ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է սուրիահայ գրող, լրագրող Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեանի «Ձայն Տո՛ւր Ծառ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին շնորհահանդէսը։
Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան այս առիթով արտասանած խօսքին մէջ բարձր գնահատած է հեղինակին բեղմնաւոր գրիչը, սփիւռքահայ մամուլին անոր աշխատակցութիւնը. զայն հերոս նկատած է, որովհետեւ կը շարունակէ ապրիլ Հալէպի մէջ եւ հայոց լեզու դասաւանդել հայ մանուկներուն, նաեւ ժամանակ գտնել ստեղծագործելու։ Սփիւռքի մէջ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման իմաստով ունեցած ներդրումին համար Հրանոյշ Յակոբեան Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեանին պարգեւատրած է սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:
Ապա խօսք առած են Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, սփիւռքի նախարարի տեղակալ, գրականագէտ Սերժիկ Սրապիոնեան եւ Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեան։ Հեղինակը շնորհակալութիւն յայտնած է սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարարի պաշտօնակատարին՝ իր գիրքերուն շնորհահանդէսները կազմակերպելու, իր ստեղծագործութիւնները բարձր գնահատելու եւ հայաստանցի հասարակութեան հասցնելու ջանքերուն համար: