Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Ռազմ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Սակաւաթիւ են հայկական այն բառերը, որոնց ստուգաբանութիւնները ռա0903dadourianզմադաշտի վրայ տեսանելի են ու պէտք չունին երկարապատում բացատրութեան: Լաւագոյն օրինակը՝ «ռազմ» բառը, որուն բուն իմաստին թափանցելու համար, պիտի բաւէր վերադառնալ Ք.Ա. 71 թուական, մագլցիլ հարաւ-արեւմտեան Իտալիոյ Մոնտի Պիկենտինի լեռը ու դիտել կանաչապատ եւ գեղատեսիլ Սելէ հովիտը, որուն մէջէն ծոյլ ընթացքով կը հոսի նոյնանուն գետը: Հակառակ խաղաղ իր տեսքին, այս վայրը ականատես եղած է պատմութեան ամէնէն արիւնալի եւ ճակատագրական պատերազմներէն մէկուն՝ Սպարտակի գլխաւորած 60 հազար ապստամբ ստրուկներու վերջին ճակատումին՝ հռովմէական լեգէոններու դէմ։

Պատմական յետադարձ ակնարկէ առաջ, սակայն, պէտք է ընդունիլ, թէ «ռազմ»ը, կամ՝ «պատերազմ»ը, անիրաւուած բառ է: Մարդկային մտածողութեան մէջ անիկա առ հասարակ կ՛արթնցնէ սարսափազդու եւ բացասական ակնարկութիւն, մակաբերութիւն, թէ՝ «ռազմ»ը կործանում է: Մինչդեռ, կան դրական եւ շինիչ պատերազմներ. պատերազմ տգիտութեան դէմ, ծայրայեղութեան, բռնատիրութեան դէմ… պատերազմ յանուն ազատութեան, լուսաւորութեան, հաւատքի… Ուստի, Սպարտակի, այդ ազատատենչ թրակացի ռազմիկի պարագային, «ռազմ»ը պաշտելի արարք մը եղած պէտք էր ըլլար:

Սպարտակը յուսահատ է: Կիլիկիոյ ծովահէնները, որոնք ապստամբները առագաստանաւերով Սիցիլիա պէտք էր փոխադրէին, անարգած են իրենց խոստումը: Չունենալով այլընտրանք՝ Սպարտակը կ՛որոշէ վերջին անգամ ճակատիլ մահաշունչ լեգէոններու դէմ, որոնց ղեկավարն էր Հռոմի ամենահարուստ զօրավարը՝ եռապետ եւ մեծ կալուածատէր Կրասոսը: Ապստամբներուն 60 հազարը գերիներու զինեալ բազմութիւն մըն էր, ամբոխ մը անկանոն: Մինչ Կրասոսի վեց լեգէոնները, իւրաքանչիւրը հինգ-վեց հազար զինուորներէ բաղկացած, կը ներկայացնէին երկրաչափական կատարելութիւն մը: Անոնք ունին ուղղանկիւն կամ քառակուսի ենթախումբեր՝ շարուած հաւասար զուգահեռականներով: Ստուգաբանութիւնը, լերան լանջէն դիտելով այդ պատկերը՝ գիտէ, թէ Հռոմը անպարտելի պիտի մնայ եւ անիկա է, որ կատարելապէս իւրացուցած է ռազմարուեստը: Իսկ գերիները այդ օրը կրկին – եւ վերջին անգամ – գերի պիտի իյնան:

«Ռազմ»ը պահլաւերէն փոխառութիւն է, հիւսիսարեւմտեան Իրանի միջնադարեան լեզուն: Անոր սերնդակիցն է զնդերէն «ռասման» բառը, որ կը նշանակէ «զօրաբանակ, ճակատ»: Անոնք կը ծագին զնդերէն «ռազ» արմատէն՝ «շարել, կարգաւորել», ինչ որ կը բացակայէր Իտալիայէն դէպի հիւսիս՝ Գերմանիա, կամ դէպի արեւելք՝ Թրակիա փախուստ տալ երազող ստրուկներուն մօտ:

Հռոմի լեգէոններու եւ Պարսկաստանի «Անմահներ» կոչուած բանակներու շարաններուն դէմ անհամար պատերազմներ մղած մեր երկրին համար, «ռազմ»ը նոր բառ չէր կրնար ըլլալ: Ե. դարէն սկսեալ մեր բոլոր մատենագիրներուն քով ներկայ է անիկա: Եղիշէ Պատմիչ, Ղազար Փարպեցի, Փաւստոս Բիւզանդ եւ այլ պատմաբաններ մագաղաթի վրայ արձանագրած են «ռազմ», «ռազմիկ», «ռազմամուտ», «ռազմաւոր», «ռազմիլ» բառերը: Իսկ ի՞նչ մնաց այդ անհամար ճակատումներէն եւ անոնց բերած կործանումներէն: Բառերու հարստութի՛ւն մը. ռազմաբեմ, ռազմադաշտ, ռազմագէտ, ռազմագիտութիւն, ռազմագիտական, ռազմամթերք, ռազմանաւ, ռազմունակ, ռազմունակութիւն, ռազմանաւատորմ, ռազմաճակատ, ռազմագերի, ռազմայր, ռազմամուտ, ռազմաշունչ, ռազմասէր, ռազմափորձ, ռազմավար, ռազմավարութիւն, ռազմարդիւնաբերութիւն, ռազմաբժշկութիւն, ռազմերգ, ռազմակոչ… Իսկ այժմ պարտաւոր ենք «ռազմ»ին կցել նոր մասնիկներ եւ անոր վստահիլ նոր պաշտօններ, երբ մերօրեայ պատմութիւնը բեմ հանած է նոր դէմքեր եւ նոր երեւոյթներ: Այժմ ունինք «ռազմամոլ» առաջնորդներ, «ռազմատեաց» ցուցարարներ, «ռազմամէտ» եւ «ռազմատեն»չ քաղաքականութիւններ, «ռազմակործան» երկիրներ, «ռազմացրիւ» փոքրամասնութիւններ եւ «ռազմաշփո»չ երկրագունդ մը:

 

***

 

Վերադառնալով տխրահռչակ ռազմադաշտին… Սելէն այդ գիշեր դարձաւ արեան հովիտ մը: Մահացաւ ապստամբներուն մեծամասնութիւնը: Մահացած կը նկատուի նաեւ Սպարտակը, թէեւ չէ գտնուած անոր մարմինը: Իսկ այն վերջին վեց հազար, որոնք կրկին գերի ինկաւ, անոնց կը սպասէր աւելի՛ դաժան, նախատական ճակատագիր մը. անոնք, Կրասոսի հրամանով, խաչուեցան ու Հռոմէն Կապուա տանող Ապպիան մայրուղիի երկարութեամբ շարուեցան: Այդ որոշումը Հռոմի նզովքն ու վրէժխնդրութիւնն էր կարծես: Անոնք, որոնք ռազմի դաշտին վրայ շարուիլ չեն գիտեր, խաչափայտերու վրայ պէտք է շարուին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles