Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ- Վիշտ Ու Տրտմութիւն Ծորող Քառեակներ. «Հեաժեշտի Մեղեդի»

$
0
0

0108melody

Ս. Մ.

 

Բժիշկ Ալֆրետ Դանիէլեանի անունը գիրքերու աշխարհին մէջ կապուած է թարգմանական-բանասիրական ու բառագիտական-մասնագիտական հրատարակութիւններու։ 1982էն մինչեւ 2014, Թեհրանէն մինչեւ Լոս Անճելըս, ան հրատարակած է վեց հատորներ, որոնք շեշտակիօրէն աղերս ունին հայութեան, մայրենիին ու անոր առնչուող բժշկագիտական կալուածներուն հետ. անոնց շարքին են բժշկագիտութեան ու հոգեբանութեան կալուածներու մէջ գործածուող օտար բառերու հայերէն եզրերու պատկառելի բառարաններ։ Հետեւաբար, երբ թղթատարով հասաւ անոր նորագոյն գրքոյկը՝ «Հրաժեշտի Մեղեդի-Քառեակներ» հատորը (լոյս տեսած 2015ի վերջերուն, Լոս Անճելըս), պահ մը զարմանք ապրեցայ, որովհետեւ նախընթաց վաստակին անյարիր բան մը կար հոն։

Առաջին էջերուն վրայ արագ ակնարկ մը, ապա նաեւ բովանդակութեան ծանօթացումս լուծեցին «հանելուկը»։ Աւելի քան 95 տարիներ իր ետին թողած բժիշկը, այս անգամ իր հոգին ու խոհերն է յանձնած թուղթին։ 110 քառեակներէն շուրջ 80ին տողերէն կը ծորին վիշտ ու մորմոք, որոնց անմիջական պատճառը կորուստն է աւելի քան 60 տարիներու կողակիցին, քանի մը ամիս առաջ։ Կնոջ՝ Սեդային, նուիրուած քառեակներուն մէջ կան բարի ու զուարթ յիշատակներ, անվերադարձ մեկնումին առթած պարապութիւն ու կարօտաբաղձութիւն։ Բաժանման վիշտը յաճախ վերածուած է ցաւի արտայայտութեան կրկներգի. տարբեր էջերու քառեակներ իրարու արձագանգ կու տան նոյն զգացումի դրսեւորումով։

Քառեակները չեն հիւսուած գեղարուեստական գրականութիւն մշակելու կանխամտածումով, թէեւ զուրկ չեն աղուոր պատկերներէ եւ տխրածոր  հոգեվիճակներէ. թուղթին յանձնուած տողերէն կ՛արտացոլայ անընկեր մնացած ըլլալու կսկիծը։ Այսուհանդերձ, մութ ամպերուն մէջէն մերթ կ՛երեւի նաեւ լոյսի գիծ մը. օրինակ՝

Մտքերիս ալեկոծ ովկիանոսում,

Քո յաւերժալոյս յիշատակը

Ինձ տուայտանքից եւ տառապանքից

Խաղաղ ափ տանող յոյսն է միակ։

 

Կողակիցէն բաժնուած ըլլալու հոգեվիճակը որոշ յոռետեսութեամբ պարուրած է գրողի հոգին. ան մերթ ընդ մերթ խորհրդածութիւններ կ՛ընէ այժմու աշխարհի դժբախտ իրականութիւններուն եւ մարդոց միջեւ անբաղձալի յարաբերութիւններէն իր քաղած փորձառութիւններուն մասին, որոնք կը հասնին յաւիտենական հարցեր շօշափելու ոլորտին ու մեղմ խրատականներու.

Կեանքում պէտք է միշտ

æանալ լաւ սովորել.

Հակառակ դէպքում՝

Կ՛ապրես դու տեղքայլ։

 

Քիչ անդին՝

Բարեհամբաւ մարդը

Չի մահանայ երբեք.

Նա է մահացած միշտ,

Որ բարի չի յիշւում։

 

Իսկ զինք շրջապատող աշխարհին պատճառած դառնութիւնը կ՛արտայայտուի այսպիսի խորհրդածութիւններով.

Մեր այս բարդ կեանքում, յայտնի ու ծածուկ

Բոլոր փոքր ու մեծ, տարեց ու մանուկ

Ճամբայ են ընկել ուղեղալուացման,

Ցաւօք, այդպէս է մարդու ապագան։

 

Գրողը չ՛ուրանար, թէ կեանքի ընկերոջ հետ միասին կերտած է երջանկութեան ու ինքնաբաւութեան օրեր, սակայն անոր մեկնումը, այս էջերուն մէջ ընդհանրապէս, մութ ամպերով պատած է անոր հոգիին աչքերը, քօղարկած է երկար ու վաստակաւոր կեանքի մը՝ զաւակներով եւ թոռներով շրջապատուած ըլլալու բերկրանքին փայլուն երեսները։

Ի վերջոյ, «Կեանքը իր ճամբով, մահը իր ճամբով» շանթեան փիլիսոփայութիւնը կրնայ սփոփել վշտացած հոգիները…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles