Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԳՐԱԿԱՆ- Անցման Եղանակ Տիգրանին

$
0
0

Յարութիւն Պէրպէրեան

SAN PEDRO- TERMINAL ISLAND
Երկու փելիգան հանդարտ կ՛իջնէին՝ ջուրերուն վրայ:
ովկիանի եզրին, մենք շարքի կանգնած
մետաղացանցէ դարպասին դիմաց,
լուռ կը սպասէինք ներս ընդունուելու:
Սեւ ոստիկան մը մեզ երկար քննեց
եւ ինչ-որ դեղին հեղուկով կնքեց՝
ձախ ձեռքին վրայ:

Այդ անհաղորդ ու անժպիտ
պատերուն մէջ հանդիպեցանք:
Մենք գիտէինք
չէին կրնար մեզ անջատել՝
ո՛չ տարածութիւն կամ բանտարկութիւն
եւ ոչ՝ ժամանակ:
Յաւերժական ովկիանոսի ճիշդ եզրին,
մոլուցքով մը անհեթեթ ու ահաբեկ,
կը փորձէին երազներդ յափշտակել,
այնտեղ՝ նաեւ,
ժողովուրդիդ երազները՝ մաքառումի…
Ներսը՝ մարդիկ, ընդհանրապէս,
թմրեցուցիչի
մաքսանենգութեամբ արգելափակուած,
արուեստական դրախտներու
ջուրերուն մէջ կը ծփային:
Իրենց համար՝ կ՛երեւի թէ
տեսիլդ ալ,
այդ հաշիշի վաճառումին – գործածութեան
մոլիներու երազին պէս
բան մըն էր լոկ – ուրիշ ոչինչ…

Ուխտագնացութեան մը այնքան նման
ճամբորդութիւնս՝
այստեղ կը յանգէր յստակ կայանի:
Կտրած էի ցամաքամաս, խորունկ ծովեր,
գիտնալով թէ ի՛նչ պիտի գտնէի:
Սաւառնակի պատուհանէն
հետեւած էի ամպերու հօտին՝
բարձունքներու եւ սարահարթերու
վրայ տարածուող,
տեսած էի
երկինքներու մէջ աքսորուած
ամպէ հրէշներ,
որոնք մարտեր կը մղէին,
կը քայքայուէին, կը կազմուէին՝
ներաշխարհիս պէս՝
Եւ ես գիտէի,
տարագրուած եմ
այդ աներկրային հրէշներուն պէս՝
տարբեր երկինքներ…

Երկու փելիգան եւ ճայ մը ճախրող —
Տարօրինակ չէ՞ր ովկիանի եզրին…
Սերունդի մը փնտռտուքին, ինքնորոշման,
պայքարը ամբողջ կարծես կը դատուէր —
ներսէն ու դուրսէն
մատներ այլազան՝
զգայուն ջիղեր կը գրգռէին,
ցանելով չորսդին կասկածի սերմեր…

Ծառացումի եւ երկնումի աշխարհը ողջ,
հասակ առած՝
Արեւելքի հնադարեան փողոցներէն
մինչեւ երկիրը երկնաքերերու,
իբր անիրական կամ տարաշխարհիկ
ապրանք կը դիտուէր:
Պատերազմի եւ
անվերջանալի սպասումներու
սերունդ մը ըմբոստ,
գուցէ իր կեանքը լիցքաւորելու
կիրքով առլցուն,
գուցէ անծանօթ
եւ կամ գիտակից կանչերէ մղուած,
պատռած էր ծանօթ
դիմանկարը վաճառականի
ու խելօք մարդու,
իրեն պարտադրուած ճակատագիրէն՝
տարբեր ուղի մը գտնելու ելած…
Մինչդեռ անդին՝
վաճառորդը Նիւ Ճըրզիի,
գործնապաշտ ու արդիւնաւէտ
բժիշկին կամ փաստաբանին հետ՝
ջերմ պիտի խօսէր
հայ ժողովուրդին ճակատագրուած
խաղաղապա՜շտ դերին մասին՝
պատմութեան մէջ…

Իսկ մենք երկուքով աքսորուած էինք:
Ամբոխ մը ցրուած՝
գիտէր թէ տեղ մը քաջամարտիկներ պէտք էր ըլլային,
նաեւ՝ մարդիկ գրիչի,
որոնք սակայն հասկնալի, ընդունելի
բաներ պէտք էր ըսէին իրենց,
կամ արարքներով
մնային կարմիր գիծերէն ասդին…

Մինչդեռ անդին…
Ինչպէս որ բեռներ փոխադրած էին
հայրերը իրենց՝
ջուրերն ի վար Եփրատի,
նոյն եռանդով, որդիներն հիմա,
առեւտրական նոր մայրուղիներ
եւ նոր հնարքներ կը փնտռէին…
Եւ այդ ճարպիկ ու յարմարող
ցեղը մարդոց՝ պիտի յաջողէր
Ամսթերտամի, Կալկաթայի մէջ,
պիտի հասնէր մինչեւ Լեհաստան
եւ այլ ոստաններ,
եւ բեմերու ճկուն, հմայող
աճպարարին պէս՝
անհետ կորսուէր…

Իսկ ես հարց կու տամ՝
ի՞նչ պատահեցաւ Բարձրաւանդակի
ձիաբուծութեան ագարակներուն,
ուր նժոյգներ ժայռ ու հողը կը դոփէին,
եւ սեւահեր պատանիներ
կը մեծնային խրխինջին մէջ
շառատներու, աշխէտներու…
Կը թուի թէ
երբ ձիերը աւարուելով անհետացան՝
ժառանգութիւն մը հոն կորսուեցաւ…

Հիմա հանդարտ կը զրուցենք…
հարցականներ կան,
որոնց միմիայն սերունդ մը կրնայ
պատասխան բերել —
Պէ՞տք է արդեօք,
աշխարհի ճակտին շանթեր արձակող,
արգելափակուած տղաքը ըմբոստ‘
սֆինքսի նման մնան լռակեաց,
կամ՝ այն միւսները, որոնք պարզապէս
սղաճի մասին գաղափար չունին՝
մնան իրենց թուղթերուն հետ…
Թոյլ տալով որ դիւանակալներ,
բժիշկներ կամ վաճառականներ՝
խօսին անուամբ ժողովուրդին…

Երկու փելիգան եւ ճայ մը ճախրող՝
ովկիանի եզրին:
Մինչ դուրս կու գայի արգելարանէն,
մետաղացանցի կողքին քալելով,
դուն կը մնայիր ճաղերու ետին —
Տարածութիւն մը, հոն, մեր միջեւ
լռութեան հետ կ՛աճէր՝ բրտօրէն

եւ մենք ականուած խօսքեր ունէինք
հասցէներով տարբեր, մէկին…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles