ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Մայիս 28ին, կ.ե. ժամը 4ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ «Շնչող գրքի ակումբներ»ու յաջորդ հանդիպումը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Անդրանիկ Ծառուկեանի «Երազային Հալէպ»ը։
Այս հանդիպումներուն նպատակն է անգլերէնով կամ հայերէնով գրուած հայկական պատումներու եւ գիրքերու գնահատանքը խթանել: Անոնք կը ձգտին գրական համայնք մը մէջտեղ բերել՝ շրջող հեղինակներու հետ յատուկ ատեաններ ծրագրելով եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներ, ինչպէս՝ ֆիլմ, ընդգրկելով ընդհանուր քննարկումներուն մէջ: Հայերէն գիրքերու քննարկումները կ՛իրականանան Կարէն Ջալլաթեանի առաջնորդութեամբ։
Գրատան հասցէն է 415 E. Broadway, Glendale, CA: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին։