Image may be NSFW.
Clik here to view.ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Մայիս 11ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale) տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի նոր հատորին՝ «The Armenian Genocide in Literature: The Second Generation Responds» (Հայոց Ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ. Երկրորդ սերունդը կը հակադարձէ») ներկայացումը։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Սոյն հատորը հեղինակին չորրորդն է, որ կ՛ուսումնասիրէ Սփիւռքի գրականութիւնը, այս անգամ՝ լուսարձակի տակ առնելով Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը երկրորդ սերունդի հայ գրողներու ստեղծագործութիւններուն վրայ։
Image may be NSFW.
Clik here to view. Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքէն՝ 1989ին վկայուած է դոկտորայի աստիճանով: Ան դասախօսած է հայ լեզու եւ գրականութիւն, ինչպէս նաեւ հայոց պատմութիւն եւ Հայ Դատ՝ UCLA-ի, Լա Վըրնի եւ Կլենտէյլի համայնքային քոլեճին մէջ: Ներկայիս, ան գիտաշխատող է UCLA-ի Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքին մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։