ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 2016-2017 տարեշրջանի «Հայք» հայագիտական դասաւանդութիւնները դարձեալ տեղի պիտի ունենան «Լարք»ի մէջ (543 Arden Avenue, Glendale, CA 91203), ամէն Շաբաթ օր, Սեպտեմբեր 3էն սկսեալ։
Պիտի դասաւանդուին հետեւեալ նիւթերը.
– Դասական հայերէն (գրաբար(՝ առաւօտեան ժամը 8-9.
– Հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւն՝ առաւօտեան ժամը 9-10.
– Պատմութիւն հայ իմացական մշակոյթի եւ ինքնութեան՝ առաւօտեան ժամը 10-11.
– Հայ երաժշտութիւն՝ առաւօտեան ժամը 11-12։
Հայերէնով մատուցուող այս նիւթերէն առաջին երեքին դասաւանդումը ստանձնած է հայր Տաճատ Եարտըմեան, իսկ չորրորդինը՝ Վաչէ Պարսումեան։
Փափաքողները կրնան արձանագրուիլ՝ դիմելով «Լարք»ի քարտուղարութեան՝ (818) 500-9997 թիւով։