(Բայց Զուգադիպութիւնը Սովորական Կրնա՞յ Ըլլալ)
ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Այսօր գրադարանիս գիրքերը կը շոյէի. մատներս կ՛անցընէի քով-քովի շարուած, հաստ ու բարակ, շարքէն դուրս ցցուող կամ անոր մէջ ընկողմացած, մոխրագոյն, կարմրաւուն, ձիթագոյն, ճերմակ գիրքերուս վրայէն: Երկվայրկեան մը զանոնք նմանցուցի պարտաճանաչ եւ զգաստ զինուորներու, հպարտ ու շիտակ կանգնած, պատրաստ՝ ձեռքերուս մէջ բացուելու եւ աչքերուս բառ ու պատկեր ղրկելու: Յաջորդ երկվայրկեանին դադրած էին զինուոր ըլլալէ ու կը նմանէին տարիներու բեռին տակ կքած խեղճ կիներու ու մարդոց: Ո՞վ պիտի կարդար զիրենք. որո՞ւն հոգը, թէ ինչ գանձեր կը պարունակէին: Ընկճուած ու մտահոգ՝ կը դիտէին ինծի եւ հարց կու տային, թէ արդեօք այսօր իրենցմէ ո՞ր մէկուն վրայ պիտի յամենար մատս. ո՞ր մէկը դուրս պիտի հանուէր շարքէն եւ պատիւը ունենար ընթերցուելու կրկին:
«Անցման Եղանակ», Յարութիւն Պէրպէրեան: Տպուած՝ Մոնթրէալ, 1993ին: Մատս դուրս հանեց գիրքը:
Ոտքի՝ սկսայ վերակարդալ: Մոռցած էի, թէ որքան լա՛ւ կը գրէ Յարութիւն Պէրպէրեան: Զգայուն, իւրայատուկ ոճով ու պատկերներով բաբախուն իր բանաստեղծութիւնները բարակ օդանաւերու պէս եկան զարնուելու սիրտիս: Ա՛լ ոտքի մնալ կարելի չէր եւ բազկաթոռիս մէջ նստած, շունիկս ալ քովս՝ ճամբորդեցի Յ. Պ.ի գնացքներուն մէջ:
Գործը կը սկսի հոյակապ բանաստեղծութեամբ մը, որ կը կոչուի «Առաձգական»: Կրկէսի տեսարան մը կը բացուի ձեր դիմաց: Հտպիտներ, լարախաղացներ, ցլամարտիկներ ու պարուհիներ կը տողանցեն ու կը պատկերեն ԲԱՆ մը: Բանաստեղծը կարծես երազի մէջ ըլլայ.
«անդրադարձայ,
թէ շարունակ կը ճամբորդեմ
վայրի մը մէջ գերզգայուն,
ուր ամէն ինչ կարելի էր»։
Կը սկսի ինքն ալ առաձգական դառնալ եւ թռչիլ այս ու այն կողմ:
«իմ մարմինիս տէրն էի ես վերստին
արդէն միտքս կը նուաճէր
վայրի, խոպան սահմաններ-
ընձուղտի մը վիզն ի վար
կը սահէի»։
Գրողը այնքա՛ն ուժեղ կը զգայ ինքզինք, որ այն տպաւորութիւնը ունի թէ կրնայ՝
«առեւանգուած, սպաննուած ծանօթներու
յարութիւն տալ
եւ հազար հրաշք գործել…»։
«Առաձգականը», այսպէս դրուած գործին առաջին էջին վրայ, կը բացատրէ, թէ իրականութեան մէջ հտպիտները գալիք բանաստեղծութիւններն են (կամ անոնց շարժառիթները), թէ շնորհիւ իրենց, բանաստեղծը կրնայ յաղթահարել իր վախերն ու մտահոգութիւնները: Անկարելի է չմտածել Պոտլերի «Ալպաթրոս» բանաստեղծութեան մասին, ուր բանաստեղծը կը նմանի այն ծովային թռչունին, որուն թեւերը այնքա՛ն ծանր են, որ արգելք կ՛ըլլան յառաջխաղացքին, որուն շարժումները այնքա՛ն կոշտ են եւ անճարակ, որ ենթակայ կ՛ըլլան մարդոց ծաղրանքին: Պէրպէրեանի «Առաձգականը» կը խօսի բանաստեղծի մը մասին, որ ճի՛շդ հակառակն է Ալպաթրոսին ու կը թռի.
«Բայց հոն՝ տղաս, արդէն անվախ,
դալար մարմինը իր լարած,
լարերուն հետ կը սաւառնէր՝
ինձմէ անկախ…»։
Գրեթէ ամէն գրող կ՛ըսէ, թէ մէյ մը որ գործը գրուած, աւարտած է՝ ա՛լ իրեն չի պատկանիր: Կը դառնայ բոլորինը: Յարութիւն Պէրպէրեանի «Անցման Եղանակը» իրմէ անկախ՝ կը թռի պարանէ պարան, մի՛շտ դէպի վեր ու մեզ կը տանի մեր մանկութեան օրերուն, Լիբանանի պատերազմին, ծովուն ու նշենիի ծաղիկներուն:
«Լեռնային Կայան», «Ազատ Գօտի», «Փիւնիկեան Խլեակներ» կը յաջորդեն իրարու. մէկը միւսէն զօրաւոր, դիպուկ, ուղեղիս մէջ արուեստի գեղեցիկ պաստառներ ստեղծող:
Եւ յանկարծ, անակնկալ զուգադիպութիւնը, որուն կ՛ակնարկէ այս գրութեան վերնագիրը:
SAN PEDRO – TERMINAL ISLAND
Տիգրանին
Գիտէի, որ Տիգրան Պէրպէրեանը Յարութիւն Պէրպէրեանի եղբայրն էր. գիտէի, որ վերջերս մահացած էր, բայց անկեղծօրէն, միտքէս բոլորովին ելած էր այս բանաստեղծութիւնը. ան նուիրուած է Լոս Անճելըսի Հինգին անդամ՝ Տիգրան Պէրպէրեանին, որ ընկերներուն նման, եթէ ոչ աւելի, ճաշակեց բանտի դառն փորձառութիւնը եւ աքսորեալ զգաց անձնական ու հասարակական իր կեանքին մէջ, ատկէ ետք:
Զուգադիպութիւնը կը կայանայ մասնաւորաբար անոր մէջ, որ այս շաբաթ պիտի կատարուի Տիգրան Պէրպէրեանի հոգեհանգստեան պաշտօնը եւ չեմ գիտեր որո՞ւն տնօրինութեամբ այս կէսօրէ ետք մատս ընտրեց Յ. Պ.ի գիրքը, որո՞ւն տնօրինութեամբ ընթերցումս չխանգարուեցաւ եւ չընդհատուեցաւ, որպէսզի ես հասնիմ միչեւ Սան Փետրոյի բանտին մէջ կատարուած երկու եղբայրներու հանդիպումը պատմող բանաստեղծութեան.
«Մենք գիտէինք
չէին կրնար մեզ անջատել՝
ո՛չ տարածութիւն կամ բանտարկութիւն
եւ ոչ՝ ժամանակ:
Յաւերժական ովկիանոսի ճիշդ եզրին,
մոլուցքով մը անհեթեթ ու ահաբեկ,
կը փորձէին երազներդ յափշտակել,
այնտեղ՝ նաեւ,
ժողովուրդիդ երազները՝ մաքառումի…»։
Ու Պէրպէրեան կը պատմէ իր երկա՜ր ճամբորդութիւնը այլ ցամաքամասէ մը մինչեւ ա՛յս ցամաքամասը, իր հոգեկան խռովքը որպէս եղբայր ու որպէս հայ: Կը մտածէ այդ դէպքերուն ծնունդ տուած պատճառներուն մասին, շօշափելով դեռ մինչեւ այս օրս առկայ հարցեր՝ քաղքենիութիւն, ճարպիկ վաճառականութիւն, դիւանակալութիւն, ըմբոստութիւն, կարմիր գիծէն ասդին անցնելու վախ, հռետորութիւն, անարդարութիւն եւ մասամբ նորին… Կը յիշէ այդ սերունդին հայրերն ու մեծ հայրերը, որոնք, կար ժամանակ, Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ կը զբաղէին ձիաբուծութեամբ.
«Կը թուի թէ
երբ ձիերը աւարուելով անհետացան՝
ժառանգութիւն մը հոն կորսուեցաւ…»։
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի աւարտին, որքա՛ն տեղին կը հնչեն այս տողերը:
Միտքս ակամայ կ՛երթայ դէպի իմ շա՛տ սիրած հայաստանաբնակ գրագէտիս՝ Նորայր Ադալեանի «Սեւ Քառակուսի Կարմիր Անապատում» գործին: Հոն ալ ձի մը կայ: Եւ ի՜նչ ձի: Ամբողջ ժողովուրդի մը մաքառումները խորհրդանշող հրեղէ՛ն ձի: Հետաքրքրական է, որ Պէրպէրեանի նշած ձիերն ալ կարմիր գոյն ունին (շառատ եւ աշխէտ): Թերեւս ա՛յդ է, զոր պէտք չէ մոռնանք բոլորս՝ Սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի. բոլորս նո՛յնն ենք, նո՛յն ձիերէն սերած ենք ու հակառակ աւերին ու կորուստին, կրկին պիտի խրխնջանք ու ծառանանք անարդարութիւններու դէմ, ինչպէս ըրին շատ-շատեր:
«Անաւարտ Դիմանկար» բանաստեղծութեան մէջ Յարութիւն Պէրպէրեան կը յիշէ, թէ ինչպէս Պէյրութի մէջ՝
«Վաղ առաւօտէն՝
ճերմակ լաչակով կիներ կու գային
եւ մանուշակի
ցօղաթուրմ փունջեր կ՛առաջարկէին՝
մայթ-սրճարանի
կում-կում սուրճ խմող յաճախորդներուն»:
Հաւատալով, որ ո՛չ ժամանակ, ո՛չ հեռաւորութիւն եւ ոչ ալ մահ իրարմէ կը բաժնեն սիրելիներ կամ նոյն երազը ունեցող անհատներ, մանուշակի այդ աղուոր փունջերէն հատ մըն ալ ես կ՛առնեմ՝ Տիգրան Պէրպէրեանի յիշատակին: