուստ, ապահովութեան համար ի պահ դրուած գումար, զաւակներու կրթութիւն եւ բարձրագոյն ուսում, ամուր հիմերու վրայ դրուած աշխատանք, արկածի դէմ, ինչպէս նաեւ կեանքի ապահովագրութիւն, եւ բազմաթիւ այլ մտահոգութիւններ պատճառ կը հանդիսանան, որ մարդ արարածը նիւթական աշխարհին մէջ խոր արմատներ նետէ:
Մարդկային հոգին, որ ինքնին խաղաղաբուխ է ու հանգիստ, կը վրդովի մերթ անսպասելի ալեկոծումներու դիմաց, որոնք կեանքի ծովուն բացերը թէ եզերքին կրնան հանդիպիլ մարդուն: Հարստութիւնը այդ հանգիստը խանգարող երեւոյթներէն մէկն է, որքան ալ հակառակը պնդողներ ըլլան համեստ խաւերուն մէջէն: Որովհետեւ շատե՜ր նիւթական առատութիւնը շատ մը խնդիրներու լուծումը կը նկատեն: Սակայն, գործնապէս բոլորն ալ գիտեն, եթէ դեռ չեն գիտեր՝ պիտի իմանան անպայման, թէ այդ առատութիւնն իսկ կրնայ դժբախտութիւններու պատճառ հանդիսանալ:
Փորձառութիւնները այս մասին շատ պատգամներ փոխանցած են մարդկութեան, առանց սակայն կարենալ համոզելու մեծամասնութիւնը իրենց ունկնդիրներուն: Առաւելագոյն պարագային, անոնց պատգամները հաճելի երաժշտութեան մը նման ունկնդրուած են հանրութեան կողմէ, եւ ձայնասփիւռի ալիքէն սփռուող երգին նման միջոցին մէջ կորսուած, մարդոց մէկ ականջէն մտնելով ու միւսէն դուրս գալով: Ոմանք մեր երկու ականջ ունենալը բախտաւորութիւն կը համարեն, որպէս մեր լսած վատ բաները մոռնալու սքանչելի միջոց: Սակայն, միւս կողմէ ալ լաւ բաները մեր յիշողութեան մէջ չպահելու պատճառ կը դառնայ զոյգ ականջ ունենալու առաւելութիւնը, երբ մէկ ականջով լսած մեր բարի խրատները, միւսէն արտաբերելու ունակութիւնը կը որդեգրենք շուտով:
Մարդկային փորձառութիւններուն մեծ մասը առնչուած է նիւթին, որովհետեւ նիւթեղէն աշխարհին մէջ կ՛ապրինք: Աննիւթեղէն, ոգեղէն ու երկնային իրականութիւններու մասին փորձառութիւնները, շատ յատուկ մարդոց կը պատկանին: Անոնք արդէն սրբութեամբ վկայուած կամ իրենց առաքինութիւններով ճանչցուած անձեր են, ու եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած է անոնց խօսքին ու վարքին արժէքը: Միշտ պէտք է զգոյշ ըլլալ անշուշտ նման փորձառութիւններու կեղծորակ տեսակներէն, որոնց թիւը սկսեր է բազմանալու ներկայ հոգեւոր կեանքին մէջ:
Նիւթեղէնին առնչուած փորձառութիւնները, կեանքի ու մահուան անցքի վրայ գտնուող մարդկութեան ուղղուած զգուշացումներ են ընդհանրապէս: Ունեցածով բաւարարուելու, աւելին չպահանջելու, մեր հետ դէպի հանդերձեալ կեանք ոչինչ տանիլ չկարենալու, պարապ ձեռքով աշխարհ եկած ըլլալու եւ պարապ ձեռքով ալ այս աշխարհէն մեկնելու, ինչպէս նաեւ նման խորհրդածական նիւթերով խրատական պատգամներ են այդ փորձառութիւնները: Ոմանք ինքնադաստիարակութեան լաւ միջոցներ գտած են իրենք իրենց համար: Այսպէս, իր մօր խրատները ականջին օղ ըրած անձ մը, որ շատոնց կորսնցուցած էր իր մայրը, կ՛ըսէր, թէ ամէն անգամ երբ նիւթեղէն գործառնութեան մը պարագային ստանար հարուածներ, որոնք սիրտին համար կորուստներ կը համարուէին, կը մտաբերէր մայրը, որ ինքնաբաւ ու համեստ կեանքով ապրելով, գոհունակ սիրտով մեկնած էր այս աշխարհէն: Սա ինքնամխիթարութեան ուսանելի կերպ մըն է, որովհետեւ բոլորս ալ նոյն ճամբուն ճամբորդները պիտի դառնանք ուշ կամ կանուխ:
Մեր կեանքին ընթացքին կը հանդիպինք ծայրայեղականներու, որոնք ամէն ինչէ հրաժարելով, իրենց անձը կ՛ընծայաբերեն այս կամ այն նուիրական նպատակին: Սա փիլիսոփայական կեանքի տեսակ մըն է, որուն համաձայն կարելի է կեանքի վախճանը եւ ամէն ինչի աւարտը ապրիլ, նոյնինքն այս կեանքին մէջ եղած ժամանակաշրջանին: Արհամարհել նիւթը, անտեսել բոլոր այն նիւթեղէնները, որոնց արժէք կու տայ մարդկութիւնը, ինչպէս՝ ոսկի, արծաթ, ադամանդ, դրամ եւ այլն, եւ անոնց փոխարէն աննիւթեղէն ու երեւակայական արժէքներ դաւանիլ:
Նման մտածողութեամբ մարդիկ, որոնց տեսակը բոլոր կրօններու հետեւորդներու շարքերուն մէջ ալ կարելի է գտնել, իրենց ապրած օրերուն ընթացքին նուազագոյնի կ՛իջեցնեն իրենց առօրեայ կարիքները: Երբեմն անոնց մէջ կը գտնուին այնպիսի անձեր, որոնք օրական մէկ անգամ կը ճաշեն, առաւելագոյն չափով համապատասխան ըլլալու համար իրենց նուազուրդի սկզբունքին: Ասոնց տուներուն մէջ ճոխութեան չենք հանդիպիր, ո՛չ ալ աւելորդ առարկաներու կամ կահոյքի: Ամէն ինչ չափուած ու ձեւուած եւ գործածական պէտք է ըլլայ, որպէսզի նման անձերու տան մէջ տեղ գրաւէ: Երբեմն հին ապրանքներ սիրող ու հնութիւնները պահպանող անձեր, սերունդէ սերունդ կը պահպանեն կահ կարասիներ, նոյնիսկ եթէ փտելու սկսած ըլլան: Մինչ վերոյիշեալ մտածողութեամբ անձեր իրենց տունէն դուրս կը շպրտեն այն, ինչ որ հին է, նոյնիսկ եթէ մեծարժէք ըլլայ տուեալ իրը, որովհետեւ զանիկա պահելը ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի իրենց համար:
Կեանքի կարիքները նուազագոյնի իջեցնող այս մարդոց ամէնէն ծայրայեղականներն ու յոռետեսները կ՛ըսեն, թէ մարդ միայն պատանքի մը պէտք պիտի ունենայ, իր թաղման ընթացքին պատանքուելու համար: Չափազանցութեան սահմանները վաղուց անցած այս միամիտները չեն գիտեր անշուշտ, թէ կեանքը, սպասուածէն աւելի՛ թիւով անակնկալներ վերապահած կրնայ ըլլալ իրենց համար:
Մահը, որուն խորհուրդին դիմաց ծունկի կու գայ ամէն մարդ, տարբեր ձեւերով ու տեսակներով կը յայտնուի մարդկային կեանքին մէջ: Մէկուն մահը կը կոչենք բնական, միւսը՝ արկածահար, երրորդը՝ հիւանդութեան հետեւանքով, եւ այսպէս շարունակաբար կարելի է շարքը երկարել, նոյնիսկ ամէն մէկ մարդուն համար իւրայատուկ մահ մը պատկերացնելով:
Մահուան այդ տեսակներէն մէկն ալ ծովու ջուրերուն մէջ խեղդամահ ըլլալն է: Շատե՜ր ցարդ կուլ տրուած են անոր կապոյտ մակերեսին տակը, երբեմն անյայտ կորսուելով ընդծովեայ ձորերու եւ անհասանելի խորխորատներու մէջ: Եթէ կային անոնց մէջ մարդիկ, որոնք միայն իրենց պատանքին հաշիւը ըրած էին, կրցա՞ն արդեօք պատանքուիլ… Ուրեմն, Աստուծոյ քեզի պարգեւած կեանքին իւրաքանչիւր օրը արժեւորելով, ապրի՛ր բնական կեանքդ, եւ եթէ վաղուան մասին մտահոգութիւններդ նուազագոյնի կ՛ուզես իջեցնել, պատանքիդ համար ալ մի՛ մտահոգուիր, որովհետեւ թերեւս կարիք չունենաս ատոր…