ԳԵՂԱՍԱՐԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԷՆ
ՍԱԼԲԻ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Վերցուցի ընկալուչը՝ անդադար զանգի ձայնը լռեցնելու… Վերջերս որդեգրած խօսքովս՝
– Բարեւ՜… Այո՞…
– Այո՜…- պատասխանեց կանացի մեղմ ձայն մը։
– Ո՞վ է խօսողը, խնդրե՛մ։
Պատասխանը եղաւ հարցումով։
– Ո՞վ ես դո՛ւն։
Թերեւս քիչ մը անյարմար ձեւով պատասխանեցի.
– Երբ մէկու մը կը հեռաձայնէք, վստահաբար գիտէք, թէ որո՛ւն հետ կ՛ուզէք խօսիլ։
Լռութիւն տիրեց, բայց հեռաձայնը չգոցուեցաւ։
Ապա՝ կրկին.
– Դուն ո՞վ ես։
Թերեւս նորէն քիչ մը անտեղի պատասխանեցի.
– Առաջին հարց տուողը ես եղայ. խնդրե՛մ, կրնա՞ք պատասխանել։
Վերջապէ՜ս, ըսաւ.
– Ինչո՞ւ չէ, տիկին Թնճուկեա՛նն եմ։
– Ի՜նչ լաւ, անսպասելի եւ սակայն հաճելի հեռաձայն մըն է, ինչպէ՞ս էք. կրկի՛ն բարեւ, Սալբին եմ…
Կ՛ուզէի խօսքս շարունակել, բայց տիկինը՝
– Վա՜յ, ներողութիւ՛ն, սխալ կոճակ կոխած եմ, ինչպէ՞ս ես, քոյրդ ինչպէ՞ս է։
– Շնորհակալ ենք, լաւ ենք բոլորս, դուք ինչպէ՞ս էք, ձեր առողջութիւնը ինչպէ՞ս է, ձեր զաւակները իրենց ընտանիքներով ինչպէ՞ս են։
Հարցումներս, անպատասխան մնացին, բայց խօսակցութիւնը չընդհատուեցաւ։
– Սալբի, ինչպէ՞ս կ՛անցընես ժամանակդ, չե՞ս ձանձրանար։
– Բնա՛ւ, երբե՛ք. կը կարդամ, երբեմն կերակուր կ՛եփեմ, քիչ մը մաքրութիւն կ՛ընեմ, կը գրեմ, շատախօսութիւն կ՛ընեմ բոյսերուս հետ, նաեւ՝ մեզի այցելող սիրունիկ թռչուններուն հետ։ Չորս պտղատու ծառ ունինք, անոնց հետ ալ կը խօսիմ ու կը խօսիմ (եւ խնդալով, թերեւս ալ տիկնոջ քիչ մը զարմացնելով), այդ պատճառով ալ առատ պտուղ կու տան. քրոջս հետ կարգ մը հարցեր կը լուսաբանենք, գաղափարներ կը փոխանակենք, ինչո՞ւ չէ երբեմն ալ կը վիճինք, վերջապէս՝ քո՛յր ենք, չէ՞, պէ՛տք է որոշ հարցեր յստակացնենք, բայց չենք նեղուիր. մոռցայ ըսելու, որ երբեմն ալ «Ասպարէզ»ին յօդուած կը գրեմ. մեր համեստ ու անկեղծ խմբագիրը՝ Աբօ Պողիկեանը, որուն հետ հաճոյքը ունեցած եմ չորս-հինգ տարի աշխատելու իբրեւ գրաշար, յօդուածներս կը հրատարակէ, կամ ոչ՝ խմբագիրի իր իրաւունքով։
Համբերութեամբ այս բոլորը լսելէ ետք, տիկինը ըսաւ.
– Իրա՛ւ, կարծեմ բան մը կարդացի. տղայ-աղջիկ այդպէս բան մըն էր…
Կարծես պատասխանի մը կը սպասէր։ Խնդալով պատասխանեցի.
– Ճի՛շդ էք տիկ. Թնճուկեան, գրելը կը սիրեմ, պարզ յօդուածագիր մըն եմ, սիրտս երբ ուզէ՝ կը գրեմ, քիչ մը երազելով, քիչ մը երազ եւ իրականութիւն իրարու խառնելով… Վերջապէ՛ս, ե՛ւ խօսիլը, ե՛ւ գրելը կը սիրեմ…
– Ես ալ ժամանակին կը գրէի, բայց ներկայիս գրիչս անշարժ է. մի՞շտ կր գրես «Ասպարէզ»ին։
– Ո՛չ միշտ, այլ՝ երբ ուզեմ, կամ երբ դէպք մը կամ ծանօթ բարեկամ մը յուշ մը արթնցնէ սիրտիս ու միտքիս մէջ. քիչ մը խենդ եմ. իրականութիւնը կուզէ՞ք՝ շա՜տ խենդ եմ, կը սիրեմ շատախօսելը, ինչպէս հիմա, վստահաբար ձեր գլուխը ցաւցուցի, մանաւանդ որ՝ «սխալ կոճակ կոխած էք»։ Այս օրերուն շա՜տ սխալներ կ՛ըլլան, հոգ չէ, լաւ առիթ մը եղաւ, որ խօսակցինք. բարե՛ւ ըրէք բոլորին. ներեցէ՛ք, խնդրեմ, որ շա՜տ խօսեցայ, ձեր հեռաձայնի թիւը եթէ տաք, յաջորդիւ ես կը հեռաձայնեմ…
Պատասխանը լռութիւն եղաւ.
– Հոգ չէ, ձեր թիւը ձեր քրոջմէ կ՛առնեմ։
– Կու տամ, թիւս հետեւեալն է…
– Շնորհակալութիւ՛ն եւ ցտեսութիւն. բարե՛ւ ըրէք ձեր զաւակներուն, ընտանիքի անդամներուն, բոլորի՛ն։
Ընկալուչը գտաւ իր տեղը…
Անսպասելի, անակնկալ բայց հետաքրքրական հեռաձայնային խօսակցութիւն մըն էր, նաեւ՝ հաճելի, որովհետեւ ազնիւ, քաղաքավար, զարգացած տիկին մըն էր, որ «սխալ կոճակ կոխած» էր… Ափսո՜ս, որ այս օրերուս նաեւ կան անհաճոյ «կոճակներ», որոնք հեռաձայնային խօսակցութիւնները կը դարձնեն անմեկնելի, չըսելու համար՝ անտանելի, որոնք կարճ ժամանակ մը կը փճացնեն տրամադրութիւնդ, բայց օրուան ընթացքին՝ այլ հաճոյ հեռաձայններով կը մոռնաս միւսները։
Շնորհակալ եմ տիկինին, որ ստեղծեց հաճելի պահ մը, թէեւ վստահ եմ՝ իր գլուխը ցաւցուցի «անկապ» նիւթերովս, ինչպէս այս պահուս յօդուածս կարդացող ընթերցողներուս (եթէ կան անշուշտ)։
Յուսանք, մեր օրերու «ճարտար» եւ սակայն «փամփասող կոճակները» չեն հասնիր իրենց քանդիչ նպատակին ո՛չ մէկ ձեւով, եւ մեր ընտանիքները, մեր հաւաքականութիւնը, մասնաւորաբար մեր մե՜ծ ընտանիքը՝ Ազգը, Հայաստան թէ Սփիւռք, անվնաս կը մնան այդ անխիղճ ու անողոք «կոճակ»ներէն…