Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Հոգի

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Armenian_alphabet_0021520 թուականն է, Վանայ ծովէն ո՛չ շատ հեռու՝ Խառակոնիս գիւղի Ս. Թէոդորոս եկեղեցին: Նահապետ Քուչակը, հազիւ քսան-քսանհինգ տարեկան նր-բահոգի երիտասարդ, իր սիրածի պայծառ ժպիտէն ներշնչուած՝ աշուղ դարձեր է: Վկան՝ իր նորագոյն հայրենը, որուն չորս տողի վաթսուն հոգեգրաւ վանկերուն մէջ ամփոփած է իր սէրը:

«Ես աչք ու դու լոյս, Հոգի, առանց լոյս՝ աչքն խաւարի…»

– Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, այս լեռներուն մէջ ապրած են եւ կը շարունակեն ապրիլ անապատականներ, ճգնաւոր վանականներ, որոնք «հոգի»ն երկինքներու մէջ փնտռած են: Մինչդեռ ես՝ զայն գտայ մեր գիւղին մէջ. գեղեցիկ հողեղէն մը, աչերը ծովէն առած, ունքերը՝ թուխ ամպէն, երեսը՝ վարդի կարմիր տերեւէն, բերանը՝ շաքարով լի, որուն լուսաւոր ծոցը բանաստեղծ դառնալ կը պարտադրէ զիս:

«Ես ձուկ ու դու ջուր, Հոգի, առանց ջուր՝ ձուկըն մեռանի…»

– Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, այս լիճին մօտ ապրած են մեծ բանաստեղծներ, որոնք սիրած են խօսիլ Վերինին հետ: Մինչդեռ ես՝ կը սիրեմ գիշեր ու ցերեկ խօսիլ իմ եարին հետ ու երգել անոր գեղեցկութիւնը.

«Երբ զձուկն ի ջրէն հանեն, վ՛ի այլ ջուր ձըգեն, նա ապրի»,

«Երբ զիս ի քենէ զատեն, քան զմեռելն այլ ճար չի լինի»։

– Նահապե՛տ, չենք գիտեր, թէ սիրոյ հովը ուրկէ՛ կը փչէ, այդ գեղեցիկ երկրաւոր «հոգի»ն ուրկէ՛ կը յայտնուի ու կը զգլխէ մարդս: Սակայն, ստուգաբանութիւնը ունի յստակ պատասխան «հոգի» բառի ծագումին համար, ըստ որուն՝ զայն պէտք չէ փնտռել հեռուները:

«ՀՈԳԻ»ն բնիկ հայկական բառ է: Նախնական ձեւն է հնդեւրոպական նախալեզուի արմատ pneu/peu, «փչել, շնչել»ը: Ցեղակիցներն են «հեւ» եւ «հոգ»: Յունարէն տարբերակն է pnoe-շունչ, ուրկէ՝ pneuma բառը «հով, օդ, քամի»: ՀՈԳԻ բառը, ուստի, բուն կը նշանակէ «փչիւն, շունչ»: Լեզուաբաններու մեկնաբանութեամբ, ներառեալ՝ Հրաչեայ Աճառեանի, նախնական մարդուն համար միեւնոյնն էր «հոգի, քամի, շունչ, օդ, փչիւն» գաղափարները:

– Կը հաւատամ ձեր ըսածներուն, քանի որ աշուղներու ներշնչումն է քամին սա դիմացի Սիփան լերան եւ հովը մեր Բզնունեաց ծովուն:

– Բառը դարձեր է ներշնչում նաեւ մեր լեզուին համար. սկսելով Ոսկեդարէն՝ ունեցեր ենք պատկերալից բառեր. հոգեխառն, հոգեկրօն, հոգեմարտ, հոգեւորացուցանել, հեզահոգի, դառնահոգի, երկայնահոգի… Ապա, Միջնադարուն եւ նոր դարերուն՝ հոգիանալ, հոգովացուցանել, հոգեբաժին, հոգեբան, հոգեզմայլ, հոգեհատոր, հոգեհարազատ, հոգաբարձու, հոգեհանգիստ, հոգեմաշ, հոգեշնորհ, հոգեվարք, հոգէառ: Արմատի երկրորդ ձեւն է ՈԳԻ, որ ոգեւորած է մեր մատենագիրները. ոգեկորոյս, ոգեշունչ, կաթոգին, ոգելից…

– Ճշմարտութիւնը, պարոն ստուգաբանութիւն, անոնք բառեր չե՛ն: Մե՛նք ենք: Մեր երկու օրուան կեանքերու ապրումները՝ իրենց բոլոր հաճոյքներով, թերութիւններով: Հոգեւորականներու համոզումն է, թէ առանց հոգիի կեանք չկայ: Ես «հոգի»ով կը հասկնամ իմ սիրածը, այնքա՛ն ատեն որ կենդանի եմ։

– Նահապե՛տ, քանի՞ հատ հայրեն գրած ես:

– Շատ չէ: Խո՛րքն է կարեւոր: Խնդիրն այն է, որ աշուղին գրածը գաւառէ գաւառ կը տարածուի ու երբեմն կը կորսնցնէ իր հեղինակի անունը: Կարելի է, որ դարեր անց, ուրիշի գրածն ալ մարդիկ կարդան՝ վերագրելով իմ անունիս, անարժան Քուչակին:

– Գաւառէ գաւառ կը շրջի նոյնպէս «ՀՈԳԻ» բառը: Չե՞ս գիտեր, որ քամին կը փչէ, կը տանի զայն հեռուներ… Խարբերդցին իր սիրածը կը կանչէ՝ Հոգի՛ս, մշեցին՝ Հոկիս, տիգրանակերտցին՝ Հոգգիս, արցախցին՝ Հիւգիս, Հէօգիս, հաճընցին՝ Հիգգիս, զէյթունցին՝ Հիգգէս, սվետիացին՝ Հիգգաս…

– Իսկ Հայկական լեռնաշխարհի մեր կողմերը «հ»ն դարձուցեր ենք «խ» հնչիւնի: Սալմաստցիները կ՛ըսեն՝ «խոգի», մարաղացիները՝ «խոգը», մոկքցիները՝ «խոկէ»: Իսկ լուսահոգի մայրս, ինչպէս բոլոր վանեցինրս, կ՛ըսէր՝ «խոկի»:

– Նահապե՛տ, երկու հարիւր տարի ետք պիտի յայտնուի ուրիշ մէկ աշուղ, սիրոյ եւ հոգիի մեծ երգիչ, ու պիտի ըսէ՝

Եիրիք բան կայ՝ հոգու, մարմնու կարքումն է,

Գիր սիրէ, ղալամ սիրէ, տաֆթար սիրէ:

– Պարո՛ն ստուգաբանութիւն, կը հաւատամ, թէ հոգին անմահ է, ինչպէս սէրը: Երբ մահանամ, կ՛ուզեմ հանգիստ առնել այս սուրբ տաճարի պատին տակ ու երգերովս ոգեւորել բոլոր սերունդները:

 

***

 

1592 թուականն է: Քուչակը մահացած է շուրջ հարիւր տարեկանին: Արդէն ուխտատեղի է դարձած հայրենի եկեղեցւոյ պատին տակ զետեղուած իր շիրիմը: Անոր առջեւ անցորդները կը յիշեն աշուղի վերջին շունչով երգած հայրենը.

Հոգիս ի մարմնոյս ելաւ, նա նըստա առջեւն ու լացի.

«Ա՛յ հոգի, դու ո՞ւր կ՛երթաս, երբ քեզնո՛վ եմ ես կենդանի»:

Հոգիս ալ մարմնոյս ասաց. «Ես ըզքեզ խիկար կու գիտ՛ի».

«Երբ տունն ի քակել առնու, տէրըն ներսն այլ ի՞նչ բան ունի»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles