ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ձեռքի կռիւը քաղաքակիրթ աշխարհին համար արդէն վերցուած կը համարուի: Միայն մարզախաղերու ձեւին տակ, այն ալ յատուկ օրէնքներով, մասնաւոր խաղահարթակներու վրայ կը տեսնենք ըմբշամարտեր եւ բռնցքամարտեր, որոնք կարգ ու կանոն ունենալով հանդերձ, գիտակից մարդ էակին համար հաճելի չեն թուիր: Խաղի ձեւին տակ տեղի ունեցող, ուժաչափման այս կռիւներու աւարտին, մանաւանդ երբ հակառակորդ կողմերէն մէկուն կամ միւսին եւ կամ երկուքին դէմքերը վիրաւորուած կ՛ըլլան, գիտակից դիտող մը կ՛ափսոսայ խաղի անուան համար այս վէրքերու ստացումին: Նկատած ենք նաեւ, թէ վիրաւորուած մարզիկը անգամ հպարտ կը զգայ իր վէրքերով, մանաւանդ երբ յաղթանակ ապահոված է իր երկրին կամ մարզախումբին:
Ձեռքի կռիւի իսկական դէպքերը, քաղաքակրթութեան զարգացման հետ, պէտք է նուազած ըլլային: Սակայն դէպքերը ինչքան ալ քիչցած ըլլան, վերջնականօրէն վերցուած ու մոռցուած չե՛ն: Ուժի ցուցադրութեան սնափառ մտածողութիւնը տղոց քով, ու մանաւանդ հակառակ սեռի ներկայութեան բազուկի ուժով քաջ երեւելու բնածին փափաքը, տակաւին առիթ կը հանդիսանայ անտեղի կռիւներու: Այս կռիւներէն շատերը երկխօսութեան միջոցաւ կրնային իրենց խաղաղ լուծումը գտնել: Բայց ինքնատեսութիւնը մէկ կողմէ, եւ արժանապատուութեան հանդէպ բծախնդրութիւնը միւս կողմէ, պատճառ կը հանդիսանան անիմաստ հակամարտութիւններու:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ անուղղակի, կամ՝ բարոյագիտական մօտեցում մը կայ ձեռքի կռիւի մասին, որ ապտակ զարնելու ձեւով բացատրուած է: Յիսուս, իր հետեւորդներուն խաղաղարար ու խաղաղասէր ըլլալը քաջալերելու համար, կը թելադրէ բարիով պայքարիլ չարին դէմ: Թէեւ երկարմատեան վարդապետութեան քարոզիչ չէ՛ Յիսուս, սակայն բարիի բացակայութեան հետեւանքով զգացուած չարը պարտութեան մատնելու ձեւը կ՛ուսուցանէ Ան, համատարած խաղաղութիւն եւ ընդհանրական սէր տարածելու համար այս աշխարհին մէջ:
Քրիստոնէական բարոյագիտութեան հիմունքները ներկայացնելով, Յիսուս իր հետեւորդներուն կու տայ «Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր» հրահանգը (Հմմտ Մտ 5.39): Բարոյագիտականօրէն, չարը խափանելու, կագն ու կռիւը արմատախիլ ընելու, վէճն ու վիճաբանութիւնը իր սաղմին մէջ սպաննելու բացառիկ միջոց մըն է այս: Փոխաբերական իմաստով ըսուած այս խօսքը եւ կատարուած թելադրութիւնը Յիսուսի կողմէ, միայն անուղղակիօրէն ակնարկութիւն է ձեռքի կռիւի մասին: Պարզապէս բառերը կը յուշեն, թէ ապտակ զարնելու եւ անոր դիմաց որոշ կեցուածք պահելու խնդիր կայ: Յիսուսի խօսքը, բարոյագիտական նշանակութիւն ունի, եւ ո՛չ թէ ֆիզիքական կռիւի իմաստ:
Բարձր բարոյականի տէր մարդոց յատուկ այս կեցուածքին մէջ, ընդհակառակը, կայ արիութիւն, կեանքի ընթացքին պատահած անհաճոյ դէպքերը քաջութեամբ դիմակայելու եւ խրոխտ մօտեցումով զանոնք իրենց շուտափոյթ աւարտին հասցնելու:
Կասկած չկայ, որ նման դժուար կացութեան մէջ գտնուող մարդոց իննսուն տոկոսը համաձայն պիտի չըլլայ այս տեսակէտին, զոր պիտի կոչէ պարտուողական քաղաքականութիւն: Կռիւը այն հիմնական պահն է, երբ մարդ բնազդօրէն կ՛անդրադառնայ, թէ ինք ունի արժանապատուութիւն մը, որ վեր է ամէ՛ն բանէ: Թերեւս մինչեւ այդ պահը զգացած չըլլար ան, թէ սեփական արժանապատուութիւնը այսքան կարեւոր է իր անձին համար: Բայց նոյնինքն կռիւի պահը, յանկարծ առաջնահերթ կը դարձնէ արժանապատուութեան խնդիրը, որուն համար կը սկսի պայքարիլ ենթական, նոյնիսկ մոռնալով բո՛ւն խնդիրը, որուն հետեւանքով ծագում առած էր կռիւը…։
Յիսուսի բարոյական հրահանգը գործադրողը, խորքին մէջ վախկոտ չի՛ կրնար ըլլալ, ո՛չ ալ պարտուող մը: Եթէ ապտակ զարնողը իմանայ, թէ իր ապտակած մարդուն զօրութիւնը որքա՜ն մեծ է, ամօթահար կը հեռանայ անոր քովէն, դեռ ապտակելիք երկրորդ երեսը չտեսած: Սակայն, ապտակուողը այնքան ինքնավստահութիւն ունի իր մէջ ամբարուած, միւս կողմէ այնքա՜ն կ՛ուրախանայ այն ապտակին համար, զոր իր երեսին ստացաւ, որ շուտով կը դարձնէ նաեւ իր միւս երեսը, պարզապէս զինք ապտակողին ըսելու.
_ Ապտակդ չվախցո՛ւց:
«Կեանքէն ապտակուիլ» բացատրութիւնն ալ կ՛օգտագործենք մեր լեզուին մէջ, ակնարկելով այն պատուհասներուն, որոնք այս կամ այն պատճառով կը հասնին մեր գլխուն: Հիւանդութիւն, աղքատութիւն, իրաւազրկում, անարդարութիւն եւ նման այլ երեւոյթներ, «ապտակներ» կը համարենք մեր երեսին: Դիտելի է, որ կեանքի ապտակներուն մեծամասնութիւնը անիրաւ կը գտնենք, արդարացնելով մեր անձը: Նոյնիսկ հիւանդութեան պարագային կը բողոքենք Աստուծոյ դէմ, մեր առողջութեան տրուած այս «ապտակը» անիրաւ համարելով: Թերեւս մենք ալ բաժին ունինք այդ հիւանդութեան յառաջացման մէջ, սակայն դարձեալ չենք ուզեր «ապտակուիլ» կեանքի երեւոյթներէն, այլ՝ ապրիլ զայն ուրախ ու երջանիկ: Քաջութիւնը կը պահանջէ, սակայն, որ նոյնիսկ կեանքէն ստացած մեր հարուածներուն ընթացքին ըլլանք ողջախոհ, ու սխալներուն ճիշդ արմատը գտնելով, դադրինք յանցաւոր մը, կամ՝ յանցաւորներ գտնելէ, ու դիմակալենք այն, ինչը բաժին ինկած է մեզի:
Կեանքի ընթացքին, մարդոց երեսին տրուած ապտակներէն շատերը, հեռուէն դիտողներուն ակնոցով կը համարուին տուեալ անձերուն տրուած «արդար պատիժ»ներ: Այս մօտեցումը ինքնին չար է, ու չար սիրտէ կրնայ բխիլ միայն: Աւելին, ուրիշներուն հասած այս ապտակին՝ «արդար պատիժ»ին հեղինակը, չար մարդիկ կը նկատեն զԱստուած, ըսելով, թէ՝ տեսէք ինչպէ՛ս Աստուած ապտակեց: Սակայն, անոնք չեն մտածեր, թէ Աստուած իրենց նման չար չէ՛, այլ՝ էութեամբ բարի, ու բարեաց աղբիւր է:
Կեանքի պարագաները ի՛նչ ալ ըլլան, մարդ էակը պէտք է պատրաստ ըլլայ բոլոր տեսակի «ապտակ»ներու, որոնք այս կամ այն պատճառով իր երեսին վրայ պիտի զգայ, օր մը շուտ կամ օր մը ուշ: Կարեւորը, սակայն, միւս երեսը դարձնելու քաջութիւնն է, եւ ո՛չ թէ ապտակողին ձեռքը բռնելով, անոր հակահարուած հասցնելու տկարութիւնը: Այո՛, իրապէս տկարութիւն է ապտակողին հակադարձելու արարքը, երբ կայ զայն այլապէս ամօթալի պարտութեան մատնելու կերպը:
_ Ապտակդ չվախցո՛ւց:
Կրնա՞ս լռելեայն կրկնել այս նախադասութիւնը: Բայց պէտք է ներքնապէս նախ համոզում գոյացնես սեփական կարողութեանդ մասին, չկասկածիս համբերութեանդ, պնդացնես երեսիդ դիմադրողականութիւնը, որպէսզի քաջաբար դարձնես նաեւ միւս երեսդ, քեզի ապտակել փորձողին դիմաց: Ներքին ինքնավստահութիւնդ պիտի զօրացնէ քեզ, եւ նոյնիսկ եթէ երկրորդ երեսդ համարձակի ապտակել հակառակորդդ, աչքերուդ մէջ պիտի տեսնէ արիութիւնդ եւ այնտեղ կարդայ կայծակնատառ բառերով գրուած հետեւեալ խօսքը.
_ Ապտակդ չվախցո՛ւց, վախկոտը դո՛ւն ես, որովհետեւ ա՛լ երրորդ երես մը չմնաց ապտակելիք: Գործդ աւարտած է, յաղթանակիդ պարտութիւնը պիտի կրես այսուհետեւ…։