ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ քաղաքի եւ անոր Գրադարան, արուեստներ ու մշակոյթ բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ Ամերիկահայութեան թանգարանին միջեւ համագործակցութեամբ, «Հայաստան. Բաց Վէրք Մը» խորագրուած ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 16ին, կ.ե. ժամը 1-4, Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանի եւ արուեստի կեդրոնի սրահին մէջ (1601 West Mountain Street, Glendale, CA, 91201)։ Անիկա բաց պիտի մնայ մինչեւ Յունիս 11:
«Հայաստան. Բաց Վէրք Մը» ցուցահանդէսը անցեալ տարի ցուցադրուած էր Մեքսիքօ Սիթիի Յիշողութեան եւ հանդուրժողութեան թանգարանին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով. անիկա նուիրուած է հայ մշակոյթին, Ցեղասպանութեան յուշերուն եւ արդարութեան հասնելու ջանքերուն՝ լուսարձակի տակ առնելով պատմական իրողութիւններն ու անոնց հետեւանքները՝ վերապրողներու եւ ականատեսներու վկայութեանց ընդմէջէն: Յատուկ բաժին մը յատկացուած է նաեւ Մեքսիքա եւ այլ երկիրներ հաստատուած վերապրողներու կարեւոր ներդրումներուն:
Ցուցահանդէսին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան շարք մը հանրային ձեռնարկներ՝ հետեւեալ ժամանակացոյցով.
– Ապրիլ 21, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ գաղթականներու համաշխարհաին տագնապին նուիրուած քննարկում, մասնակցութեամբ խումբ մը մասնագէտներու։
– Ապրիլ 30ին, կ.ե. ժամը 1ին, Կլենտէյլի Արուեստներ եւ մշակոյթ յանձնաժողովի անդամ Արա Օշականի գլխաւորութեամբ տեղի պիտի ունենայ «Հանրային արուեստը իբրեւ ոգեկոչում» նիւթով քննարկումը։
– Մայիս 5ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու սպանախօսներու ներգաղթին նուիրուած քննարկում մը, առաջնորդութեամբ Հորհէ Նիկի, որմէ առաջ պիտի ցուցադրուի «Latino Americans: Empire of Dreams (1880-1942)» վաւերագրական ֆիլմը։
– Մայիս 13ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ Նորա Յովսէփեանի «Journey to the Homeland» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը եւ այդ ֆիլմին ծնունդ տուած՝ դէպի Արեւմտեան Հայաստան ուխտանգնացութեան նուիրուած քննարկում մը պիտի կատարուի։
– Մայիս 14ին, կ.ե. ժամը 1ին տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան. Բաց Վէրք Մը» ցուցահանդէսը համադրած դոկտ. Քարլոս Անթառամեանի հետ քննարկում։
– Մայիս 19ին, երեկոյեան ժամը 7ին պիտի ներկայացուին մանրամասնութիւնները հայկական մշակութային հարստութիւնը թուայնացնելով պահպանել միտող «Armenian Heritage: A Virtual Pilgrimage» նախաձեռնութեան, որ կ՛իրականացուի «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնի եւ «ՍայԱրք» կազմակերպութեան համագործակցութեամբ։
– Մայիս 26ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Կեթի» թանգարանէն դոկտ. Էլիզապէթ Մորիսըն պիտի խօսի հայկական մանրանկարչութեան եւ Թորոս Ռոսլինի իրագործումներուն մասին։
– Յունիս 2ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Լոս Անճելըսի զանազան թանգարաններու պատասխանատուներ պիտի քննեն թանգարաններուն դերկատարութիւնը՝ արագօրէն փոփոխուող ներկայ աշխարհին մէջ։
Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ գրադարանի աշխատանքային ժամերուն, որոնք են՝
– Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի, կէսօրուան ժամը 12էն երեկոյեան ժամը 8.
– Չորեքշաբթի, կէսօրուան ժամը 12էն երեկոյեան ժամը 6.
– Ուրբաթ եւ Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 10էն երեկոյեան ժամը 5:
Ամերիկահայութեան թանգարանին նպատակն է լուսարձակի տակ առնել հանդուրժողութեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու ցեղային եւ մշակութային տարբեր խմբաւորումներու համակեցութեան կարեւորութիւնը՝ ամերիկահայութեան փորձառութեան ընդմէջէն:
Ցուցահանդէսին եւ անոր զուգահեռ կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 548-2051 թիւին կամ այցելել www.ArmenianAmericanMuseum.org/events կայքէջը:
Նշենք, որ ցուցահանդէսին եւ ձեռնարկներուն մուտքը ազատ է: