Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

«Ամենայն Հայոց Մամա»ին՝ Մարիա Եագոպսընի Նուիրուած Ձեռնարկ

$
0
0

ՎԱՀԷ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ

 

0000Maria-JacobsonԱնկասկած, որ այս աստուածավախ, շատ երիտասարդ ու գեղեցիկ օրիորդը իր նմաններուն պէս կը փափաքէր ուսում ստանալ, ատենին կազմել ընտանիք մը եւ ըլլալ տիպար կին ու տիպար մայր, սակայն աստուածային ծրագիրը ուրիշ էր իրեն համար, եւ ինք առանց տրտնջալու, այլ մանաւանդ սիրով ու ամենայն հնազանդութեամբ ընթացք տուաւ անոր։

Մարիան պէտք էր ձգէր իր գեղեցիկ եւ խաղաղ երկիրը՝ Դանիան, գոյնզգոյն ծաղիկները, բնութիւնը, իր ընտանեկան տաքուկ եւ սիրալիր մթնոլորտը՝ ծնողք, եղբայր եւ քոյր, ու ճամբորդէր հեռուները, երկիր մը, ուր միայն ահ ու սարսափ, վախ ու եաթաղան, արիւն ու բռնաբարում կար։ Կային նաեւ վախի, անորոշութեան, խաւարի ու առանձնութեան մէջ մնացած անօթի ու բոկոտն մանուկներ, որոնք ականատես եղած էին իրենց ծնողներու տանջանքին ու ոմանց գլխատումին։ Այս ի՜նչ գազանային մթնոլորտ… Աստուա՜ծ իմ, ո՞վ տէր պիտի կենար այս անտէր որբուկներուն։

Մանկամարդ Մարիա Եագոպսըն, առանց երկմտելու, 1907ին կը հասնի Խարբերդ ու կը սկսի իր անզուգական մարդասիրական գործունէութեան, որ կը տեւէ մինչեւ իր մահը՝ 1960ի Ապրիլ, Լիբանանի Ճիպէյլ հնամեայ քաղաքի «Թռչնոց Բոյն» հայ տան մէջ։

Մարիա Եագոպսըն նժարի մէկ կողմին վրայ դրաւ իր երկիրը, անոր գեղեցկութիւնը, սիրելի ծնողքը, քոյրը, եղբայրը, մտերիմները, իսկ միւս կողմը՝ տէր կանգնիլը հազարաւոր դժբախտ, որբացած հայ տղոց եւ աղջիկներու, պահելով, պատսպարելով, բուժելով, խնամելով, սիրով ամոքելով իրենց աներեւակայելի ցաւերը։ Եւ այս կողմը աւելի ծանր կշռեց՝ զինք արժանաւորապէս դարձնելով մեծ մարդասէրն ու հայասէրը եւ հազարաւոր որբերու արժանաւոր «Մամա»ն։

Անկասկա՛ծ, ամէնօրայ մտահոգութիւն էր 3600էն աւելի դժբախտ որբուկներու ապահովութիւնը, անոնց բուժումը, դեղորայքի եւ ուտելիքի ապահովումը, եւ այս բոլորը՝ սեւ ու շատ վտանգաւոր օրերու։

Մարիա չ՛ընկրկեցաւ, այլ շարունակեց իր փշոտ ճամբան՝ մի՛շտ վեր նայելով, փոխանակ կեդրոնանալու փուշերուն, անորոշութեանց եւ դժբախտութեանց վրայ։

Քանի մը տարիէ ի վեր աշխատանք կը տարուի ծրագիր մը մէջտեղ բերելու, յերախտագիտութիւն Աստուծոյ եւ պատուելու համար այս սքանչելի աննման «Մամա»ն, որպէս ներկայացուցիչը այլ «մամա»ներու, որոնք նոյնպէս իրենց կեանքերը վտանգեցին, որպէսզի ամոքեն մարդկայնօրէն անդարմանելի ցաւը հազարաւոր հայու բեկորներուն։

Այս ձեռնարկի պատրաստութեան նախօրեակին ունեցանք հանդիպում մը, երբ տիկին մը մեր յանձնախումբի անդամներէն մէկուն կը հարցնէր, թէ ինք «Թռչնոց Բոյն»ի որբերէ՞ն է։ Պատասխանը՝ ո՛չ։ «Հապա ինչո՞ւ դուք այս գործին նախաձեռնեցիք», կը հարցուի այս անգամ։ Պատասխանը՝ «Եթէ ես ջարդի օրերուն ապրէի, եւ այդ դժբախտութեանց մէջ Մարիա Եագոպսըն զիս ալ գտնէր անտէր ու անտիրական, անկասկած զի՛ս եւս )ձեզ ալ( պիտի առնէր իր հոգատար ու սիրալիր մայրական թեւերուն տակ։ Մարիա Եագոպսըն ի՛մ ալ «մամա»ն պիտի ըլլար, ինչպէս նաեւ մէն մի հայու, եւ առ այդ կը նկատենք զինք «Ամենայն Հայոց Մաման»»։

0000Maria-Jacobson2

Այս մեծ մարդասէրին եւ լիբանանեան Ճիպէյլ )Պիպլոս( քաղաքի «Թռչնոց Բոյն»ի երկրորդ սերունդի որբերէն մէկն է մեզի պատիւ բերող Սըր Վարդան Մելքոնեանը, որ այսօր Անգլիոյ Թագաւորական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի նշանաւոր խմբավարն է։ Ուրախութեամբ կը տեղեկացենք, որ այս հանրաճանաչ մայէսթրօն քանի մը շաբաթէն Լոս Անճելըս պիտի ժամանէ, յատկապէս ղեկավարելու համար նուագահանդէս մը, ուր ի միջի այլոց, պիտի նուագուի դասական կտոր մը, որ ինք անձամբ յօրինած է՝ ի պատիւ «Մամա»ին։

Նուագահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21ին, Կլենտէյլի «Փրեսփիթերիըն» եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ երկու օր ետք՝ Հոկտեմբեր 23ին, Մարիա Եագոպսընի կիսանդրիին բացումը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ դանիական Սոլվենկ քաղաքին մէջ։

Կոչ կ՛ընենք մեր սիրելի ժողովուրդին, որ անխտիր ներկայ գտնուի այս զոյգ ձեռնարկներուն՝ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար անզուգական մարդասէրին, դանիացի սքանչելի ժողովուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք աստուածային սիրով նեցուկ կանգնեցան հայ որբերուն։

Յիշեցնենք, որ տեղեկագրութիւն պիտի ղրկուի նաեւ Դանիոյ թերթերուն։

Նուագահանդէսի տոմսերը կրնաք ձեռք բերել www.itsmyseat.com կայքէն։ Մանրամասնութեանց, ինչպէս նաեւ տոմսերու համար, կրնաք հեռաձայնել (818) 523-3353, (818) 384-6885 կամ (818) 590-8668 թիւերուն։

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles