ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան 2 Դեկտեմբերին, Գիւմրիի մէջ յայտարարեցին նշանաւոր նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի «Սարերում» որմանկարի վերականգնման ու պահպանման աշխատանքներուն աւարտը: Որմանկարի վերականգնումը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանի Մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամին ֆինանսաւորմամբ:
Տրամադրուած ֆինանսական միջոցներով, այս որմանկարը դուրս բերուած է լքուած գործարանի մը շէնքէն, ապա կատարուած են վերականգնման ու պահպանման աշխատանքները, եւ անիկա տեղադրուած է Գիւմրիի Աճէմեանի անուան դրամատիկական թատրոնի շէնքի երկրորդ յարկը՝ կրկին հասանելի դառնալով հանրութեան։
«Այս որմանկարը, որուն վերականգնման աշխատանքներուն աւարտը կը նշենք այսօր, քանի մը տարի լքուած գործարանի շէնքին մը մէջ կը գտնուէր՝ աչքէ հեռու ու փոշիի մէջ: Միացեալ Նահանգներու դեսպանի Մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամին շնորհիւ, անիկա այժմ նոր շունչ ստացած է: Անիկա կը գտնուի արուեստագէտներու, համայնքային առաջնորդներու ու նորարարներու յաջորդ սերունդի աչքին առջեւ. այժմ, անոնք պիտի կարենան տեսնել Յակոբ Յակոբեանի այս ստեղծագործութիւնը, ծանօթանալ անոր պատմութեան, ինչ որ պիտի ներշնչէ զանոնք՝ Հայաստանի ոգին արտացոլացող արուեստի նոր գործեր ստեղծելու», նշած է դեսպան Միլզ:
Որմանկարին հեղինակը յայտնի հայ գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանն է (1923-2013), որուն ստեղծագործութիւնները կը նկատուին ազգային գանձեր: Անոր որմանկարները տեղ գտած են Շիրակի մարզի Պահպանուող պատմամշակութային արժէքներու ցանկին մէջ:
«Սարերում» որմանկարի վերականգնումի աշխատանքները կատարուած են Մինաս Աւետիսեան մշակութային հիմնադրամին կողմէ, Իտալիոյ Ֆլորենս քաղաքի «Ռեստավրացիա» հիմնարկի նշանաւոր վերականգնող մասնագէտ Ֆապրիցիօ Եաքոփինիի մասնակցութեամբ: «Վերականգնողին աշխատանքը սիրոյ ու յարգանքի դրսեւորում է՝ նկարիչներուն ու անոնց ստեղծագործութիւններուն նկատմամբ: Իսկ այդ նուիրուած ու ջերմեռանդ աշխատանքին արգասիքը այսօր բոլորս կը տեսնենք», հաստատած է ան։
«Մշակոյթը, արուեստը, աւանդութիւնները կ՛օգնեն վեր առնելու Հայաստանի ինքնատիպութիւնը: Ամերիկացիները կը կիսեն մշակոյթի հանդէպ այս սէրը: Պահպանելով այս հայկական գանձերը՝ մենք ո՛չ միայն կ՛օգնենք մեր ժողովուրդներու մերձեցման, այլ նաեւ կը պահպանենք այս ինքնատիպ արժէքները՝ ապագայ սերունդներուն համար», աւելցուցած է դեսպան Միլզ։