Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Թշնամութեան Յիմար Տեսակը

$
0
0

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

ChurchԹշնամութեան յիմար տեսա՞կն ալ կայ: Այսպէս կը հարցնէր երիտասարդ բարեկամս զարմացկոտ աչքերը սեւեռած բիբերուս: Սակայն, այն ալեհեր ծերունին, որուն կեանքի փորձառութիւնը միշտ յարգանք պարտադրած է ինծի իր անձին ու յիշատակին նկատմամբ, այո՛ պիտի ըսէր, հաստատելով թէ կա՛յ թշնամութեան յիմար տեսակն ալ:

Թշնամութիւնը ինքնին յիմարութիւն է: Ոմանց կարծիքով, սակայն, առանց թշնամութեան կեանք չկայ: Այստեղ խօսքը կը վերաբերի ընկերային կեանքի մէջ ի յայտ եկող մեծ ու փոքր թշմանութիւններուն, եւ ո՛չ թէ քաղաքական կեանքի մէջ յայտնուող թշնամութիւններուն, որոնց հետեւանքը պատերազմները կ՛ըլլան:

Ընկերային կեանքի մէջ թշնամութիւնները զանազան դրդապատճառներ կ՛ունենան: Զգայուն մարդոց պարագային մեծ զգուշաւորութիւն պէտք է ցուցաբերել, որովհետեւ մեզի համար սովորական թուացող արտայայտութիւն մը, կրնայ անոնց արժանապատուութիւնը վիրաւորել եւ մեծ բարդութիւններու դուռ բանալ:

Նոյն ծիրէն ներս երեւակայական թշնամութիւններ ալ կան: Այսինքն, ենթական հոգեբանական ծանր դրութեան մէջ ըլլալով, մեր խօսակցութենէն, շարժուձեւերէն, ծիծաղէն կամ ժպիտէն կասկածելով, կրնայ թշնամի համարել մեզ, եւ ըստ այնմ դիրքորոշուիլ: Ցաւալի կ՛ըլլայ այն պարագային, երբ նման տրամադրութեան մէջ գտնուող մը չ՛արտայայտուիր, այլ ներքնապէս կը նախապատրաստուի իր ընելիքին:

Երեւակայութեամբ թշնամացողներու երկու տեսակներ կան: Առաջինը յարձակողապաշտ, երկրորդը՝ կրաւորական կամ ինքնամփոփ: Ինչպէս բացայայտ կ՛երեւի անոնց տրուած բնորոշումներէն, առաջինը վտանգաւոր տեսակն է, իսկ երկրորդը՝ անվնաս: Յարձակողապաշտը մինչեւ իսկ ոճիր կրնայ գործել, հանգստացնելու համար իր անձը, ու ազատուելու իր «թշնամիէն», որ խորքին մէջ լո՛ւր անգամ չունէր, թէ իսկապէս իր շուրջը կար զինք մինչեւ մահուան առաջնորդող ոսոխ մը… Երկրորդին՝ անվնաս տեսակին խառնուածքը շատ մօտիկ է հալածախտէ տառապողներուն, որոնք մելամաղձոտ, չխօսկան, ինքնամփոփ անձեր են ընդհանրապէս: Երբեմն մէկէ աւելի «թշնամիներ» կ՛ունենան ասոնք, սակայն բոլորին ալ «կը հասնին», իւրաքանչիւրին վրայ այս կամ այն չափով անարդարութեան սխալ մը գտնելով իրենց անձին նկատմամբ: Ասոնք հոգեկան տագնապ ապրողներու գերազանց օրինակներ են:

Մարդկային կեանքը յոգնած է նման մարդոց ներկայութենէն: Թէպէտ ոչինչ կ՛ընեն ասոնք, սակայն իրենց ներկայութեան մասին գիտութիւնն ալ առօրեայ կեանքին շնչառութիւնը կը դժուարացնէ:

Բնականաբար կեանքը իր տարբեր մակարդակները ունի: Բոլոր մարդիկ նոյնը չեն կրնար ըլլալ: Իւրաքանչիւրին ապրումները, անցեալն ու ներկան, պատճառ կը հանդիսանան, որ տարբեր տրամադրութիւններ ստեղծուին մարդոց հոգիներուն մէջ: Սա բնական երեւոյթ է: Սակայն անբնականը կը սկսի այն պահուն, երբ տխուր տրամադրութիւնը կը փոխակերպուի հիւանդագին վիճակի, տառապանքի մատնելով զայն կրող մարդը:

Տուեալ կացութենէն խոյս տալու «յարմարագոյն» միջոցներէն մէկը, յանցանքը գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար ուրիշին ուսերուն բեռցնելն է: Ուրիշ խօսքով, կարեւոր է մեր այդ վիճակին մէջ գտնուելուն պատճառ եղող անձ մը գտնել, եւ զայն պատասխանատու կարգել:

Ողբերգութեան երկրորդ եւ կարեւոր արարը կը սկսի այն պահուն, երբ յանցաւոր համարուած անձը ընդհանրապէս տեղեակ չ՛ըլլար թէ ի՛նքն է պատճառը անծանօթ մարդու մը դժբախտութեան…

Երրորդ եւ վերջին արարը այս «թատրոնին» կը սկսի այն պահուն, երբ նման անձեր «թշնամիիս թշնամին բարեկամս է» ծանօթ առածին հետեւողութեամբ, թշնամիիդ հետ կը բարեկամանան, վրէժ լուծելու եւ կամ՝ յաղթելու համար քեզի:

Ահա ա՛յս է որ կը կոչուի թշնամութեան յիմար տեսակը…

Գոյութիւն չունեցող թշնամութիւն մը յանկարծ առիթ կը հանդիսանայ բարեկամութեան մը, որուն նպատակը թշնամութիւն է…

Ուրեմն, երեւակայական թշնամութիւն մը յղանալով, ծնաւ անսպասելի բարեկամութիւն մը, որուն զաւակը երբ ծնի, դարձեալ պիտի ըլլայ թշնամութիւն…

Կեանքի ամէնէն տկար համարուող թշնամութիւններէն մէկը այս տեսակն է, որ իսկապէս արժանի է կոչուելու՝ թշնամութեան յիմար տեսակը: Կ՛արժէ ուսումնասիրել նման հիւանդներու մտային ալիքները՝ տեսնելու, թէ ի՞նչ ակնկալիք կրնան ունենալ նման բարեկամութիւններէ ծնած թշնամութիւնները: Այսինքն՝ մինչեւ ի՞նչ աստիճան թշնամութիւն կ՛ակնկալեն իրենց կազմակերպած այս խաղերէն: Արդեօք վրէժխնդրութիւնը այդտեղ կ՛աւարտի՞, թէ աւելի հեռուները կ՛ուզեն երթալ:

Հոգեբաններ կը պնդեն, թէ արական եւ իգական անձերու պարագային վրէժխնդրութեան միջեւ տարբերութիւն գոյութիւն ունի: Անոնք բացատրելով իգական սեռին աններող, անզիջող ու աւելի դաժան բնութիւնը, կը շեշտեն իգական ոխակալութեան եւ վրէժխնդրութեան աւելի բարձր աստիճանի մը վրայ գտնուիլը: Մինչ՝ արական սեռի պարագային, անոնց կարծիքով շատ աւելի մեղմ աստիճանի վրայ կը գտնուի վրէժխնդրութիւնը կամ ոխակալութիւնը:

Յիմարութիւնը կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ ձաղկելի է: Եթէ հոգեպէս եւ մտապէս առողջ մէկը յանկարծ յիմարութիւն գործէ, նախ ո՛չ ոք կը հաւատայ անոր ըրածին, սխալմունք համարելով զայն: Սակայն երբ բացայայտուի, թէ անիկա գիտակցաբար դիմած է այդ քայլին, բոլոր լսողները զայն մեղադրելէ աւելի կը ծիծաղին անոր վրայ, որովհետեւ գիտեն, թէ ան գիտէ՛ խելացի քայլերով յառաջանալուն առաւելութիւնը, իսկ յիմարութեամբ շարժիլը՝ գիտէ՛ թէ անպայման վնասաբեր պիտի ըլլայ իրեն համար:

Թշնամութեան այս յիմար տեսակին զոհ կը դառնան մինչեւ անգամ բարձր զարգացումի տէր մարդիկ: Անոնք իրենց անցած կեանքի ամբողջ վաստակաւոր ուղին, բարեկամութիւնները, ընկերութիւնները, սէրերն ու գործակցութիւնները մէկ վայրկեանի մէջ կը մոռնան, զանոնք յանձնելով թշնամութեան այս յիմար տեսակին՝ իրենց թշնամի համարած անձի թշնամիին հետ բարեկամանալու տարօրինակ երեւոյթին:

Կեանքի փորձառութիւնը ցոյց տուած է, թէ նման «բարեկամութիւններէն» ո՛չ ոք բարի պտուղ քաղած է ցարդ: Այդ իսկ պատճառով իմաստաւորուած է այն միւս առածը, ըստ որուն՝ «հին բարեկամը երբեք չի՛ թշնամանար»: Հեռաւորութիւնները՝ յարաբերական թէ աշխարհագրական, թշնամութեան պէտք չէ՛ վերածուին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles