Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Մահը Մահախոց Ընելու Միջոցը

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
ChurchՄահը պարտութեան մատնելու բազմաթիւ միջոցներու դիմած է ցարդ մարդկութիւնը, սակայն միշտ ալ ամօթահար պարտութեամբ դուրս եկած այս առեղծուածային խաղէն, որովհետեւ մահուան երեւոյթը նկատած է անյաղթելի, անխոցելի, անխուսափելի եւ անժխտելի:
Քրիստոնէական կրօնքն է միայն, որ կրցած է խորապէս համոզել մարդկային հոգին, թէ Քրիստոսի յարութեան յոյսով մահը պարտութեան մատնուած կ՛ըլլայ: Սա կրօնքի եւ հաւատքի դիտանկիւնէն տեսնուած պարտութիւնն է մահուան, որ անշուշտ գերակշիռ արժէք ունի այս եւ միւս աշխարհներուն համար: Սակայն, այս աշխարհի մէջ, հաւատացեալ թէ անհաւատ, կրօնասէր կամ հակակրօն մարդուն ակնոցով, պէտք է նաեւ միջոց մը գտնուի մահը սպաննելու կամ գէթ զգետնելով՝ պարտութեան մատնելու:
Յաղթանակները միայն սպանութիւններով չեն աւարտիր: Անոնցմէ ոմանց պարագային թշնամիին շղթայակապ գերեվարութիւնը, ցմահ բանտարկութիւնը կամ առնուազն ծունկի գալն ու պաղատիլը բաւարար կը նկատուին յաղթողին ձեռքը վեր բարձրացնելու եւ յաղթանակը տօնելու համար: Բայց մարդիկ ընդհանրապէս այնքանով բաւարարուողը չեն: Անոնք միշտ իրենց հակառակորդին մահը կը ցանկան: Նոյնիսկ եթէ մա՛հն ալ ըլլայ իրենց հակառակորդը, ան ալ պէտք է «մահանայ», որպէսզի խորապէս բաւարարուած զգան ու ամբողջական յաղթանակը ապահոված: Իսկ մինչեւ այսօր, Յիսուսէն բացի ոեւէ մէկը կրցա՞ծ է մահը «սպաննել», այս բառին ամէնէն վաւերական իմաստով: Զանիկա յաւիտենապէս սպաննելու իմաստով՝ ո՛չ: Ո՛չ ոք կրցած է ցարդ մահուան վրայ տանիլ այն յաղթանակը, զոր Քրիստոս տարաւ: Սակայն, ոչ գեր-մարդկային կարողութիւններով, այլ պարզ՝ մարդկային մակարդակի վրայ եւս կարելի է մահը խոցոտել, այսինքն՝ մահախոց ընել: Ահա այս գրութիւնը ա՛յդ մասին է:
Կեանքը թարմ ու աւշալի պահելու համար ամէն օր նորութեանց կարիքը ունի մարդ: Չենք զարմանար, երբ տեսնենք ամէն օր փողոցները չափագրող մարդիկ, որոնց երբ հարցնենք, թէ ինչո՞ւ դուրսն էք, մեզի պատասխանեն. «Ըսինք, մէյ մը դուրս ելլենք, նայինք՝ ի՞նչ կայ չկայ»:
Այս պատասխանին մէջ, յստակ է, որ այդ մարդոց փնտռածը օրուան նորութիւններն են: Նոյն նպատակով չէ՞ որ յատկապէս տարեց մարդիկ օրաթերթը ձեռք առնելնուն պէս, հապճեպով վերնագիրները կը կարդան, իրազեկ դառնալու օրուան նորութիւններուն: Ոմանք ալ հետաքրքրական փութկոտութեամբ, օրուան նորութիւնները փոխանցելու պարտականութիւն կը ստանձնեն, օրաթերթի խմբագրութեան անվճար պաշտօնեաները եւ թերթի բանաւոր խօսքի ձրի ցրուիչները համարելով իրենց կամաւոր անձը:
Տիեզերքի գոյառումը Աստուծոյ ձեռամբ, «ոչին»չին վրայ տարուած մեծագոյն յաղթանակն է անհուն անջրպետի անժամանակ պատմութեան: Այս օրինակը համայն մարդկութեան տրուած լաւագոյն օրինակն է, աշխատանքով անաշխատութիւնը նուաճելու: Անաշխատութիւնը պարտուած պիտի ըլլայ, եթէ աշխատանքով անոր դիմագիծը փոխուի եւ անոր տրուի «գեղեցիկ դիմագիծ», որովհետեւ աշխատութիւնը միշտ դրական իմաստով օգտագործուող բառ է:
Տիեզերքի գոյառման համար գործածուած աստուածաշնչական բառը՝ «ստեղծագործութիւն»ն է: Այս բառը, սակայն, աշխարհի ստեղծումէն բացի այլ նիւթերու համար ալ օգտագործելի է, յատկապէս՝ արուեստներու աշխարհին մէջ: Այսպէս, նկարիչի մը կամ քանդակագործի մը, նոյնիսկ երաժիշտի մը կամ կիրառական արուեստի առարկաներ պատրաստողի մը գործերուն համար, շատ սովորական դարձած է «ստեղծագործութիւն» բառին գործածութիւնը մեր լեզուին մէջ: Նոյն բառը նաեւ կարելի է գործածել գրական՝ թատերական, բանաստեղծական, արձակ եւ այլ սեռի կտորներ արտադրող հեղինակներու գործերուն համար իբրեւ ածական:
Մահկանացու էակներ ըլլալով, ստեղծագործող այս արուեստագէտներն ալ օր մը «հողին պիտի դառնան», ինչպէս անոնցմէ շատեր «դարձեր են» արդէն: Սակայն, անոնցմէ վաւերականները իրենց գործերով արդէն անմահացած կը նկատուին, որովհետեւ սերունդէ սերունդ կը ներկայացուին անոնց ստեղծագործութիւնները, հիացում պատճառելով դիտողին, կարդացողին, լսողին ու վայելողին:
Որոշ արուեստագէտներու կարծիքով, ստեղծագործելու համար անհրաժեշտ է տրամադրուածութիւն, մթնոլորտ եւ յարմար վայր: Ոմանք անյարմար նկատելով վայրը, թերեւս լսուող տճահ երաժշտութիւն մը կամ նոյնիսկ անհաճոյ անձնաւորութեան մը ներկայութիւնը, «կը խանգարուիմ» ըսելով, կը հրաժարին ստեղծագործելէ այդ պահուն եւ աշխատանքը կը թողուն ուրիշ առիթի մը:
Աստուածաշունչը կը պատմէ, թէ Աստուած վեց օրուան ընթացքին ստեղծեց աշխարհը: Սա մեծագոյն ուժին կատարած ստեղծագործութիւնն էր: Իսկ մե՞նք… քա՛ւ լիցի որ մեր ստեղծագործութիւնները սահմանափակենք վեց կամ աւելի նուազ օրերու մէջ եւ յայտարարենք, թէ մեր գործը աւարտած ենք՝… Ոեւէ անձ, որուն ի վերուստ տրուած է շնորհքը ստեղծագործելու արուեստի որեւէ բնագաւառէ ներս, մի՛շտ պէտք է ստեղծագործէ: Յարատեւ այս ստեղծագործութիւնը ունի ներուժը՝ մահը խոցոտելու, մահը մահախոց ընելու եւ ի վերջոյ սպաննելու զայն: Ահա գաղտնիքը անմահութեան: Այլապէս թիւով այնքան քիչ օրերու վրայ տարածուած մարդկային կեանքը, որուն սկիզբն ու վախճանը երբեմն մէկ կը թուի, մահէն պարտուած իրականութիւն մը պիտի համարուի: Մահը ամենատարած ուժերով իր սեւ ամպը պիտի ձգէ մարդկային կեանքին վրայ ու յաղթանակ տարած ըլլալու հպարտութեամբ պիտի քրքջայ եւ անցնի մեծ ու փոքր դագաղներու քովէն…
Ամէն օր ստեղծագործելուն մէջ է մահը պարտութեան մատնելու հզօր ուժը: Որոշ ժամանակ հանգիստի համար կանգ առնելը պզտիկ թերութիւն մը կը նկատուի յաճախ, սակայն չի՛ դադրիր մեծ ըլլալէ՝ իր հետեւանքներով: Որովհետեւ թերեւս այդ հանգիստի պահուն մարդուն միտքին մէջ ծնին այնպիսի մտածումներ, որոնք մեծագին գումարներով կարելի չըլլար գնել գոհարավաճառներու թանկարժէք շուկային մէջ:
Մահուան կնճռոտ երեսին զարնուած ահեղագոռ ապտակ է՝ յարատեւ ստեղծագործութեան նուիրուիլը: Հաւանաբար մահուան մասին մտածելու առիթն ալ մոռացութեան մատնող «զբաղում» մըն է ստեղծագործութիւնը ինքնին, որուն ներփակած խորագոյն զգացումը, «Աստուծոյ նման արարել»ուն երջանիկ ապրումն է:
Ստեղծագործութիւն մը աւարտելէ ետք արուեստագէտը կրնայ իրաւամբ ըսել.
_ Մա՛հ, ինչի՞ մէջ կը կայանայ քու յաղթանակը:
Երջանիկ պէտք է զգայ ան, որ ամէն օր ժամանակ կը տրամադրէ ստեղծագործելու, որովհետեւ անիկա գտած է մահը մահախոց ընելու միջոցը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles