ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Երեք «Այբ»երով սկսող բառեր ուզեցինք քով-քովի դնել, այս գրութեան վերնագիր մը տալու համար: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր նշանակութիւնը եւ յատուկ իմաստը ունի՛ անշուշտ: Այս բառերը, իրարմէ տարբեր գրութեանց մէջ կամ այն պարբերութեան ծիրէն ներս, ուր ընդգրկուած են, իրարմէ տարբեր իմաստներ պիտի արտայայտեն վստահաբար: Սակայն, այս գրութեան մէջ անոնք միասնաբար հանդէս գալով, մարդկային կեանքէն քաղուած երեւոյթի մը ակնկարկութիւն պիտի կատարեն:
Ուրիշին կեանքով մօտէն հետաքրքրուելու երեւոյթը գրեթէ բոլորին սովորութիւնն է: Իսկ անոնք որոնք կ՛ուրանան այս, ուրեմն այս աշխարհին մաս չեն կազմեր այլեւս, այսինքն՝ հրաժեշտ առած են այս աշխարհէն: Այսօրուան հաղորդակցութեան այնքա՛ն անմիջական միջոցները, համացանցի տեսակաւոր ծրագիրներով, անպայման ուրիշին կեանքով ու նախասիրութիւններով հետաքրքրուելու պատճառ կը հանդիսանան ակամայ: Ասիկա, անշուշտ, անուղղակի հետաքրքրութիւն մըն է, սակայն՝ հետաքրքրութիւն ըլլալէ չի՛ դադրիր:
Համացանցի գրասեղանի կամ ձեռապաստառներու «նեղ» պարունակէն դուրս, իրական կեանքի մէջ, ուրիշին կեանքով հետաքրքրուելու երեւոյթը շատ աւելի «ուժեղ» է, որ նաեւ ուրիշին անդորրը խանգարելու ազդու հնարաւորութիւն կ՛ունենայ:
Անդորրը կամ խաղաղութիւնը պէտք է հասկնալ իր բոլոր մակարդակներուն վրայ՝ անհատական, ընտանեկան, ընկերային եւ այլ: Այս անդորրին մէջ պէտք է փնտռել խաղաղութիւնը, դարձեալ իր տարբեր մակարդակներուն վրայ՝ հոգեկան, ընտանեկան, հաւաքական եւ այլ:
Մարդու հոգեկան անդորրը խանգարող, ինչպէս նաեւ անոր ընկերային շրջապատին վրայ ազդեցութիւն գործող վատ երեւոյթներէն մէկն է ականջ վիրաւորող բամբասանքը: Ինչքա՜ն ալ խուլ ձեւանան, մարդիկ դարձեալ կը լսեն իրենց հասցէին արձակուող խօսքի նետերը, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կը հասնին իրենց սրտին: Այնպէս ինչպէս մարմնի մէջ մտած նետը դուրս հանելու պարագային հսկայ վէրք կը բանայ, դեռ պատճառած ահռելի ցաւէն բացի, նոյնպէս ալ մեր սրտին մէջ մտած բամբասանքի նետերը գրեթէ անհնար կ՛ըլլայ դուրս բերել, որոնք մեզի մեծ ցաւ կը պատճառեն, դեռ առանց նկատի ունենալու արեան կորուստը, զոր պիտի ունենանք խօսքի այդ նետերը մեր սրտէն դուրս բերելու պահուն:
Աչալրջութեամբ հետեւիլ, թէ շրջապատիդ մէջ ի՞նչ կը խօսուի քու մասիդ, շրջահայեցութիւն է: Աւելորդ հետաքրքրութիւն մը չէ՛ ասիկա, այլ՝ իմաստութեան նշան, զգուշաւոր եւ զգօն ըլլալու համար առնելիք բոլոր քայլերուդ մէջ: Սակայն, աչալրջութեամբ հետեւելէն մէկ քայլ առաջ, կայ ակնկալելու քայլը:
Ամէն մարդ պէտք է ակնկալէ բամբասուիլ: Չափազանցութիւն չէ՛ այս հաստատումը մեր կողմէ այն պարզ պատճառով, որ չկայ մարդ, որ բամբասուած չըլլայ իր կեանքի ընթացքին: Ուրեմն, պէտք է ակնկալենք, որ մարդիկ պիտի բամբասեն մեզի: Սա նախազգուշութեան քայլն է, աւելի՛ նախապատրաստուած ըլլալու կանխամտածուած խելամտութեամբ: Ոմանք բամբասանքին «առողջ» տեսակին կու տան քննադատութիւն անունը, սակայն ատիկա այնքան ալ «առողջ» չըլլար, եթէ իր մէջ կրէ յարձակողապաշտ ոգի, իսկ արտայայտչական ձեւին մէջ ալ՝ վիրաւորական լեզու: Շինիչ քննադատութիւնը, գիտակից մարդոց կողմէ միշտ ընդունելի է: Սակայն, ամբարտաւան ու տկարամիտ մարդիկ միշտ կը հակառակին քննադատութեան եւ անսխալական կը համարեն իրենց անձը:
Բամբասանքի ձեւին տակ քննադատութիւն եւ քննադատութեան ձեւին տակ ակնկալուած բամբասանք լսելէ ետք բամբասուողը պէտք է դիմէ երկրորդ քայլին՝ արժեւորում:
Այնպէս ինչպէս իւրաքանչիւր գործի իրականացում ժամանակի կը կարօտի, նոյնպէս ալ իւրաքանչիւր գործի արժեւորում՝ ժամանակ կը պահանջէ: Յաջողութեան գաղտնիքը ասոր մէջ կը կայանայ: Ժամանակ պէտք է տրամադրել թէ՛ աշխատելու եւ թէ արժեւորելու կատարուածը: Իսկ որեւէ գործի դրական կամ բացասական արդիւնքը իմանալու համար պէտք է արժեւորել զայն:
Ակնկալուած եւ լսուած բամբասանքն ալ արժեւորման կը կարօտի: Ոմանք կը բաւարարուին ըսելով, թէ «ես ականջներս փակած եմ, ի՛նչ կ՛ուզեն ըսեն մարդիկ իմ մասին, որովհետեւ ես գիտեմ, թէ լա՛ւ աշխատանք կը կատարեմ»: Ասիկա ո՛չ միայն խուսափողական, այլ՝ պարտուողական կեցուածք է:
«Ականջները փակել»ով հարցերուն լուծումներ չե՛նք կրնար բերել: Այլ՝ ընդհակառակը, մեր մասին ըսուած խօսքերուն մասին քննականօրէն մտածելով, անոնց մէջ ճշմարտութեան համապատասխանող երեւոյթները պէտք է առանձնացնենք, մէկ խօսքով՝ անոնց մէջ ճշմարտութիւն մը գտնելու ճիգ պէտք է թափենք, այսինքն՝ արժեւորենք մեր մասին ըսուածները, ըլլան անոնք լա՛ւ կամ՝ վատ:
Երրորդ քայլը, զոր պէտք է առնենք՝ մեզի բամբասողներուն արգելք հանդիսանալն է: Թերեւս անհեթեթ թուի այս քայլը ոմանց, ըսելով, թէ «բամբասողը անպայման պիտի բամբասէ, ինչքան ալ փորձես լռեցնել զայն»: Սակայն արգիլելուն կերպերը կան: Պէտք չէ՛ այնպէս մտածել, թէ ուժի բանեցումով, հակադրուելով, հակադարձելով կամ ի վերջոյ սպանութեամբ պէտք է արգիլել մեր մասին կատարուող բամբասանքը:
Վերոյիշեալները ամէնէն նախնական եւ միամիտ ու տգէտ մարդու որդեգրած կերպերն են, որոնք անշուշտ արդիւնքի մը չեն հասցներ բամբասուողը:
Հանրային կարծիքին վրայ ազդեցութիւն գործելը յատուկ մասնագիտութիւն է: Ցարդ որեւէ ուժ անոր հեղինակութեան չէ՛ կրցած յաղթել: Հրապարակախօսութիւնը, ծանուցումներու ամբողջ համակարգը, լրատուամիջոցներու կատարած աշխատանքը նոյնիսկ կրնան ձախորդութեան մատնուիլ, եթէ հանրային կարծիքը ըսուածներուն հակառակը պնդէ: Սակայն, մարդ անհատը ի՛նք կրնա՛յ իր մասին եղած հանրային կարծիքը հիմնովին փոփոխութեան ենթարկել, իր ապրած կեանքի որակով եւ փոխյարաբերական կեանքին մէջ բերած յեղաշրջումով:
Լսուած բոլոր խօսքերը, բամբասանքի թէ քննադատութեան ձեւի տակ եղած արտայայտութիւնները կրնան անտեղի ու աւելորդ թուիլ լսողներուն, եթէ հասցէատէրը կամքի ուժով կարենայ փաստել անոնց ճշմարտութեան չհամապատասխանելը: Բամբասողին արգելք հանդիսանալու կերպը մասնաւոր դասարաններու աշակերտ ըլլալով չի՛ սորվիր մարդ, ո՛չ ալ ըսուածներու հակադրուելով կրնայ լռեցնել բամբասող աննահանջ բերանները: Այլ, բամբասանքին արգելք կրնայ հանդիսանալ ան միայն սեփական կամքին ուժով, եւ այն ալ՝ ի՛ր անձին պարտադրած խստագոյն օրէնքներով: Այս փոփոխութիւնը, սակայն, կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ բոլոր բնագաւառներուն մէջ կը սպասուի անկէ: Միայն մէկ բնագաւառ բարելաւելով կամ միայն մէկ մակարդակ բարձրացնելով հանրային կարծիքը կարելի չէ՛ փոխել:
Ակնկալէ, որ մարդիկ պիտի բամբասեն քեզ: Քաջաբար վերլուծէ կեանքդ եւ արժեւորէ քու մասիդ եղած քննադատութիւնները, ընդունէ՛ անոնց մէջ եղած ճշմարտութիւնները ու ի վերջոյ, եթէ կրնաս, արգելք հանդիսացի՛ր քեզ բամբասողներուն, վերատեսութեան ենթարկելով կեանքդ եւ յարաբերութիւններդ: