Հրատարակութիւն Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի, 2012
ՄԻՒՌՈՆ Ծ. ՎՐԴ. ԱԶՆԻԿԵԱՆ
Ժագ Ս. Յակոբեանի «Ես Գիրք Եմ Հայերէն» եւ «Ողկոյզ» վերջին երկու գիրքերը կը բացուին առաջնորդ սրբազան հօր գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքով։ Սրբազանը բարձր կը գնահատէ հեղինակին հոգեմտաւոր աշխատանքը ու վեր առնելով անոր աստուածատուր իրա՛ւ գրագէտի արժանիքները, հեղինակ բանաստեղծը կը նմանցնէ Աւետարանի առակին այն իմաստուն ծառային, որ ոչ միայն Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած տաղանդը գիտէ լաւագոյնս շահարկել, այլ հետամուտ եղած է նիւթականէն վեր հոգեկան, մնայո՛ւն գանձերու ձեռքբերման։ Հեղինակը իր աստուածատուր շնորհքները ի սպաս դրած է հայ մշակոյթի տարածման, աւելի քան 70 տարի, եւ գիրի ու գրարուեստի ճամբով նուիրուած է նոր սերունդի դաստիարակութեան, ազգային ինքնութեան եւ զգացումներու արմատացման եւ խորացման։ Ապա սրբազանը կը նշէ, որ ան եղած է այն առաջիններէն, որ 2012ին, ընդառաջելով Հայ Գիրքի տարուան առիթով Արամ կաթողիկոսի կոչին, երկու հատորներ՝ «Ես Գիրք եմ Հայերէն» եւ «Ողկոյզ»ը, ընծայած է հայ մշակոյթի գանձարանին, ի հոգեւոր կրթութիւն եւ գրական ըմբոշխնում։
Հայ լեզուի, գիրին ու գիրքին նուիրուած «Ես Գիրք Եմ Հայերէն» գրքոյկը, նախապէս հրատարակուած բանաստեղծութեանց եւ նոր էջերու աշխատասիրութեամբ ճոխացած մեսրոպաբարբառ ծաղիկներու անուշաբոյր փունջ մը կը կազմէ։
Այնտեղ հեղինակը, հայ գիրին, հայ գիրքին գովքը կը հիւսէ։ վարպետ ոսկերիչի կամ քարտաշ քանդակագործի մը հմտութեամբ. երբեմն ալ արուեստագէտ երաժիշտի ներշնչումներով, մեսրոպաստեղծ տառերն ու բառերը բծախնդրութեամբ կը շարէ թեւ եւ թռիչք, լոյս եւ շունչ տալով՝ իրարու կ՛ագուցէ։
«Ես Գիրք եմ Հայերէն» գրքոյկը, հայ գիրին ու գիրքին ոդիսականի ներբողն է, մտքի ու հոգիի գեղեցկահիւս զեղումներով քանդակուած։ Գիրն ու լեզուն գիրք դարձած, քալած են զիրենք երկնող ժողովուրդի փոթորկալի եւ արկածալից պատմութեան հետքերով, գոյատեւած են եւ եղած անբաժան։ Հայ գիրքը իր ժողովուրդին պէս ու ժողովուրդին հետ նախճիր, գերութիւն, թալան եւ աքսոր տեսած՝ բայց վերապրեր ու գոյատեւեր է, շնորհիւ հայ գրիչին եւ հայ ընթերցասէր մարդուն։ Որովհետեւ հայը հաւատացած է, որ հայ գիրքը շունչ ու ոգի ունի. Գիրքի ոգիին ու գաղափարին հետ հաղորդուելով է որ, հայուն մէջ հա՛յը պիտի վերածնի. հայ գիրքի գանձատունէն ներս՝ ընթերցողի հոգին պիտի միախառնուի եւ տոգորուի հերոսական անցեալի փառքով, քրիստոնէական հաւատքով, համամարդկային արժէքներով, եւ մշակութային հարուստ ժառանգութեամբ։
Հայ գիրքով հայը, ինքզինք իր ինքնութիւնը կը գտնէ, կը հայադրոշմուի։ Գիրքը կրնայ փճանալ կա՛մ փճացուիլ բայց անոր ներսիդիէն ճառագայթող լոյսը, գաղափարները, հոգին կարելի չէ բանտել, գերել կամ փճացնել։ Հայ գիրքը հայուն գանձատունն է, մշակոյթի գանձարանը, անո՛վ կարելի է հայ տուն-օճախ-ընտանիք կազմել, եկեղեցի-դպրոց կառուցել, ազգ եւ հայրենիք պահպանել։ Որովհետեւ հայ գիրքը հայուն անցեալը, ներկան ու ապագան է։ Սիրեցէ՛ք եւ սիրցուցէ՛ք հայ գիրքը, կարդացէ՛ք եւ տարածեցէ՛ք հայ գիրքը, լուսաւորուեցէք եւ ձեր շրջապատն ալ լուսաւորեցէք։
Հեղինակ բանաստեղծը հայ գիրին ու գիրքին փառքը հիասքանչ տողերով եւ մտածումներով կը ներփողէ, միաժամանակ, իր սէրն ու երախտիքը փունջ մը հոգեթով բանաստեղծութիւններ հրամցնելով՝ մեզ կը հրաւիրէ հաղորդուելու բառերու ուժական, հոգեփոխիչ ոգիով։ Հարստացուցիչ եւ հայատրոփ այժմէական գաղափարներու հրայրքներով եւ հոգեկրթիչ աստուածաւանդ սկզ-բունքներով, Ճկուն եւ պատկերաւոր ոճի գործածութեամբ, անցեալն ու անցեալի պատմական տիտան դէմքերն ու դէպքերը, հայրենական սրբութիւններն ու խորհրդանիշները կենդանի՛, վա՛ռ կերպարներով կը յառնեն, կ՛ոգեղինանա՛ն եւ ներկայի շունչով ընթերցողի ներաշխարհէն ներս լոյս, կեանք եւ իրականութիւններ մատնանշելով՝ պատգամ կը ճառագայթեն։
Պէտք է սիրե՛լ հայ լեզուն, պէտք է սորվիլ եւ սորվեցնել ոսկեղնիկը. կարելի չէ հայոց մշակոյթի հազարամեայ գանձերուն հոգիովը հաղորդուիլ, առանց հայերէն լեզուն իմանալու։ Կարելի չէ ազգային ինքնութիւն, եւ գոյութիւն պահպանել առանց գիրի եւ գրականութեան։
Կուռ, համոզիչ, ներշնչող, համակող ու ջերմ են հեղինակ բանաստեղծին մտածումները, արդարացի են մտահոգութիւնները, պատգամախօս գուշակի անմիջական համակող զեղումներով, խօսող ջուրի թովչանքներով եւ հայկականութեամբ արբեցած, որոնք քաղցրահունչ դայլայլի հայերգութիւններով են ագուցուած։
Երբ այսօր, հայերէն լեզուն կ՛աղօտի, կ՛աղճատի՛ ու կը նահանջէ. երբ հայերէն գիրք կարդացողներ հազուագիւտ են, հեղինակը իրաւացի մատնանշումներ կ՛ընէ եւ ախտաճանաչումներ կը կատարէ, եւ գեղեցկահիւս բառերու խոհերով, ուղղակի, երբեմն անուղղակի կոչերով եւ այլաբանական ճոխ պատկերներու անմիջականութեամբ, հրաւէր կ՛ուղ-ղէ հայ ժողովուրդի զաւակներուն եւ յատկապէս հայկակներուն, պաշտամունքի հասնող սիրով սիրել հայ լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը, որովհետեւ յատկապէս հայրենիքէն դուրս, օտար ափերուն հայը, հայ պիտի մնայ իր լեզուո՛վ, մշակոյթո՛վ, առկայծ հաւատքով, ազգային աւանդութիւններով եւ սրբութիւններով։ Հայ պիտի մնայ եւ հայօրէն պայքարի, Մաշտոցաւանդ ջրածնային զէնքերով անժանգ։ Պիտի չձուլուի, պիտի չայլասերի, հայութեան մայր երակէն պիտի չօտարանայ, ինքնութիւն եւ նկարագիր պիտի չխաթարուին, Արարատը յաւերժ պիտի չկորսնցնէ, քանզի անմահ հերոսներու հազարամեայ կտակը հոգւոյն մէջ անթեղած՝ գալիք հազարամեակները հայօրէն պիտի դիմակալէ…
Երբ ձեռքերուդ կ՛առնե՛ս Ժագ. Ս. Յակոբեանի «Ողկոյզ» աշխատասիրութիւնը, աչքերուդ կը պարզուի հայ գրականութեան այգեստանէն քաղուած գրական կութք մը, որուն այգեպանն է նոյն ինքն հեղինակը։ Գուրգուրանքով եւ բծախնդրութեամբ յօտած է եւ յարդարած, կենսաբորբ իւրաքանչիւր որթատունկ, այցելուին հրամցնելու համար հիւթեղ, տեսակաւոր ողկոյզներու երկնահամ կութքի արփիահրաշ զգլխանքը։
Այգեպանը հաճոյքով կը հրաւիրէ մեզ հայ գրականութեան այգեստանը, ի՛ր խնամքով եւ հոգածութեամբ քաղուած կութքի առաջին բաժինէն ներս…
Այս կ՛ըսէ, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն է, հայ գրականութեան ազնուական բանաստեղծը։ Ֆիզիքականով տկար, մեկուսի տառապած, բայց հոգիով միշտ կենսառողջ, մահուան յաղթելու չափ զօրաւոր է եղած, որովհետեւ իր հոգեկան ուժին եւ փայփայած ներշնչման աղբիւրը մաքուր Սէրն է եղած։ Վաղամեռիկ, գերզգայուն, եղերերգակ այս բանաստեղծը, թէեւ թաքուն տառապեցաւ, եւ Սիրոյ մէջ մերժուեցաւ, կոտտացող եւ փշրուած սիրտը առանց ցոյց տալու՝ սակայն եւ այնպէս, խանդավառեց ամբոխները, եւ մինչեւ այսօր անոր մաքրամաքուր, ազգայնաշունչ եւ տեսլապաշտ քնարը կը ճառագայթէ հայ բանաստեղծութեան սիրերգութեան այգիին մէջ։
Իսկ հիմա, ձեզի պիտի ներկայացնեմ, կ՛ըսէ մշակը, հայ մշակոյթի այգեստանի դիւցազներգակ Դանիէլ Վարուժան, Իրա՛ւ ու Մեծ բանաստեղծին որթատունկը, եւ հրաւիրեմ ոսկեթոյր եւ արեւահամ ողկոյզներու գինարբուքին։
Յիրաւի՛, ոսկի մուրճի հրայրքով քանդակուած, առասպելական անցեալի, հեթանոսական փառահեղ արշալոյսներու մրրիկներէն բագինի ընդերկրեայ կրակներէն ծնունդ կ՛առնէ, մարդաշունչ մարդկային հոգիի «Սարսուռները», ուր կը շնչէ վարուժանատրոփ «Ցեղին Սիրտը», հայոց անցեալ փառքի «Հեթանոս Երգերու» քնարին տարփանք կշռոյթին հզօր պոռթկումներով եւ գեղջուկ հովիւի շրթներուն սրինգի մը հպանքներէն կեա՛նք առած «Հացին Երգը». եւ այս բոլորը գրարուեստի անսովոր գեղեցկութիւններով կը ճարտարապետեն կոթողային Վարուժանեան իրաւ բայց Մեծ բանաստեղծին Տաճարը։ Համտեսեցէ՛ք կ՛ըսէ՛ պարտիզպանը, գեղեցկահիւս աստուածաբարբառ Տաճարին հզօր քնարին խօլական ալեկոծումներէն գոյաւորուած, Վարուժանահամ ողկոյզին յակինթները, զորս տեսլապաշտ եւ գեղանկարիչ քնարերգակ Մեծ բանաստեղծ Վարուժան՝ հայաթրթիռ քնարէն դուրս բերելով ափսէներու վրայ կը հրամցնէ ողկոյզները… այցելուներ համտեսելով համեղաճաշակ առասպելական ողկոյզները, կատաղի առնականութեամբ կը փոթորկին, կը վերապրին Հայ Ցեղին ոյժն ու անցեալի փառքը, իսկ այլ ողկոյզ մը համտեսելով՝ կը ցնցուին ու կ՛ողբա՛ն Հայ Ցեղին ներկայի տառապանքը, բայց կը յուսադրուին երբ մեղրագոյն ողկոյզը կը ճաշակեն, սրտապինդ կոգեւորուի՛ն, Հայ Ցեղին յուսալից ապագայով, անոնց աչքերուն կը գծագրուի հայոց «Վարդահեղեղ արշալոյսը, որուն ոտնաձայնը» կարծէք արդէն կը լսեն։
Այցելուներ դուրս կու գան Հոմերահունչ բայց հայրենաբոյր վիպային Վարուժանեան դղեակէն, կախարդուա՛ծ զգլխանքով եւ կ՛անցնին այգիին յաջորդ տաղաւարը։
Իսկ այժմ անցնինք ծանօթանալու եւ մեր քիմքերը տարբեր ճաշակ համտեսեն, կ՛ըսէ՛ մեր առաջնորդը եւ ցոյց կու տայ Նշան Պէշիկթաշլեանի մանր ու խիտ հատիկներով կարմիր եւ դեղին ողկոյզներով ծանրաբեռն որթատունկերը, որոնց հիւթեղ նեկտարէն պատրաստուած գինին կը զուարճացնէ եւ իրեն նման կը դառնաս գերազանցօրէն հայ, արուեստագէտ, քնարաշունչ երգիծաբան, գիւտարար ծաղրանկարիչ, սուր բայց բարի խայթոցներով հտպիտ, եւ ի սէր ապրուստի՝ քիչ մը ամէն ինչ։ Իր ողկոյզներու հիւթէն կարելի է խաղողի անուշ, պաստեղ, շարապ, չամիչ եւ նոյնիսկ քացախ պատրաստել։ Անոնց օրինակը կու տայ Նշան Պէշիկթաշլեան, իր գրական երգիծարուեստի զանգուածեղ եւ բազմերանգ ստեղծագործութեամբ, ուր իրականն ու անիրականը իւրայատուկ ոճը, գիծն ու երգը, քնարն ու վրձինը, պարն ու երգը, լացն ու խնդուքը, զգայնութեանց յոյզերով իրարու ընդելուզուած եւ բառերու շատրուանային ճոխ երաժշտականութեամբ կը կլանեն ընթերցողը։
Եկէք խմենք գաւաթ մը Պէշիկթաշլեան, յետ եղեռնեան հայ Սփիւռքը հայկականութեամբ ձեւակերպող եւ գալիք պայծառ հորիզոններու յոյսով արբշիռ՝ Նշաններու հայրենակարօտ կենացը։
Քիչ անդին, այգեստանի բլրակի մը բարձունքին, յաղթահասակ ու փարթամ տեսքով կը կանգնի արձակագիր Անդրանիկ Ծառուկեանի կախարդական որթատունկը, որուն տարածուն, արձակ ու համարձակ ճիւղերուն կախուած են ոսկեթոյր եւ արեւահամ խաղողի ողկոյզները, որոնք անօրինակ կը ճառագայթեն եւ իրենց առթած հրապոյրով կը մղեն այցելուները, անյագօրէն համտեսելու կոյս աղջկայ մը եղունգներուն նմանութեամբ, երկնահամ հաւկթաձեւ հատիկները։
Պէտք է հիւթեղ, մեղրահամ հատիկները, մէկ մէկ տանիք ձեր բերաններուն, նախ խածնէք, ու պայթեցնէք, հայրենի հողին, ջուրին ու արեւին համն ու հոտը առնելու։ Իսկ եթէ պահ մը պահէք հիւթեղ նեկտարը ձեր քիմքերուն՝ հրաբխային բանաստեղծութեամբ ձեր ռունգերէն դուրս պիտի ժայթքեն «Հէյ æան Երեւան» եւ «Թուղթ առ Երեւան» քնարերգութիւնները։ Ոսկեթոյր հիւթը երբ կուլ տաք, աւելիին պիտի ցանկաք, ու այս անգամ արձակ ու համարձակ անյագ յափշտակէք արեւակէզ նոր յակինթներ՝ որոնք պայթելով եւ ճզմուելով ձեր ակռաներու ներքեւ, անոնց առանցքէն դուրս պիտի հոսին Ծառուկեանադրոշմ արձակագիրին երկնած «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ը եւ «Վերջին Անմեղը» գրական էջերուն համանուագը, որ տարածուելով եւ բեղմնաւորուելով սփիւռքեան հայուն տագնապներով եւ հայրենի ընդհանրական շահերով, պիտի համակեն մեզ, որոնք ձեռքբերումներ են ինքնատիպ հրապարագիրի գեղարուեստական գրիչի հոսքէն երկնուած։ Իսկ անոր կոթողային Նայիրին, հայ մշակոյթի հրապարակագրութեան անդաստանին մէջ պարթեւահասակ կը կանգնի, իր աննախապաշար ոգիով, կուռ տրամաբանութեամբ, համազգային արժէքներու հանդէպ նախանձախնդրութեամբ, լուրջ եւ պայծառ մտածողութեամբ։ Շնորհիւ իր վիպական պատմողական ջերմ ոճին, գրագէտ հասարակագիրի տաղանդին, անոր գրական ողկոյզները ըմբոշխնողներ պիտի համոզուին, որ Անդրանիկ Ծառուկեան, յետ եղեռնեան սերունդին երկրորդ Գրիգոր Զօհրապն է, իր իւրայատուկ դիմագիծով, հայրենասիրութեամբ, նրբասաց զուարթաբանութեամբ, երբեմն ալ արդար խայթոցներով բնորոշուող։
Պտղատու ծառերու շուքին պահ մը հանգստանալէ ետք, յառաջ կընթանա՛նք հանդիպելու այգեստանը եզերող վերջին որթատունկերու հոգեգրութիւն-Ժագագրութիւններուն, որոնց կարելի է հասնիլ գաղտնի ու զառ ի վեր արահետներով, որոնք տարածուած են 4 իրերակապ, անկիւնադարձային եւ վերելքներով յատկանշուող հանգրուաններու՝ Բնութենապաշտի, Եւայական եւ Հայրենական սէրերու, եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հոգեւոր կեանքի ճամբաներուն- վրայ երկարող։
Ասոնք կ՛ըսէ՛ պարտիզպան մշակը, առաւել քան 70 տարի, իմ պատանեկութեան օրերէն ցանած, մշակած, յօտած եւ ընթերցասէր հետաքրքիր այցելուներուն առատօրէն մատռուակած եմ, անոնց թովչանքը տեսլավառ, եւ երկնահաս տրոփիւնները սիրավառ…
Հոն արփիահրաշ երկնազեղ հնձաններու սիրերգակ Ժագեան 53 Ժագագրութիւններու ոգեղինացած հոսքէն, հիւթեղ եւ երկնահամ գաւաթներու պրիսմակէն, Ժագարձակ սէրեր, երկրաւոր Գաղտնի Ճամբաներու արծաթ հետքերէն, դէպի երկնային յաւերժութիւն կը շողարձակին, բանաստեղծական ճառագայթ թրթռացումներով։ Քիմքիդ մէջ երբ պահես Մայր բնութեան հեւքոտ եռքը՝ պղատոնական սէրէն կը փոխակերպուի թանձրացեալ մարմնականի. բերանդ ծամածռելով երբ քաղցրաւուն լոյծ հեղուկը շաղ կու տաս կարմիր, դեղին եւ սեւ խաղողի խառնուրդը, այս անգամ տարրալուծուելով կը վերածուի անհատական, ընտանեկան ապա ազգային սիրոյ եւ վերջապէս հրաշք գոյափոխումով կը հպի հոգիիդ եւ ծիր կաթինի հետքերով, բայց հաւատքի հզօր թեւերով դէպի երկինք, յաւերժութիւն եւ Աստուած կը սլանայ…
Ողկոյզ հատորի երկրորդ, Ճռաքաղի, բաժինի յուշերը, կընդգրկեն պատանեկան եւ երիտասարդական տարիներուն, ուսանողական կեանքէ առնուած հետաքրքրական յուշագրութիւններ. իսկ անոր «Կռունկը Կը Կանչէ» իրական կեանքէ քաղուած թատերավէպը, որ նոյն անձին, երեք տարբեր երեսներու նկարագիրներուն, վերլուծում-ներկայացումն է՝ եւ մեզի հետեւեալ այժմէական պատգամը կը փոխանցէ. «Սփիւռքի մէջ հայապահպանումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Լեզուն, մայրենի լեզուն. ո՛չ միայն բանաւոր լեզուն՝ իբրեւ խօսակցութիւն, այլ նաեւ գրաւոր լեզուն՝ իբրեւ գիր եւ գրականութիւն։ …Գիրն ու գրականութիւնն են, որ պիտի տեւականացնեն հայ ազգին շունչը եւ ապրեցնեն հայ ժողովուրդի հոգին, եւ հրահրեն ազգասիրութեան կրակը։ …Մայրենի լեզուն մեր ոգեղէն հայրենիքն է՝ հողեղէն հայրենիքի կողքին» (Էջ 133-134):
Այս բաժինին մէջ ներառնուած կը գտնենք նաեւ, տարբեր տարիներուն գրուած 8 բանաստեղծութիւններ, որոնք ներդաշն յարակցութեամբ, կը պատշաճին յուշագրութեան նիւթերուն։
Ճռաքաղի երկրորդ ողկոյզը կը կոչուի Արուեստ Քերթողական։ Հոս հեղինակ բանաստեղծը, բանաստեղծութեան բնոյթը կը պարզէ եւ բանաստեղծելու Ժագեան իր ուրոյն գրարուեստին ոճը կը բացայայտէ, ուր բառերը կը դառնան Ժագաթաթաւ, Ժագաշունչ. բառերը Ժագերէն կը խօսին, եւ լեզուն կը դառնայ Ժագեան լեզու։ Միաժամանակ պատկերաւոր եւ քնարերգակ ոճով, կը բացայայտէ իր ներշնչումի երկու աղբիւրները, եւ ընթերցողին կը յանձնէ բանալին, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ընթերցողը կարդայ եւ հասկնայ, ներծծէ եւ ըմբոշխնէ ու ներթափանցէ Ժագեան բանաստեղծութեանց հոգիի ծալքերուն։
Ճռաքաղի երրորդ եւ վերջին ողկոյզը Դատումներ եւ վկայութիւններ են, վաստակաշատ բանաստեղծ հեղինակի արժանիքներուն։
Գրականագէտ մտաւորականներ, գրական հեղինակաւոր գրաքննադատներ եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, հիացումով եւ մեծ ակնածանքով կը ներկայացնեն քնարերգակ մեր հեղինակ բանաստեղծը, որպէս՝ գրական լեզուի եւ պատկերաւոր ոճի մեծ վարպետ, որ կը յատկանշուի իր ինքնատիպ անհատականութեամբ, եւ գեղարուեստական բարձր ստեղծագործութեամբ. ան գիտէ մտքի, աչքի ու սրտի հրաբուխներէն Յիսուսամատոյց ոգեղէն կամուրջներ ժայթքեցնել։ Ան յաջողած է հաւատքը եւ գաղափարականը, ազգայինը ու համամարդկայինը իրենց ներքին եարակցութեամբ, գեղեցկօրէն ընդելուզել ու հարազատօրէն արտայայտել գրականութեան ճամբով։
Համբերութեամբ, բծախնդիր նախանձախնդրութեամբ հեղինակը, յատկապէս իր գիրքի առաջին բաժինին մէջ, հայ գրականութեան նախաեղեռնեան եւ յետ եղեռնեան, արժանաւոր գրագէտ ներկայացուցիչներու կեանքն ու գրական վաստակը լուսարձակի տակ առնելով, մեզի պարզած է անոնց ներաշխարհի հոգեկան ծալքերը, մարդկային նկարագրի ջինջ երեսները, հայրենասէրի տագնապները, կեանքի ըմբռնումները, երազային ջինջ սէրերը, որոնք երբեմն մնացած են անաւարտ…
Անոնց գրական ստեղծագործութիւնները աչալուրջ ուսումնասիրած եւ մեծ ակնածանք հիացումով առինքնուած է, յատկապէս Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի կեանքի դառն տրամայով, հայ բանաստեղծութեան Միքելանճելօ՝ Դանիէլ Վարուժանով, Ամենայն Հայոց նշանառուին՝ Նշան Պէշիկթաշլեանով, Անդրանիկ Ծառուկեանով, որոնց գրական աշխատասիրութիւնները ու յատկապէս անոնց քնարերգակ բանաստեղծի տաղանդին իրագործումները, իւրայատկութիւնները եւ աւանդի արժեւորումները, կատարած է սեղմ, բայց կենդանի ու անմիջակա՛ն հաղորդականութեամբ։ Ի վերջոյ բանաստեղծ հեղինակը ներկայացուցած է, գրական աշխարհէ ներս իր մուտքը, ստեղծագործական վաստակը՝ հոգեմտաւոր չորս հանգրուաններու վրայ տարածուած։
Երախտապարտ ու հպարտ է հայ գրագէտ-բանաստեղծներով։ Գրական անոնց վաստակը, տագնապներն ու տառապանքները, յոյզերն ու յոյսերը, ասպետի ազնուականութիւնը համակած են զինք ու ներշնչումի թեւեր տուած։ Յուսկ կատարած արդար դատումներ եւ իրաւացի նշմարներ։
Հեղինակին մեզի հրամցուցածը, միայն ողկոյզ մըն է, համեղաճաշակ հայ մշակոյթի բերրի այգեստանէն, խնամքով փրցուած… Որպէսզի մտնե՛նք հայ գրականութեան անծայրածիր անդաստաններէն ներս, հաղորդուի՛նք հոգեմտաւոր ժառանգութեամբ, մտքով ու հոգիով հարստանալու, ազնուանալու եւ աւելի ու աւելի հայանալու…
Այո՛ սիրելի բանաստեղծ եղբայր, դուն միշտ պիտի մնաս ճառագայթող ներկայութիւն մեր արդի գրականութեան մէջ, ո՛չ թէ հրատարակած գիրքերուդ ծաւալով, այլ՝ որակով, ո՛չ թէ քերթուածներուդ քանակով, այլ՝ անոնցմէ ժայթքօղ խոր տագնապներով, ջինջ զգացումներով ու վառ երազներով։ Նման բանաստեղծ մը արեւմար չի՛ կրնար ունենալ։ Միահամուռ քեզի կը մաղթենք նորանոր եաջողութիւններ գրական ստեղծագործական անդաստաններէ ներս։