Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Իսլամացուած Հայերու Մասին Գիրք Մը Լոյս Տեսած Է Թուրքիոյ Մէջ

$
0
0

0921Zarali-ErmenilerՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է Սեբաստիոյ Զարա շրջանի փրկուած հայերուն մասին պատմող «Դերձակ Վարդանուշի Յուշերը» գիրքը:

Գիրքին հեղինակը՝ Աւետիս Օլկու, որ գրի առած է իր մօր յուշերը, իր մանկութիւնը անցուցած է Զարայի մէջ՝ 1940ականներուն:

Հեղինակը ներկայացուցած է սեբաստացի հայերուն մօտաւորապէս 100 տարուան պատմութիւնը՝ 1915էն մինչեւ մեր օրերը: Ան կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս իր ընտանիքը Ցեղասպանութեան տարիներուն փրկուած է կոտորածէն եւ այնուհետեւ՝ 1950ին, հաստատուած է Պոլիս, կրօնական ճնշումներու հետեւանքով: Հեղինակը նաեւ անդրադարձած է ծպտեալ հայերուն դիմագրաւած կրօնական եւ ընկերային խտրականութիւններուն:

Օլկու կը նշէ, որ Սեբաստիոյ մէջ բոլորը կը ճանչնան կրօնափոխ հայերը՝ աւելցնելով, թէ հայերը կը նախընտրէին ներհամայնքային ամուսնութիւններ, եւ այդ իսկ պատճառով, խառն ամուսնութիւնները հազուադէպ եղած են։


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles