ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Շաբաթ, 25 Յունիս 2016: Պատմական օր մը՝ Երեւանի Հանրապետութեան Հրապարակին համար. երեք հեկտար մակերես ունեցող այդ տարածութիւնը կը պատրաստուի ընդունելու Հռոմի պապ Ֆրանսիսը։
Այդ շքեղ հրապարակը, որ նախապէս կոչուած էր «Լենին»ի, եւ որուն վրայէն քալեր են մենատէրեր, նախագահներ, մեծանուն հրամանատարներ, եւ ուր կատարուեր են հանդիսաւոր շքերթներ, զինուորական տողանցքներ, բողոքի ցոյցեր եւ համերգներ՝ հովուապետէն 10 տարի աւելի տարեց է: Իսկ ամէնէն կարեւորը՝ 26 տարի առաջ, միլիոն մը ժողովուրդ հոն բարձրաձայն արտայայտեր է իր կամքը ու զայն վերանուաներ՝ «Հանրապետութեան» հրապարակ:
Պատրաստ է այցելութեան օրակարգը, պատուոյ հիւրերու ցանկը, ինչպէս նաեւ՝ այս առիթով թողարկուելիք դրոշմաթուղթերը: Պատրաստ է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուն՝ Շահէ Ծ. վրդ. Անանեանը, որ մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպած է եւ կու տայ այցելութեան մանրամասնութիւնները: Մինչ հայր սուրբը կը հրապարակէ տեղեկութիւնները, ոտք կը դնենք հրապարակներու եւ «հրապարակ» բառի պատմութիւններէն ներս:
– Հռոմի պապի այցելութիւնը Հայաստան,- կ՛ըսէ տէր Շահէն,- ինչ որ իմաստով պատմական է եւ բացառիկ:
Նոյնքա՛ն պատմական է «հրապարակ»ը: Որպէս պահլաւերէն փոխառութիւն՝ անիկա frapadak ձեւով ճամբայ ելեր է հիւսիսային Իրանէն, հասեր Հայաստան ու տեղաւորուեր է Երեւանի մէջտեղը: «Fra»ն մասնիկ է, իսկ «padak» բառը կը նշանակէ «աստիճան, ճանապարհ, բեմ», որուն զնդերէն արմատն է pada, սանսկրիտ՝ pad, այսինքն՝ ՈՏՔ:
– Հաշուի առնելով Հայաստանի բացառիկութիւնը՝ իբրեւ առաջին քրիստոնեայ երկիր,- կը շարունակէ տէր Շահէն,- Հռոմի պապը առանձնաբար է այցելելու Հայաստան, որպէս «ուխտագնացութիւն դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր»:
«Հրապարակ»ի նախնական իմաստն էր «նախագաւի»չ, մահարձանի առջեւ ձգուած ո՛չ շատ մեծ տարածութիւն: «Հրապարակ»ը, ժամանակի ընթացքին եւ քաղաքակրթութեան զարգացման հետ, սկսաւ մեծնալու եւ նշանակեց «փողոցներու միջեւ ընդարձակ տարածութիւն, բացավայր»: Միջնադարեան Հայաստանի բոլոր մեծ քաղաքները՝ Վանը, Կարսը, Անին, ունցած են երեւելի հրապարակներ: Մինչ, Դուինը ունեցեր է զինավարժութիւններու եւ մրցումներու համար նախատեսուած ընդարձակ հրապարակ: Դուինի խաչաձեւ կեդրոնական հրապարակին վրայ 5րդ դարուն կառուցուեր է կաթողիկոսի վեհարանը, իսկ 6րդ դարուն՝ կաթողիկոսարանը՝ իր Մայր տաճարով:
Քաղաքներու մէջ, երբ առեւտուրը կեդրոնացաւ հրապարակներու մէջ, անիկա սկսաւ նշանակելու «շուկայ»: Այս իմաստով, հին Երեւանը ունեցած է բազմաթիւ հրապարակներ. Խնապատի հրապարակ, Հիւսէյն Ալի Խանի կամ Մզկիթի հրապարակ, Զալ Խանի հրապարակ, Ֆահլա Պազարի հրապարակ… Ամէնէն մեծը եւ գլխաւորը՝ Ղանթարի կամ Շուկայի հրապարակ: Ան էր քաղաքի առեւտրական կեանքի սիրտը, ուր տեղի ունեցեր են նոյնիսկ մարզական միջոցառումներ:
Աւատապետական շրջանին, հրապարակը «ատեան, դահլիճ» իմաստը ունէր, ուրկէ կու գայ «Արքունի հրապարակ» արտայայտութիւնը: Վերջին հանգրուանին, «հրապարակ»ը ձերբազատուեցաւ երկրի մակերեսէն եւ ստացաւ փոխաբերական իմաստ՝ «հասարակական գործունէութիւն, ասպարէզ». ուստի, կ՛ըսենք՝ «գրական հրապարակ», ինչպէս նաեւ ունինք «հրապարակ հանել» արտայայտութիւնը, այսինքն՝ յայտնի դարձնել:
– Հանրապետութեան հրապարակում,- կը բացատրէ տէր Շահէն,- տեղի կ՛ունենայ ընդհանրական արարողութիւն եւ խաղաղութեան աղօթք: Այն, ինչ որ իմաստով խաղաղութեան աղօթք է, Մերձաւոր Արեւելքում, տարածաշրջանում խաղաղութեան հաստատման կոչեր են հնչելու:
«Հրապարակ»ը մեր լեզուին մէջ ալ ապահովեր է անկիւն մը: Ե. դարէն սկսեալ, Սուրբ Գիրքի թարգմանութեան եւ այլ գրական գործերու մէջ յայտնուեր են ընտիր բառեր. այսպէս՝ հրապարակաւ, հրապարակագոյժ, հրապարակախօս, հրապարականէծ, հրապարակատես, հրապարակախօսութիւն, հրապարակային, հրապարակագիր, հրապարակալուր…
Հարց-պատասխաններու ընթացքին կը մտածենք զանազան հրապարակներու եւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի տարողութեան մասին: Աշխարհի ամենամեծ հրապարակը Չինաստանի Տալեան քաղաքի Սինկհայի հրապարակն է, տարածութիւնը՝ 1,760,000 քռ.մ.: Իսկ Վատիկանի Ս. Պետրոսի հրապարակը, տօնական օրերուն կրնայ հիւրընկալել մինչեւ 400 հազար հաւատացեալ:
Տէր Շահէն է դարձեալ. «Հանրապետութեան հրապարակում 50-60 հազար մարդ պէտք է լինի», ու կ՛աւելցնէ. «Սա թերեւս պապի այցելութեան ամենահանդիսաւոր, ամենամարդաշատ արարողութիւններից մէկն է լինելու»:
Անխուսափելիօրէն կը մտածենք նաեւ, թէ ո՞րն է աշխարհի ամենափոքր հրապարակը: Պատասխանը կու գայ ստուգաբանութենէն՝ «pada» արմատէն… Անիկա ունի մէկ քայլաչափ տարածութիւն, այնտեղ՝ ուր մարդը կանգնած է: Այն հրապարակը, որ սահմանուած է մէկ շունչի, մէկ հոգիի համար: