ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ազգ. առաջնորդարանը Դեկտեմբեր 2015ին հրատարակեց բանաստեղծ եւ դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեանի նորագոյն հատորը՝ «Ոսկեհոս Ջրվէժ»ը, որ հաւաքածոյ մըն է հոգեւոր խորհրդածութիւններու եւ չափածոյ ու արձակ ստեղծագործութիւններու։
Հատորին ներածականը գրած է առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ դրուատիքով եւ օրհնութեամբ կ՛անդրադառնայ բանաստեղծի վաստակին. ան կը նշէ, որ «կեանքի փորձառութիւններով հարստացած եւ սպիտակահեր, սակայն հոգիով ու միտքով մի՛շտ երիտասարդ բանաստեղծ, մտաւորական ու Աստուծոյ հաւատարիմ ծառայ Ժագ Ս. Յակոբեանի հետ Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանիս գործակցութիւնը կ՛ուռճանայ այս հրատարակութեամբ, որուն համար առաջին հերթին փառք կու տանք Աստուծոյ, ապա՝ շնորհակալ ենք ալեհեր ծերունազարդ, բայց տակաւին կայտառ եւ եռանդուն բանաստեղծին»: Առաջնորդը կը նկատէ, որ բանաստեղծին գրիչը շուրջ ութ տասնամեակներէ ի վեր ի սպաս դրուած է հայ մշակոյթին, հարստացուցած է մեր յետ-եղեռնեան սփիւռքահայ գրականութիւնը, իսկ վերջին երկու հատորները՝ երկուքն ալ առաջնորդարանին կողմէ հրատարակութեան արժանացած, լոյս աշխարհ եկան Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով՝ դառնալով էապէս քրիստոնեայ եւ ուղն ու ծուծով հայ այս հայորդիի ներաշխարհին եւ մտածումներուն