Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ-Ո՞ւր է Հալէպահայերուս Տեղը…

$
0
0

Յակոբ Միքայէլեանի «Աշնանային Մենանուագ»ին Առթիւ

 

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

 

0727hagopmikayelianԵրեք ամիս է, կրկին ու կրկին «Աշնանային Մենանուագ» հատորը ձեռքիս՝ ետ ու առաջ կը դարձնեմ էջերը ու Հալէպը՝ մանկութեան եւ պատանութեան օրրանս, սահիկներու ցուցադրութեամբ կը տողանցեն աչքիս առաջ:

Հեղինակը Յակոբ Միքայէլեանն է: Կենսագրութիւնը՝ Ցեղասպանութենէն վերապրած զէյթունցի ծնողքի զաւակ, Հալէպ ծնած եւ ուսած արձակագիր, հրապարակագիր, քանի հատորներու հեղինակ, դերասան, բեմադրիչ, թարգմանիչ (արաբերէն), իսկ համալսարանական վկայականը՝ անգլերէն գրականութեան, Դամասկոսէն, ապա մանկավարժութեան վկայականը՝ Նիւ Ճըրզիէն:

180 էջնոց այս հատորը, որ լոյս տեսած է Անթիլիաս, 2012ին, «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան» հիմնադրամին շնորհիւ, խոշոր կարկինով մը գլխաւորաբար Հալէպի կեանքն է որ կը նկարագրէ: Սկսելով յետ-եղեռնեան հայ ընտանիքի կեանքէն, մինչեւ Հալէպի հայ կեանքի ոսկեդարը: Միջինարեւելեան երկիրներու հայ համայնքի երիտասարդութեան եռուզեռը, ամառնային պարտէզներն ու երիտասարդական բանակումները, մարզախումբերու հիւրախաղերը, քաղաքէ քաղաք ճամբորդութիւնները, որոնք բոլորն ալ ինչ-ինչ յիշատակներով եռուզեռ եւ հայկական կեանք կ՛արձանագրէին:

Յակոբ Միքայէլեանը ճանչցած եմ ուսանողական շրջանէս, Հալէպի ՀԲԸՄի Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի երկրորդականի տարիներէն: Թէեւ դասընկերներ չենք եղած, սակայն արուեստի սէրը հասարակ յայտարարով մը տարբեր դասարանցիներս իրարու կը մօտեցնէր:

Տրամադրութիւններու մերթ ծայրայեղ եւ մերթ հակոտնեայ արտայայտութիւններով, մերթ գողտրիկ ու ամչկոտ ժպիտով, իրաւ արուեստագէտի խմորով տղայ մըն էր ան մեզմէ շատերուն համար: Եւ չուշացաւ փաստը Հալէպի թատերական կեանքի երկնակամարին վրայ. ան հայ բեմին վրայ փայլեցաւ իր դերերով, նոյնիսկ արաբական հեռատեսիլի կարգ մը ֆիլմերու մէջ հայ համայնքին ներկայութիւնը հաստատելով ու արուեստի ներդրումը կատարելով:

Իսկ հայ մամուլին մէջ երեւցող իր հետեւողական շարքը՝ «Քիթի մը Օրագրէն» կամ «Բաց Պատուհանէն», ինչե՜ր չէին տեսներ եւ արձանագրեր Միջին Արեւելքի սփիւռքահայ առօրեայէն։

Անցած Ապրիլին մէկ շաբթուան այցս Երեւան-հայրենի տուն, առիթ տուաւ, որ հանդիպինք մեր համաքաղաքացի Յակոբին հետ եւ մակագրուած հատորը ստանանք Ապրիլ 16, 2016 թուականով, եւ հիմա ձեռքս է:

Հալէպն է, որ կը շնչէ հոն՝ տաս-նամեակներու ապրումներով, վկայագրութիւններով: Հայատառ թրքերէնով Աստուածաշունչը, ջարդէն ճողոպրած զէյթունցի իր ծնողքին առագաստի սենեակը զարդարող հայելիով պահարանին պատմութիւնը, ի՜նչ-ի՜նչ յուշեր ու դրուագներ կ՛արթնցնեն սերունդի մը հոգիէն ներս (որ մե՛ր սերունդն է) մանաւանդ՝ յաջորդ օղակը Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն, հինը նորին կապող: Քանինե՜ր մեզմէ կը յիշեն իրենց մեծ հօր կարդացած Սուրբ Գիրքը հայատառ, սակայն թրքերէնով: Սուրբ Գիրքը՝ արաբերէն տառերով եւ օսմանեան լեզուով, եւ մանաւնադ այդ Սուրբ Գիրքի առաջին պարապ էջին վրայ արձանագրուած ընտանեկան ծառին մանրամասնութիւնները, ծննդեան, ամուսնութեան կամ մահուան թուականներով լեցուած:

Կանգ կ՛առնեմ պահ մը, եւ… կը կորսուիմ առաջին պատմուածքի էջերուն մէջ… ուր կը նկարագրուի, թէ ինչպէ՛ս 1940ականներուն, ֆրանսական մանտաթին պատասխան անգլիական օդանաւերու ռմբակոծումները անապահովութիւն կը ստեղծեն: Ընտանիքը կը փոխադրուի Նոր Գիւղ՝ ապահովութեան համար: Նոր Գիւղ եւ ապահովութի՞ւն: Այս օրերուն ի՜նչ «ապահովութիւն», մարդկային ի՜նչ կատակերգութիւն…

Հալէպի «Աճուր Թարլայի» ամայի դաշտէն, Ցեղասպանութենէն ետք Հալէպի առաջին հայկական եկեղեցւոյ՝ Ս. Գէորգի սահմանէն մինչեւ Նոր Գիւղի «ճամի»ն (մզկիթը) երկարող շրջանը հայութեամբ կը շնչէր: Վերապրողներու քրտինքով թիթեղեայ տնակները աղիւսապատ բակով տուներ եղած էին՝ պատուահաններէն հայկական երաժշտութիւնը փողոց հոսող մթնոլորտով մը:

Վերջին տասնամեակներուն քարաշէն տուներու վերածուած, հայաշատ կեդրոններով եւ դպրոցներով մշակոյթ շնչող Նոր Գիւղէն քար-քարի վրայ չէ մնացած այսօր՝ 2016ին, Հալէպի ոսկեդարը պատմութեան էջերուն փոխանցելու համար: Այս օրերուն Հալէ՞պը… եօթանասուն տարի ետք գացած. 2010էն ի վեր հայաշատ Նոր Գիւղը եղած է դիպուկահարներու եւ ռմբակոծումներու թիրախ: Քաղաք մը, որ ջարդի մոխիրները թօթափելով փիւնիկի պէս կենդանութիւն առած սերունդէն մտաւորականներու փաղանգ մը հասցուցած է եւ հարստացուցած ամէն սփիւռքահայ կեդրոն:

«Ո՞ւր են համաշխարհային, միջազգային հեղինակութիւնները. ինչո՞ւ Հալէպը աղէտեալ քաղաք պիտակելով՝ չեն փութար պատերազմը կեցնելու ու քաղաքը փրկելու վերջնական չքացումէ: Չե՞ն կրնար… շա՛տ լաւ ալ կրնան, սակայն, կ՛ուզե՞ն», կը գոչէ Յակոբ Միքայէլեան իր վերջերս ստորագրած «Անտէրութիւն» յօդուածով:

Տասնվեց պատմուածքներով եւ տասներեք խոհագրութիւն-ճեպանկարներով, Հալէպի առօրեային հետ իր անձնական մտերիմ պահերուն հաղորդակից կը դարձնէ մեզ Յակոբը: Մեծ քաղաք Հալէպի պատուհաններէն ներս կատարուած կեանքի մանրամասնութիւններէն մինչեւ մանր-մունր բամբասանքներու արագավազ շրջանառութիւնը, ի չգոյէ քսանմէկերորդ դարու տեղեկատուական միջոցառումներուն, արմանք-զարմանք կը պատճառեն ընթերցողին:

Յակոբ Միքայէլեան մանկութեան տարիներէն անցած է այն փորձառութենէն, երբ եւրոպական երկիրներու կողմէ Հալէպի վրայ տեղացնող ռմբակոծումին պատճառով պատուհանները պէտք էր մուգ կապոյտ ներկուէին, կամ՝ օրաթերթեր փակցնելով ապակիները փակէին, որպէսզի լոյսը չթափանցէր դուրս (1940ական թուականներուն)։ Համալսարանական իր տարիներուն, արաբ-իսրայէլեան պատերազմի օրերուն հազիւ մայրաքաղաք Դամասկոսէն ողջ-առողջ Հալէպ կը հասնի (1967), իսկ այս օրերուն ալ դիպուկահարուող ու ռմբակոծուող Հալէպէն հասած է Երեւան եւ հայրենի հողին վրայ կը գտնուի մէ՛կ հաստատակամ յայտարարութեամբ՝ «Մենք իր մէջ ըլլալէն աւելի՝ ա՛ն մեր մէջն է…»։

Այո՛, հայրենիքը… ամէն մէկ սփիւռքահայու հոգիին մէջն է…

Բայց ո՞ւր մնաց Յակոբի տաղանդին շարունակական փայլքը, մէկ տեղ մնալով ու ճանաչում գտնելով՝ իր արդար վաստակին համբաւը վայելելու: Մէկ տե՞ղ: Ո՞ւր սակայն: Ո՞ւր է հալէպահայուն տեղը:

Կը կարդամ… ու կ՛անդրադառնամ այն մղոններու ահաւոր ճամբորդութիւններուն մէջ երկարող տարածութեան, որ վիճակուած է Ցեղասպանութենէն իւրաքանչիւր վերապրողի եւ անոր սփիւռքահայ զաւակներուն…

Յակոբի զէյթունցի ծնողքին փոշին Հալէպի հողին խառնուած է…

Յակոբին, իր քոյրերուն եւ անոնց զաւակներուն ու թոռներուն ճանապարհորդութիւնը կը շարունակուի մէկ ցամաքամասէն միւսը:

Կը կարդամ, կը ժպտիմ այն ուրախ օրերու յուշերով, երբ «օթոպիւս»երով քաղաքէ քաղաք հիւրախաղերու կամ մարզական մրցումներու կ՛երթային պատանի-երիտասարդները, կը ծնէին փոքրիկ սէրեր, որոնք երբեմն ալ խոր ու հաստատ սիրով կը շարունակուէին եւ ամուսնութեամբ կը կնքուէին։

Այս էջերուն հետ… կը յիշեմ տողերը բանաստեղծին. «Ու մերթ լացաւ ու մերթ խնդաց իմ հոգին…»։

Յակոբը գողտրիկ պատկերով մը «Մեծ Մանուկը» (էջ 160-161) վերնագիրով կը նկարագրէ այն փոքրիկ մանչուկին վիճակը, որ այդքա՛ն փոքր հասակին շոքոլա չի կրնար ուտել, որովհետեւ շաքարախտ ունի, եւ երեք անգամ «ինսուլին»ով ներարկուելու ստիպուած կ՛ըլլայ…

«Ցաւը ինչպէ՞ս կը մեծցնէ եղեր մէկը, հասուն կը դարձնէ, կը կոփէ, կ՛ամրացնէ», կ՛եզրափակէ Յակոբ Միքայէլեան: Հասունութիւնը եթէ չափանիշ մը ունի, ապա հալէպահայունը ո՞ւր հասած է:

Ի՞նչպէս չմտածել բոլոր այն մանուկներուն մասին, որոնք այսօր, աւելի քան հինգ տարի է որ Հալէպի դժոխային կեանքը կ՛ապրին: Կա՞յ «ինսուլին»ի տեսակ մը արդեօք, որ մեղմացնէ անոնց ցաւը:

«Երբ այսքան անպէտ ու անկարեւոր կը դառնայ մարդը աշխարհի «տէրեր»ուն ձեռքը», քանի-քանի հալէպահայ տաղանդներ, իրենց արուեստով դեռ քանի՜-քանի՜ մղոններ պէտք է կտրեն, հանգրուանելու եւ վայելելու համար իրենց արժանի տեղը:

Էջ առ էջ կարդալով Յակոբ Միքայէլեանի «Աշնանային Մենանուագը»՝ Հալէպն է, որ կենդանի կը տողանցէ աչքիս առաջ, եւ կրկին հարց կու տամ…

Ո՞վ պիտի գրէ Հալէպի ամբողջական պատմութիւնը, եւ ո՞ւր է հալէպահայուն տեղը:

 

Նիւ Եորք

Յուլիս 8, 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles