ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Այն, ինչը ժխտական երեւոյթ է մեր կեանքին մէջ, իբրեւ մարդ, սովորութիւն ունինք մերժելու: Երբ զգանք, թէ մեզի մօտեցող, մեր շրջապատին մէջ երեւցող տխուր երեւոյթ մը կայ, կամ զգանք, թէ ոմանք կ՛ուզեն մեր կեանքին մէջ նման երեւոյթ մը «ցանել», անմիջապէս առաջքը կ՛առնենք եւ կը փորձենք զայն մեզմէ հեռացնել: Մէկ խօսքով, չկայ հոգեկանօրէն առողջ մարդ, որ փափաքի իր կեանքը տեսնել տխրութեամբ համակուած, կամ տխուր երեւոյթներով լեցուն:
Ճանչցած եմ անձեր, որոնք նոյնիսկ տխուր խօսքեր չեն ուզեր լսել եւ անմիջապէս կը թելադրեն իրենց խօսակիցներուն փոխել նիւթը եւ զուարթ խօսքեր ըսել… Ասոնց համար կ՛ըսուի, թէ երկար ու երջանիկ կ՛ապրին: Կարելի չէ՛ անշուշտ հաւատք ընծայել այսպիսի խօսքի, որովհետեւ ամէնէն երջանիկ մարդոց պարագային ալ յանկարծ դժբախտութիւն մը կրնայ պատահիլ, անսպասելի հիւանդութիւն մը կրնայ բոյն դնել անոնց մարմինին մէջ, ու դժբախտ վախճան մը կ՛ունենան անոնք:
Վերի տողերը գրեցինք, որպէսզի հաստատում մը ըրած ըլլանք մարդկային մեր հոգիէն եկող այն ժխտողական մօտեցումին մասին, որով կ՛ուզենք վանել ու հեռացնել մեզմէ այն, ինչը բացասական է մեր կեանքին համար: Սակայն, ամէն բացասական կամ ժխտական երեւոյթ վատ չէ՛:
Բոլորս ալ գիտենք, թէ յատկապէս երեխաներու կեանքին մէջ ժխտական երեւոյթը, արգելքը, մերժողականութիւնը որքա՜ն դրական գործօն են՝ զանոնք դաստիարակելու իմաստով: Ծնողներ, դաստիարակներ, ուսուցիչներ, պատասխանատուներ եւ անոնց բարոյական կազմաւորման հս-կող անձեր որքա՜ն կը գործածեն «ո՛»չ հրահանգը: Անշուշտ անոր կը հետեւի բացատրութիւն մը, որ կը հիմնաւորէ ժխտողական հրահանգը, սակայն եւ այնպէս, ճիշդ տեղին, այդ հրահանգը իր դրական ու կարեւոր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ մանուկին կրթութեան ընդհանուր ծրագիրին մէջ:
Անշուշտ մանուկներու կեանքին ու դաստիարակութեան չի՛ վերաբերիր միայն այս ժխտողական հրահանգը: Իրենց չափահաս տարիքին ալ մարդիկ սխալներ կը գործեն, եւ ո՛չ միայն իրենց մանկութեան: Չափահասները մանուկ չենք անուաներ, յարգելով անոնց տարիքն ու շրջապատին մէջ վայելած հանգամանքը, եւ կը բաւարարուինք միայն քաղաքավարական նախադասութեամբ մը, որ արդէն առածի կարգ անցած է. «Մարդս սխալական է»: Բայց, քանի՞ անգամ սխալելու իրաւունք ունինք արդեօք: Վիրաւորական ըլլայ թերեւս յիշեցնելը, թէ նոյն փոսին մէջ չիյնալու համար, երկարականջ ծանօթ կենդանին քիչ մը անդիէն կ՛անցնի յաջորդ անգամ:
Աստուածային պատուիրաններուն մէջ ալ կը հանդիպինք ժխտողականութեանց, որոնք դարձեալ դաստիարակչական բնոյթ ունին աւելի, քան՝ պատժողական: Երբեմն անսպասելի պատիժներ կը համարենք որոշ արգելքներ, որոնք մեր կեանքի ընթացքին կը պատահին, սակայն յետոյ կ՛անդրադառնանք, թէ Աստուած զանոնք մեր դէմը հանած է մե՛ր բարիքին համար, որպէսզի աւելի մեծ փորձանքէ մը փրկէ մեզի:
Դժբախտութեան մը ամէնէն «հարազատ» ընկերակիցը, որ գրեթէ անբաժանելի կառչածութեամբ մը կը քալէ անոր մօտէն՝ յուսախաբութիւնն է: Ասիկա այն տխուր զգացումն է, որ մարդու հոգին կը պատէ եւ յառաջդիմութեան ամէն քայլ կը խափանէ: Յուսախաբութիւնը շուտով կը վերածուի յուսահատութեան եւ որ նոյնիսկ կեանքը շարունակելու ախորժակը կը կասեցնէ մարդու հոգիին մէջ: Ուրեմն, յուսախաբութեան եւ ապա յուսահատութեան մասին խօսած ատեն, պէտք է անդրադառնանք, թէ որքա՜ն հզօր ու անխորտակելի ուժի մասին է խօսքը: Շատե՜ր ցարդ փորձած են գօտեմարտիլ յուսախաբութեան ու յուսահատութեան զոյգ ուժերուն դէմ, եւ ամօթահար դուրս եկած են մարտահրապարակէն: Անձի մը, երեւոյթի մը վրայ յոյս դնելէն ետք, երբ արդիւնքի չի՛ հասնիր մարդ, յուսախաբ կ՛ըլլայ, ու ապա մինակ մնալով՝ յուսահատութեան կը մատնուի: Յուսահատութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի, երբ ապրելու յոյսը կը կորսնցնէ մարդ: Սակայն, արդեօք ժխտական այս երեւոյթին մէջէն ալ կարելի չէ՞ դրական որեւէ ազդակ քաղել եւ ծառայեցնել մարդու բարիքին:
Յուսախաբութիւն ապրած եւ յուսահատած մարդիկ, բնականաբար չեն կրնար քննարկութեան ժամանակ տրամադրել նման նիւթ: Անոնք արդէն փակուած հարց կը համարեն այս նիւթը, եւ իրենց հայեացքին դիմաց արեգակը իր անզուգական փայլով իսկ չի՛ կրնար բաւարար լոյս հայթայթել, լուսաւորելու համար իրենց կեանքի մնացեալ ուղին:
Յուսախաբուած մարդուն կեանքը հեռուէն դիտողի մը համար, սակայն, յուսախաբութենէն յուսահատութիւն, երկա՜ր ճամբայ մը կ՛երեւի: Այսինքն, յոյսի գործօնը միշտ առկայ կ՛ըլլայ յուսախաբուած մարդուն կեանքը հեռուէն դիտողին համար: Մինչ, յուսախաբուած մարդուն համար, յուսախաբութենէն յուսահատութիւն անցքը, ակնթարթէ մը աւելի կարճ միջոց կը թուի: Ուրեմն, յուսախաբուած մարդը, օժանդակութեան կարիք ունի անկասկած: Ո՛չ միայն մտերիմ կամ հարազատ մարդիկ, այլեւ կրօնական բարոյագիտութեան բարձր արժէքը իմացող անհատներ, զանազան միջոցներու կը դիմեն, մօտենալու եւ օգնելու համար յուսախաբուած մարդուն:
Յուսախաբուած մարդոց բարի նպատակով օժանդակելու համար մօտեցողներէ բացի, կան նաեւ զանոնք շահագործելու համար մօտեցող տեսակները…։ Աղանդաւորական շարժումներու պարագլուխներ, ճիշդ այսպիսի անձեր՝ կեանքի այս կամ այն երեւոյթէն կամ այս կամ այն անձէն յուսախաբ եղած մարդոց որսորդներ են: Անոնք մասնաւոր ճիգ ի գործ կը դնեն, գտնելու համար յուսախաբուածները, որոնք լաւ ատաղձ կը հանդիսանան իրենց ծաւալապաշտ գործունէութեան: Յուսախաբուած մարդուն կեանքի հունը քանդուած ըլլալով, այս արկածախնդիրները վերստին կը հունաւորեն զայն, սակայն իրենց ուզած ուղղութիւնը տալով անոր:
Բարի տրամադրութեամբ օժանդակելու նպատակով մօտեցողներու բացակայութեան, ենթակային կը մնայ ընդունիլ իր ապրած յուսախաբութիւնը:
Ի՞նչ կը նշանակէ, սակայն, յուսախաբութիւնը ընդունիլ: Ամէնէն դժուար, բայց կեանքի ամէնէն քաջ քայլերէն մէկն է ասիկա: Փաստօրէն, կեանքի ամէնէն դժուար երեւոյթներէն մէկը՝ յուսախաբութիւնը, կրնայ նաեւ անկիւնադարձ մը ըլլալ, զայն ապրած մարդուն համար:
Կեանքի մէջ դժուարութիւն մը դիմագրաւելէ ետք, ինքնադաստիարակութեան տարբեր միջոցներ կը կիրարկեն մարդիկ, զօրացնելու համար իրենց տկարացած կամքը, փարատելու համար ապրուած հոգեբանական ցնցումը եւ նախապատրաստուելու համար կեանքէն եկող անակնկալ նոր դժուարութիւններու:
Յուսախաբութիւնը ինքնադաստիարակութեան համար օգտագործուող, ինքնազօրացման ազդակներէն մէկն է: Դէպի յուսահատութիւն անցնելու կամուրջը թէեւ շատ մօտիկ է, սակայն յուսահատ մարդուն դիմաց դրուած մարտահրաւէրներէն մէկն է զայն հեռացնելը: Այս քաջ արարքը իրագործելի կը դառնայ այն ատեն, երբ յուսախաբ եղած մարդը Ընդունի՛ յուսախաբութիւնը իբրեւ ինքնազօրացման ազդակ:
Չկայ մարդ, որ յուսախաբութիւն ապրած չըլլայ այս կեանքին մէջ: Կ՛ընդունինք, թէ ամէնէն դժուար հանդուրժելին, հարազատ անձերու անհաւատարմութենէն եկող յուսախաբութիւնն է, սակայն այդ եւս կարելի է ընդունիլ իբրեւ ինքնազօրացման ազդակ եւ չիյնալ յուսահատութեան կործանարար գիրկը: