Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Journey To The Homeland»ը «Պրենտ» Գրադարանին Մէջ՝ Մայիս 13ին

$
0
0

0512Journey

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ քաղաքին եւ անոր Գրադարան, արուեստներ եւ մշակոյթ բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ Ամերիկահայութեան թանգարանին միջեւ համագործակցութեամբ, «Պրենտ» գրադարանէն ներս կայացող «Հայաստան. Բաց Վէրք Մը» ցուցահանդէսին զուգահեռ տեղի ունեցող շարք մը հանրային ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Ուրբաթ, Մայիս 13ին, երեկոյեան ժամը 7ին տեղի պիտի ունենայ իրաւաբան Նորա Յովսէփեանի «Journey to the Homeland» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը եւ այդ ֆիլմին ծնունդ տուած՝ դէպի Արեւմտեան Հայաստան ուխտագնացութեան նուիրուած քննարկումը:

Սոյն ներկայացումը կը վայելէ նաեւ Հայ իրաւաբանական միութեան հովանաւորութիւնը, եւ անոր մասնակիցները կրնան ստանալ մէկ ժամեայ CLE վարկանիշ։

Քննարկումին պիտի մասնակցին նոյն ուխտագնացութեան մասին «Պատմական Հայաստան» գիրքը պատրաստած իրաւաբան Մեթիու Քարանեան, ինչպէս նաեւ՝ Ռեպեքա Պէրպէրեան եւ Նորա Եագուպեան։

Նորա Յովսէփեան Արեւմտեան Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետն է, իսկ 2014ին Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին կողմէ մեծարուած էր իբրեւ «Տարուան կինը»։ Անոր ֆիլմը արժանացած էր Թորոնթոյի «Նուռ» շարժապատկերի փառատօնի «Հանդիստատեսի ընտրանք» մրցանակին եւ ցուցադրուած է շարք մը այլ փառատօներու մէջ։

«Պրենտ» գրադարանին եւ արուեստի կեդրոնին հասցէն է՝ 1601 West Mountain Street, Glendale, CA, 91201, իսկ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Յունիս 11։

«Հայաստան. Բաց Վէրք Մը» ցուցահանդէսը անցեալ տարի ցուցադրուած էր Մեքսիքօ Սիթիի Յիշողութեան եւ հանդուրժողութեան թանգարանին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով։ Ցուցահանդէսը բաց է գրադարանի աշխատանքային ժամերուն, որոնք են՝

– Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի, կէսօրուան ժամը 12էն երեկոյեան ժամը 8.

– Չորեքշաբթի, կէսօրուան ժամը 12էն երեկոյեան ժամը 6.

– Ուրբաթ եւ Շաբաթ, առաւօտեան ժամը 10էն երեկոյեան ժամը 5:

Ցուցահանդէսին եւ անոր զուգահեռ կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն մուտքը ազատ է: Անոնց մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 548-2051 թիւին, կամ այցելել www.ArmenianAmericanMuseum.org/events կայքէջը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles