Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Աշխարհ

$
0
0

Armenian_alphabet_002

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

 

Ծովակը 13 տարեկան է, լիբանանահայ պատանուհի մը: Տօղու-Պայազըթ քաղաքին մէջ, 2015ի Յունիսին, Արարատի ստորոտին, անոր ընկերակցող արհեստավարժ լեռնագնացները գիտեն, թէ այդ հայուհին ունի իտէալապաշտ ներաշխարհ մը եւ շատ բարձր նպատակ ճշգրիտ ըլլալու համար ըսենք՝ 5165մ. բարձրութիւն ունեցող նպատակ հասնիլ գագաթ եւ ամպերու ընդմէջէն դիտել իր հայրենի բնաշխարհը ու նաեւ, եթէ կարելի ըլլայ, մրցանիշներու աշխարհահռչակ Guiness գիրքին մէջ արձանագրուիլ, որպէս Արարատ ելած՝ աշխարհի ամենաերիտասարդ անձը:

Առաջին 3000 մեթրը մասնագիտութիւն չի պահանջեր: Այս փուլը՝ մինչեւ Ճամբար Ա., աւելի քալել է, քան՝ մագլցիլ ու առիթ կու տայ, որ խօսինք «աշխարհ»ի մասին:

Նախ պէտք է ըսել, թէ «աշխարհ»ին ընդարձակութիւնը յարաբերական եղած է: Անիկա ձեւափոխուած է դարէ դար՝ երկիրէ երկիր: «Աշխարհ»ը, արդի եւ աւելի ժողովրդական գործածութեան մէջ «երկրագունդ» է, եւ կ՛ըսենք. ««Արմէնիա» առագաստանաւը ճանապարհորդութիւն կատարեց աշխարհի շուրջը»: Կրօնական իմաստով՝ շատ աւելի մեծ է անիկա. տեսանելի եւ անտեսանելի ինչ որ կայ՝ «Աշխարհը ստեղծուած է վեց օրուան մէջ»: Աշխարհագրութեան մէջ ունի աւելի մասնատուած իմաստ՝ կ՛ըսենք. «Հին աշխարհ», «Նոր աշխարհ»: Աւելի փոքր է անոր չորրոդ իմաստը՝ երկրամաս, ուր կը բնակի որոշ ազգութիւն. «Հայոց աշխարհ»: Իսկ «աշխարհ»ներուն ամենափոքրը՝ անոր հինգերորդ իմաստն է՝ գաւառ, նահանգ. «Սիւնեաց աշխարհ»: Բնական գիտութիւններու մէջ բառը դուրս ելած է երկրային մարմին ըլլալէ ու տուած է հետեւեալ արտայայտութիւնները՝ «Կենդանական աշխարհ», «Բուսական աշխարհ»: Իսկ 7 միլիառ մարդ կ՛ընդգրկէ անիկա, երբ կ՛ըսենք. «Ամբողջ աշխարհը կը սիրէ քեզ»:

Առաջին ճամբարի մէջ մէկ գիշեր ու արշաւախումբը, օրուան առաջին լոյսով՝ պատրաստ է աւելի դժուար երկրորդ փուլին: Խումբին մէջ կան նաեւ երկու գերմանացիներ, որոնք իրենց ազգային երգերով կ՛ընկերակցին հայկական «Սեղանն է առատ»ին: Ժայռոտ է ուղին: Վեց ժամ անց երկրորդ ճամբարն է՝ 4200 մեթր բարձրութեան վրայ:

Հին պարսկերէն փոխառութիւն է «աշխարհ»ը: Բունը՝ «խշաթրա», որ կը նշանակէ «թագաւորութիւն», զնդերէն՝ «թագաւորութիւն, իշխանութիւն», սանսկրիտ՝ «քշատրա», տէրութիւն, իշխանութիւն, իսկ պահլաւերէն՝ «խշատր», պարսկերէն՝ «շատր», քաղաք: Նոյն իմաստով եւ պարսկական ծագումով կան նաեւ՝ «շար, շէհէր, շէհիր» բառերը: Վերջիններուն հնագոյն իմաստը «երկիր» է, նկատի առնելով, որ հին դարերուն գոյութիւն ունէին քաղաք-երկիրներ: Այս բոլորին արմատը իրանեան «խշա» բայն է, որ կը նշանակէ «իշխել»: Ուստի, «աշխարհ» բառը այնքան մեծ էր, որքան իշխանութեան մը սահմանները՝ ծովէ ծով կամ սարէ սար:

Երկրորդ ճամբարը հիւրընկալ չէ: Ցուրտը, բուքը եւ թթուածինի պակասը վար կ՛առնեն տրամադրութիւնները: Հրաբխային տարածութեան մէջ չկայ նոյնիսկ վրանները լարելու յարմարութիւն: Այդ գիշեր՝ հազիւ կէս քուն, ու Ծովակը, հաւատարիմ իր ուխտին, արեւածագէն ժամեր առաջ, ուղեցոյցի առաջնորդութեամբ եւ հեռալոյսերու օգնութեամբ, կ՛ուղղուի դէպի գագաթ: Ութը ժամ լռութիւն… Բոլորը մտորումներու մէջ կը բարձրանան:

Աշխարհի չափ բառ, աշխարհի չափ լեզուական հարստութիւն՝ «աշխարհ»ով: Դասական մատենագրութեան մէջ՝ աշխարհագիր, աշխարհաբնակ, աշխարհագործ, աշխարհագոյժ, աշխարհակոծ, աշխարհահեղձ, աշխարհազօր, աշխարհաժողով, աշխարհական, աշխարհանորոգ, անաշխարհիկ, տարաշխարհ, միջնաշխարհ, գերաշխարհիկ, աշխարհաբառ, հանդերձեալ աշխարհ, աշխարհ գալ, յաչս աշխարհի… Շնորհիւ մեր մտաւորականներուն, գիտնականներուն եւ բանաստեղծներուն, ունեցեր ենք նաեւ՝ անդրաշխարհ, օտարաշխարհիկ, աշխարհահանդէս, աշխարհակալ, աշխարհամարտ, աշխարհակուլ, աշխարհատեաց, աշխարհացոյց, աշխարհանուէր, աշխարհահայեացք… Իսկ քայլ յարմարցնելով երկրագունդի նորագոյն հոլո-վոյթներուն՝ դարձաւ «համաշխարհային»:

Ծովակի նախահայրերը, Կիլիկիոյ զաւակներ, Զէյթունի մէջ ըսեր են «աշխօրք», Հաճնոյ մէջ՝ «աշխօյ»: Արշալոյս է: Աշխարհը կը սկսի լուսաւորուելու: Վանեցին ըսեր է «աշխար», խարբերդցին եւ սեբաստացին՝ «ախշարք», ոզմեցին՝ «ախշար»: Քայլ մը եւ քայլ մը եւս… Գորիսցին հնչեր է «ըշխարք», մոկքցին՝ «աշխարք»: Եօթներորդ ժամն է: Ծովակը հիմա երկու աշխարհներու՝ երկրայինին եւ երկնայինին մէջտեղն է: Ու աղջնակը կը հասնի գագաթ: Չնաշխարհիկ համայնապատկեր: 360 աստիճան տեսանելի է Այրարատեան աշխարհը, Վասպուրական աշխարհը, Հայկական Լեռնաշխարհի բոլոր այլ աշխարհները:

Լիբանանի մէջ կենդանի հաղորդում կայ: Շնորհիւ բջիջային հեռաձայնի եւ համացանցի՝ ամբողջ աշխարհ դիտած է Ծովակը: Ու այդ պատանուհին արդարացիօրէն դարձեր է… աշխարհահռչակ:

Գերմանացիները կը հիանան յաջորդ երգի աշխոյժ հնչիններով՝ «Հայաստան աշխարհ, դու մեր կարօտն ես՝ քո կեանքով անմահ»: Ուրկէ՞ եկաւ այդ երգը, ի՞նչ հով բերաւ զայն, չեն գիտեր: Իսկ քաջ հայուհիի շրթներէն կը սկսի հոսելու հեշտալուր Չարենցը. «Աշխարհ անցիր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ»:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles