ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կեանքի վախճանէն վախնալու երեւոյթը տարիք չի՛ ճանչնար: Ընդհանրապէս այն կարծիքը գերակշռող է, թէ տարեցները արդէն իսկ ապրած ըլլալով իրենց կեանքին մեծ մասը, միշտ պատրաստ կ՛ըլլան մահուան կոչին: Սակայն, երիտասարդներու մասին ալ այն կարծիքը տարածում գտած է, թէ անոնք ալ կեանքի արժէքին լաւ ծանօթութիւն չունենալով, վտանգի կ՛ենթարկեն իրենց անձը: Ուրիշ խօսքով իրենց աչքերուն մէջ մահուան երկիւղը չկայ: Իրենց խիզախ յաղթանակներուն պատճառով, երիտասարդ շա՜տ զինուորներ կը պարգեւատրուին կրծքամետալներով, իսկ անոնցմէ ոմանք ալ նոյն պատիւներուն կ՛արժանանան իրենց կեանքը զոհելէ ետք:
Միւս կողմէ, կրնամ վկայել, թէ հոգեվարքի մէջ եղող ծերունիներէն ոմանց մօտ ալ մահէն վախնալու զգացումին հանդիպած եմ, առանց կարենալ հաստատելու, թէ ինչի՞ վախ է այդ: Ոմանք կը բացատրեն այդ ընդհանրացած այն գաղափարով, թէ «կեանքը քաղցր է» եւ ո՛չ ոք կ՛ուզէ բաժնուիլ այս աշխարհէն, ի՛նչ տարիքի մէջ ալ գտնուի: Ուրիշներ այդ վախը կը բացատրեն այն գաղափարով, թէ ենթական իր ստացուածքէն կամ հարստութենէն չի՛ կրնար այդքան հեշտ բաժնուիլ: Իսկ աւելի խոր վերլուծողներ կը բացատրեն այդ վախի կացութիւնը այն գաղափարով, թէ մարդու սիրտին խորը անմահութեան ձգտումը ցանուած է նոյնինքն Արարիչին կողմէ, եւ մահուան սնարին մէջ պայքար մըն է, որ ծայր կ՛առնէ կեանքի եւ մահուան միջեւ, երբ, ի վերջոյ, կեանքը կը պարտուի, իսկ մահը իր նոր «ստեղծագործութիւն»ը կը կատարէ, ոգեղէն նոր վիճակ մը շնորհելով ենթակային:
Բոլոր կրօններն ալ կեանքի վախճանի եւ դէպի մահ երթալու «սկզբունք»ը կ՛ընդունին: Անշուշտ իւրաքանչիւրը իր ըմբռնած ձեւով կը մօտենայ այս խնդիրին, եւ ըստ այնմ ալ կը հիմնաւորէ իր տեսակէտը: Մահէն ետք բացուող կեանքի մասին ալ կրօններուն տեսակէտները կը տարբերին իրարմէ, միաստուածեան կրօններուն եւ միւս կրօններուն միջեւ հսկայական բացեր ստեղծելով: Հաւատալիքները, աւանդութիւնները, հինէն ժառանգուած նախապաշարումները եւ բերանացի աւանդուած փորձառութիւնները մեծ դերակատարութիւն եւ ազդեցութիւն ունին, մարդոց մահէն ունեցած վախի զգացողութեան վրայ:
Արթնութեան կոչերուն ամէնէն ազդու օրինակները քրիստոնէական կրօնքին միջոցաւ տրուած են մարդկութեան: Օրինակ, Յիսուսի ուսուցումներուն մէջ Աղքատ Ղազարոսին առակը, մահէն ետք սկսող կեանքի մասին տրուած ամէնէն յստակ օրինակն է: Թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մարդոց վիճակը մահէն ետք, մեզի օրինակով կը տրուի այնտեղ: Եթէ առակին մէջ օգտագործուած անունները կը դժուարացնեն մեզի հասկնալ այդ առակը, պարզապէս կրնանք այդտեղ գործածուած անուններուն փոխարէն մե՛ր անունները դնել: Ահա այսպէս աւելի լա՛ւ կը հասկնանք պատմուած առակը…
Թէ ինչպէ՞ս իւրաքանչիւր անձ կը բաժնուի այս աշխարհէն, ընդհանրապէս ակնթարթի մէջ պատահած խնդիր կը համարուի: Մէկը իր ոտքերուն վրայ քալելով հիւանդանոց կը մտնէ վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուելու: Արուեստական քունի տարուելով կ՛ենթարկուի լաւագոյն վիրաբուժութեան, սակայն կը յամառի վերարթննալ, հակառակ մասնագէտ բժիշկին կողմէ զինք ետ կեանքի կոչելու բազմաթիւ փորձերուն: Ո՞վ եկաւ ու «գողցաւ» զինք այս կեանքէն, ո՛չ ոք տեսաւ: Մահուան ամէնէն տխուր այս երեւոյթը երբեմն անհաւատ մարդոց կողմէ զաւեշտի կը վերածուի, հոգէառ հրեշտակի անժամանակ գալուստն ու մարդոց կեանքը խլելու պատկերը գծագրելով մարդոց երեւակայութեան մէջ:
Այո՛, այդ պատկերը կրնայ մտացածին ըլլալ, սակայն ճի՛շդ է, որովհետեւ Աստուած ի՛նքն է կեանքին պարգեւիչը ու իր դեսպաններուն՝ հրեշտակներուն ձեռքով ալ ետ պիտի առնէ զայն մեզմէ, Ի՛ր ուզած ատեն:
Կեանքով ծանրաբեռն ալեհեր բարեկամս կ՛ըսէր.
_ Հոգէառը բարեկամ չունի՛, տղա՛ս:
Ան կը պատմէր բարոյալից այն պատմուածքը, ուր կ՛ըսուի թէ սովորական մահկանացու մը կը յաջողի հոգէառին հետ մտերմանալ: Այնքան մտերմութիւն կը ստեղծուի անոնց միջեւ, որ մարդը կը խորհի, թէ այս մտերմութիւնը պատճառ կրնայ դառնալ, որ հոգէառը «տարբեր աչքով» նայի իրեն, գէթ ուշացնէ կամ տեղեկացնէ իր այս աշխարհէն մեկնումի օրն ու ժամը: Սակայն կը պատահի ճի՛շդ հակառակը: Այդքան բարեկամութեան ու մտերմութեան վերջը շատ անակնկալ կը հասնի, երբ հոգէառը մտերմական իրենց մէկ առանձնազրոյցի պահուն, ձեռքէն բռնելով կը սկսի քաշքշելու դէպի մահուան անդունդը:
Մարդը՝ շատ զարմացած, նոյնիսկ վրդովուած անոր այս արարքէն, կը սկսի իրենց բարեկամութեան, ընկերութեան ու մտերմութեան օրերէն պատմելու, մէջբերումներ կատարելու իրենց առանձնազրոյցներէն ու փոխանակած մտածումներէն: Սակայն հոգէառը կը մնայ անդրդուելի եւ օրինակներով կ՛ապացուցէ, թէ ինք բազմաթի՜ւ առիթներով զգուշացուցած էր զինք: Մարդը երբ կը ժխտէ իրեն նման զգուշացումներ եղած ըլլալը, հոգէառը կ՛ըսէ անոր. «Անցեալ ամիս հօրեղբօրդ տղան տարի ինծի հետ, անցեալ շաբաթ ձեզի հետ աշխատող բանուորին տունը այցելեցի ու անոր ընկերացայ, իսկ երէկ տակաւին, ձեր վերի դրացին ինծի հետ մեկնեցաւ այս շէնքէն. այսքան զգուշացումներս չհասկցա՞ր միթէ…»:
Ինչ որ ուրիշին կը պատահի այս կեանքին մէջ, մեզի այնպէս կը թուի, թէ մեզմէ շա՜տ հեռու է: Սակայն բնա՛ւ հեռու չէ: Մանաւանդ մահը մեզի շատ մօտիկ կանգնած աւազակ մըն է, որ յանկարծ կրնայ քսակահատութեան իր ունակութիւնը կիրառել եւ մեր կեանքի շրջազգեստին գրպանը մտնել ու գողնալ մեր ամէնէն թանկագին հարստութիւնը՝ մեր կեանքը:
Հոգէառին նախազգուշացումները անպայման խօսքով ու ձայնով չենք լսեր: Անոր շարժումները ամպերուն վրայ չեն երեւիր, ո՛չ ալ երեւակայական թռիչքներով ան կը մօտենայ մարդոց: Մահը ամէնէն զգալի իրականութիւնն է այս աշխարհի մէջ: Այնքան իրական, որ տգէտ ու անուս մարդն անգամ կը զգայ անոր լրջութիւնը: Աւելին, կենդանիները երբ իրենց ցեղակից անասուններու դիակներէն հեռու կը փախչին, ո՛չ թէ անպայման անոնց գարշահոտութենէն կը հեռանան, այլ՝ մահէն կը խորշին, երեւի անոնք ալ մահէն կը սոսկան: Տեսէք սպանդանոցին մէջ կովու մը կամ ոչխարի մը աչքերուն մէջ երեւցող սարսափը, երբ քանի մը քայլ անդին այլ կով մը կամ ոչխար մը կը մորթուի… Եթէ անասունը գիտէ մահէն վախնալ, մարդը վաղո՜ւց պէտք է նախազգուշացման կարիք չունենայ, այլ իր կեանքը կարգաւորէ այդ վախին դէմ:
Մահուան անխուսափելիութեան անդրադարձող մարդը, հոգէառին հետ անիմաստ բարեկամութիւն չի՛ հաստատեր, որովհետեւ անիկա պարզապէս իր պարտականութիւնը պիտի կատարէ, որոշուած ժամուն ընկերակցելով ենթակային դէպի մահուան գիրկը: Հոգէառը բարեկամ չունի՛, այո՛: Այդ չի՛ նշանակեր, թէ ան անգութ ու վատ մէկն է: Այլ՝ իր պարտականութեան գիտակից, ու նոյնիսկ դժուարին գործի մը գլուխը կանգնած «պաշտօնեայ» մըն է: Ինք ի՞նչ յանցանք ունի, եթէ իր կատարած նախազգուշացման կոչերը մե՛նք չենք հասկցած: Ուրեմն, անոր հետ բարեկամութեամբ ժամավաճառ չըլլանք, այլ մեր կեանքին մնացած օրերը տնօրինենք Աստուծոյ պատուէրներուն համաձայն:
↧
Հոգէառը Բարեկամ Չունի
↧