ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Մշակոյթի օրուայ տօնակատարութիւնները, եթէ անոնք իսկապէ՛ս պիտի ծառայեն մեր ժողովուրդի հոգեպնդման ու յառաջընթացին, կոչուած են դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի ստեղծած հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը արժեւորելու եւ անո՛վ ներշնչուելու՝ հայ ժողովուրդի ներկան ու ապագան կերտելու մեր ճիգին մէջ:
Եթէ տեղ մը կտրուի այդ շարունակականութեան շղթան, եթէ միայն անցեալը գովաբանելու եւ կամ ներկան ողբալու ու ապագան անտեսելու դառն կացութեան մատնուի ժողովուրդ մը, ան արդէն կորսնցուցած կ՛ըլլայ ո՛չ միայն իր ապրելու կարողութիւնը, այլեւ՝ իրաւունքը:
Համազգային Մշակութային Ընկերակցութիւնը, Մշակոյթի Օրուայ այս հանդէսին առանցքը դարձուցած է Դանիէլ Վարուժանը, ո՛չ միայն անոր համար որ այս տարի ծննդեան հարիւրամեակն է մեր մեծ բանաստեղծին, այլ վստահաբար, անոր համար որ մեր արդի գրականութեան մէջ շատ քիչերն են, որոնք կրցած են Վարուժանի նման անցեալը պեղել, անոր ձգած հարստութիւնները յայտնաբերել եւ զանոնք իր էութեան ու գործին մէջ ներծծել՝ ներկան նկարագրելու եւ ապագայի տեսլականը կերտելու համար:
Ես պիտի չխօսիմ Դանիէլ Վարուժանի արուեստին, անոր բանաստեղծութեան զուտ գեղարուեստական արժէքին մասին, այդ մասին խօսուեցաւ արդէն. այդ ուղղութեամբ կը բաւէ յիշեցնել, թէ չկայ ոեւէ գրական քննադատ եւ կամ գրականութեան պատմագիր, որ Դանիէլ Վարուժանը չդասէ մեր արդի գրականութեան ամէնէն մեծ բանաստեղծներու կարգին: Իմ մօտեցումը պիտի ըլլայ աւելի ազգային դիտանկիւնէ, այն շրջագծին մէջ, զոր քիչ առաջ կը սահմանէի ազգի մը վերապրումի կարելիութեան ուղղութեամբ: Վարուժանը, որ մեր բանաստեղծութեան ամէնէն մեծ նորարարներէն մէկն էր, երբեք չուրացաւ անցեալը. նորարարութիւնը ան չշփոթեց անցեալի, ազգայի՛ն նկարագրի, ազգային արժէքներու ուրացման հետ՝ ինչպէս որ շատեր ըրին անցեալին ու կ՛ընեն այսօր ալ, թէ՛ մեր հայրենիքին ու թէ արտերկրի մէջ: Աւելին, իր ազգային եւ յեղափոխական նկարագրի նշումով, Վարուժան չգոհացաւ ետ երթալով մինչեւ Ոսկեդար, մինչեւ քրիստոնէական արժէքներու վրայ հիմնուած մշակութային ժառանգութիւնը մեր ազգին. Վարուժանի պեղումները գացին աւելի՛ ալ անդին, դէպի հեթանոս շրջանները մեր պատմութեան, յայտնաբերելու համար հայ ժողովուրդին պատկանող այնպիսի նկարագրային գծեր, – արիութիւն, կեանքը մարդկային իրապաշտ ձեւով ապրելու, սէր ու ծարաւ, ազգային ու մարդկային արժէքները ուժի գործադրութեամբ պաշտպանելու անբռնաբարելի իրաւունքի գիտակցութիւն, – որոնք, բոլորն ալ, քրիստոնէական բարոյականութեան թերեւս սխալ կիրարկումով, ընդարմացած էին մեր ժողովուրդին մէջ: Վարուժան զգաց, գիտցաւ, ուզեց, որ մեր ժողովուրդը վերատիրանայ հեթանոսական անցեալի իր նկարագրային գիծերուն, որպէսզի անոնցմով զինուած կարողանայ պայքարիլ իր մարդկային ու ազգային իրաւունքները ձեռք ձգելու եւ զանոնք պաշտպանելու համար: Ու ատոր համար ծնան Հեթանոս Երգերը:
Բայց, միւս կողմէն, Վարուժանն էր, որ կրցաւ քրիստոնէութեան ամպհովանիին տակ խլած մեր գրական ժառանգութիւնը վերակենդանացնել, ապրեցնել իր գործին մէջ. գրաբառային բառամթերքը յարութիւն առաւ Վարուժանի բանաստեղծութեան մէջ, մեռած համարուած լեզուն շնչեց, արթնցաւ, դարձաւ ապրող մասնիկը ներկային: Այսպիսով անցեալը եկաւ բիւրեղացած ձեւով հաստատուելու ներկային մէջ, զօդելու խզուած շղթան՝ Վարուժանեան հանճարի օղակով:
Վարուժան է՛ նաեւ, ու մանաւա՛նդ, երգիչը, շեփորահարը, առաջագնացը իր դարուն, իր ժամանակին եւ ատիկա ո՛չ միայն համամարդկային, այլեւ զուտ ազգային մակարդակի վրայ: Դանիէլ Վարուժան, որ կը դասուի գեղապաշտներու շարքին եւ կը համարուի գեղապաշտ դպրոցի ամէնէն կարկառուն դէմքը մեր գրականութեան մէջ, միաժամանակ է՛ ու կը մնայ ամէնէն ազգայի՛նը մեր բանաստղծներուն կամ ընդհանրապէս գրագէտներուն փաղանգին: Ան է, որ իր գործին մեծագոյն մասը նուիրեց իր ժողվուրդի վիճակին, նկարագրեց դառն ներկան, քաջալերեց ըմբոստութիւնը, մղեց հայ ժողովուրդը կռուի եւ պայքարի, ապրեցաւ ու ստեղծագործեց ո՛չ միայն իբրեւ արուեստագէտ, այլ նաեւ իբրեւ մարդ եւ հա՛յ: Երեւութական հակասութիւն մը կայ «գեղապաշտ» Վարուժանին եւ հայրենասէր ու ազգայնական Վարուժանին միջեւ, որ շփոթութեան կը մատնէ շատեր, որոնք մէկ կողմէն չեն կրնար ուրանալ Վարուժանի մեծութիւնը՝ իբրեւ բանաստեղծի, եւ միւս կողմէն՝ չեն կրնար հաշտուիլ անոր գործին զուտ ազգային նկարագրին հետ: Այսպիսիները կը մղուին անտեսելու, նսեմացնելու կամ ուրանալու մէկ կամ միւս երեսը Վարուժանեան վաստակին:
Այս անտեսումներն ու ուրացումները կը կատարուին երկու մակարդակի վրայ. մէկը՝ այսպէս կոչուած գեղարուեստական, իսկ միւսը՝ քաղաքական:
Գեղարուեստական մակարդակի վրայ կան մտածողներ, որոնք արուեստի խաթարում կամ նսեմացում կը համարեն գրագէտի մը գործին մէջ տեղ գտած որեւէ ազգային կամ հայրենասիրական արտայայտութիւն. ասոնք, «արուեստը արուեստին համար» նշանաբանով մէջտեղ ինկած, միայն անձնականին ու արտայայտութեան ձեւին մէջ կը փնտռեն գեղարուեստը. այսպիսիները շատ հաւանաբար հոգիով աղքատ մարդիկ են, որոնք չեն կրնար ապրիլ իրենց ժողովուրդին, իրենց ազգին ու մարդկութեան տառապանքները եւ կը քաշուին իրենց արուեստի փղոսկրեայ աշտարակին մէջ: Մինչդեռ, եթէ բանաստեղծին գործը պէտք է արտայայտէ իր մարդկային էութիւնը, այդ էութեան անբաժան մասնիկը եւ զայն հարստացնող տարրերէն մէկը կը հանդիսանայ նաեւ Ան-անձնականը, որուն արտայայթիւններէն մէկն է ազգայինն ու հայրենասիրականը։
Այսպիսիները կը մոռնան տաղանդի ու հանճարի կարեւորութիւնը գրական գործին մէջ. հանճարեղ բանաստեղծը, Վարուժան մը, կրնայ հայրենասիրութիւնը դարձնել արուե՛ստի արտայայտութիւն, մինչդեռ անտաղանդը զայն կը պահէ քարոզչութեան մակարդակի վրայ, միւս կողմէն, որչափ ալ անտաղանդ գրողը խօսի ու ճառէ, թէ իր գործը վեր է ազգային մտահոգութիւններէ, անոր ստեղծագործութիւնը կը մնայ անարժէք, բո՛ւն իսկ արուեստի գետնին վրայ: Ի վերջոյ ո՞վ է աւելի ամբողջական մարդը, աւելի հոգեկան հարստութիւն, աւելի մարդկայնութիւն ունեցողը, որուն խօսքը կրնայ արժէք ունենալ. ա՛ն որ արուեստը կը բաժնէ իրական կեանքէ՞ն, թէ ոչ ան, որ արուեստի կը վերածէ իրականութիւնը:
Այսպէս կոչուած «արուեստապաշտները», որոնք չեն համարձակիր ուրանալու Վարուժանին արուեստը, կը ստիպուին անտեսելու այն ամբողջը, որ հայրենական ու ազգային է Վարուժանի գործին մէջ:
Միւս կողմէ, Վարուժանի գործին մասնակի ուրացումը կը կատարուի նաեւ քաղաքական միտումներով, ի մասնաւորի խորհրդահայ գրաքննադատութեան շրջագծին մէջ: Հո՛ս շեշտը կը դրուի Վարուժանի ստեղծագործութեան համամարդկային եւ միջազգային երեսներուն վրայ, մինչդեռ Վարուժանի գործին մէջ տիրապետող է ազգայինն ու զուտ հայկականը:
Համայնավար գրաքննադատութիւնը կ՛ուզէ Վարուժանին գործը մտցնել «ձեւով ազգային, խորքով միջազգային» կոչուող նեղ կաղապարին մէջ, անտեսելով այն իրողութիւնը, թէ Վարուժանի բանաստեղծական վաստակը թէ՛ ձեւով, թէ՛ խորքով, թէ՛ բովանդակութեամբ ազգային է, այսինքն՝ հայկական: Եւ ուրիշ հարց թէ, ազգայինի ու հայկականի ճամբով, Վարուժան կը հասնի համամարդկայի՛ն բարձունքներու:
Այս պայմաններուն մէջ պէ՞տք է արդեօք զարմանալ, երբ մարդիկ Դանիէլ Վարուժանի ծն-նդեան հարիւրամեակը կը տօնեն, թերթերու էջեր կը լեցնեն, հատորներ կը հրատարակեն՝ նուիրուած անոր կեանքին ու գործին, առանց տեղ մը անցողակի կերպով իսկ նշելու, թէ այդ մարդը իր կեանքին մէջ ի՛նչ գաղափարաբանութեան զինուորագրուած էր: Ժամանակն է, թերեւս, որ մէկը ձեռնարկէ Վարուժանի գործը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան ընդմէջէն ուսումնասիրելու աշխատանքին, ցոյց տալու համար, թէ ինչ չափով անոր կեանքն ու գործը այդ գաղափարաբանութենէն ազդուած են եւ զայն կ՛արտայայտեն: Եւ, վստահաբար, այդպիսի ուսումնասիրութիւն մը պիտի փաստէր, թէ օրուայ կեանքին, մտահոգութիւններուն եւ պայքարին սերտօրէն կապուած բանաստեղծներն ու գրագէտներն են, որոնք արուեստի ճամբով կը դառնան հոգեկան առաջնորդները իրենց ժողովուրդին:
Վարուժան ինքն իսկ քաղաքական ու ընկերային յեղափոխութեան եւ ազգային ազատագրական պայքարի առաջնորդի մղիչ ուժի դերակատարութիւնը կը վստահէր ստեղծագործ արուեստագէտին: Կը բաւէ կարդալ Վարուժանի երկարաշունչ եւ հոյակերտ «Նեմեսիս» բանաստեղծութիւնը համոզուելու համար, որ Վարուժան բանաստեղծի իր դերը կ՛արժեւորէր ժողովուրդը արթնցնելու, պայքարի մղելու եւ տեսլականի մը ձգտելու կարողութեամբ:
Այլ խօսքով, Վարուժան յանձնառու բանաստեղծի ամէնէն ազնուական տիպարներէն մէկն է մեր գրականութեան մէջ:
Վարուժան երգեց իր ժողովուրդի դառն, անտանելի կացութիւնը, բայց հեռու մնաց ողբերգական դերէն. ընդհակառակն. ան գովերգեց ուժը, ըմբոստութիւնը, կռիւն ու պայքարը, որոնք պիտի փոխէին հայ ժողովուրդի ճակատագիրը, կերտէին անոր ապագան:
Հանդիսաւոր տօնակատարութեան մը հասկնալի սահմանափակումները թոյլ չտուին, որ հոս կատարուած հաստատումները ամրապնդէի Վարուժանի գործէն առնուած մէջբերումներով: Մասամբ այդ բացը դարմանելու եւ ամբողջովին ընդհանրացումներու սահմանին մէջ չմնալու համար, կ՛ուզեմ խօսքս փակել Վարուժանի մէկ բանաստեղծութեան վրայ ծանրանալով, բանաստղեծութիւն մը՝ «Հայրենիքի Ոգին», որ լաւագոյնս կը պատկերացնէ նախապէս հոս ըսուածները:
Վարուժան, այդ գործին մէջ, նախ կոչ կ՛ուղղէ Հայրենիքի Ոգիին՝ վերայայտնուելու հայ ժողովուրդին մէջ ու ապա, հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ հայութեան ու իր հայրենիքին վիճակը. վիճակ մը, որ զարմանալիօրէն կը համապատասխանէ մեր ներկայ կացութեան: Վարուժան, իր խօսքը ուղղելով Հայրենիքի Ոգիին՝ կ՛ըսէ.
Տե՛ս, քու երկիրդ՝ որ մեր սերմին մայր ըրիր՝
Այլազգներու խըժդըժանքին մատնըւած,
Այսօր, աւա՜ղ, սուգ ու արիւն կը բըխէ.
Իր կործանած քաղաքներուն վրայ լըռիկ
Կը նըստի կռո՛ւնկն ողորմուկ.
Հողն՝ հերկըւած միայն սողովն օձերուն՝
Իր աղտաղտուկ խաւերուն մէջ կը պահէ
Պաղլեղ, եւ իր սեւ տափերուն վրայ՝ ոքոզ.
Կը մընան մեր այգեստանները՝ առանց
Շերտափակի, եւ կարասները՝ առանց
Հայրենական գինիին.
…
Բայց, յուսահատութեան բանաստեղծը չէ Վարուժան, որովհետեւ անմիջապէս կ՛աւելցնէ.
Եկո՜ւր, երկուր. ժամանակն այս է.- Եկո՜ւր
Ահա ցեղէդ մաս մ՛ազնիւ,
Գաղափարի, գուպարի մէջ հալումաշ՝
Ճամբուդ վրայ կը սփռէ
իր արիւնին հետ նոր վարդեր, կակաչներ։
Ապա, նոյն բանաստեղծութեան վերջաւորութեան, միշտ իր խօսքը Հայրենիքի Ոգիին ուղղելով՝ Վարուժան կ՛ըսէ.
Շունչիդ զեփիւռն ու ճառագայթն աչքերուդ,
Նման գարնան մեր տան շեմերը պճնող,
Թող ճամբորդեն հիւղէ հիւղ,
բնակարանէ բնակարան.
Կանգնին այրերն ու մայրեր,
Ծերը կանգնի՛, կանգնի՛ տղան
Ու ամէն ոք Ազգին սիրով լոկ արբշիռ
Ազգին ոգուով՝ հաղորդուած
Այնպէ՜ս վառի, ապստամբի, բորբոքի,
Որ Թորգոմայ Տունն զգայ
Թէ իր օջախը մարած՝
Այսօր հրաբուխ է դարձեր:
Տարբեր է արդեօք մեր ժողովուրդին վիճակուած այսօրուայ կացութիւնը. այսօր ալ, աւելի թերեւս քան երէկ, հայորդիները «հեռացան հօրենական երկրէն, կը խառնակին ազգերու խորթ արիւնով», այսօր ալ մենք, խորթացած, իրարու թշնամի ենք եւ «թշնամոյն դէմ՝ ծառայ»:
Բայց, միաժամանակ, այսօր ալ մեր ցեղէն մաս մ՛ազնիւ «գաղափարի պայքարին մէջ է նետուած» եւ յանուն հայրենիքին եւ հայութեան՝ «իր արիւնին հետ նոր վարդեր, կակաչներ կը սփռէ»։
Եւ այսօր ալ կ՛ապրինք այն տեսլականով, որ պիտի «կանգնին այր ու մայր, ծեր ու տղայ» եւ Ազգին սիրով գինովցած պիտի վերականգնեն Թորգոմայ Տունը, հայ ժողովուրդին հայրենիքը:
Եթէ չունինք Վարուժանեան այդ խոր հաւատքը, ստաբոյր կեղծիք է Դանիէլ Վարուժանի անձին մէջէն հայ մշակոյթը պանծացնելու համար այս մեր հաւաքուիլը այստեղ:
Հոկտեմբեր 21, 1984