Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Նոր Հրատարակութիւններ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

 

0000books– Ազնաւորեան Զարեհ արք., «Մեկնաբանութեան Պատմութիւն», խմբագիր՝ Վաղինակ Ծ. վրդ. Մելոյեան, տպարան կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 2016, 148 էջ (17 x 24 սմ.): Հրատարակուած է Հերմինէ Գէորգ Թաշճեանի եւ զաւակներուն մեկենասութեամբ (Հին եւ Նոր Կտակարաններու մեկնութեան տարբերակները հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, Ս. գիրքի մեկնութեան առանձնայատկութիւնները):

– Ազնաւորեան Զարեհ արք., ««Հաւատամք»ի Մեկնութիւն», կազմող, շարող, ծանօթագրող, խմբագիր եւ ցանկերու հեղինակ՝ Յակոբ Քորթմոսեան, խմբագիր եւ վերստուգող՝ Գէորգ Եազըճեան, գեղանկարիչ՝ Սմբատ Ղազէլեան, «Էդիտ Փրին»չ հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 636 էջ (17 x 24 սմ.): Տպագրութեան ծախսերը հոգացած են Ժան եւ Նորա Հայրապետեաններ, Սեդրակ Տաքէսեան եւ աշխարհասփիւռ հաւատացեալներ: Լոյս տեսած է երջանկայիշատակ հոգեւորականի քահանայական օծման 50ամեակի առթիւ (Հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանութիւնը, յաւելուածներ զանազան լրացուցիչ նիւթերով եւ անուանացանկերով):

– Արապեան-Գալայճեան Պայծիկ, «Անմար Կանթեղը Լուսոյ», տպարանի անուն չէ նշուած, Պէյրութ, 2016, 176 էջ (17 x 24 սմ.): Հրատարակուած է «Մելգոնեանցիի մը մեկենասութեամբ» (Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան յամառօտ պատմութիւնը, կրթարանի գործունէութեան գնահատականը, անոր դաւադրաբար փակման մանրամասնութիւնները, լուսանկարներ եւ փաստաթուղթեր):

– Թէրզեան Պերճ (համադրեց), «Տիգրան Պապիկեան՝ Դաստիարակ-Տնօրէն», յաւելուած Գահիրէի ՀԲԸՄի «Տեղեկատու» պարբերաթերթի թիւ 80, Յուլիս 2016, տպարան «Աֆրիքըն Փրէս», Գահիրէ, 2016, 64 էջ (16.5 x 22.8 սմ.): Գրքոյկի տպագրութիւնը հովանաւորած են Պերճ եւ Սոնա Թէրզեաններ (նիւթեր եգիպտահայ վաստակաշատ մանկավարժին մասին ու անոր կրթական գործունէութեան գնահատականը):

– Խաչատուրեան Յարութիւն (աշխատանքային խումբի ղեկավար), Փաթրիք եւ Լիւսի Ասլանեաններ, Ժան Միշել, «Հայկական Վայրեր Եւ Պաշտամունքային Կալուածներ Օսմանեան Թուրքիոյ Մէջ. Կործանուող Ժառանգութիւն Մը», Փարիզ, 2016 (ֆրանսերէն): Հրատարակութեան հովանաւոր՝ «Երկիր եւ մշակոյ»չ կազմակերպութիւններու միջազգային միութիւն:

– Մատոյեան-Տարագճեան Նուարդ, «Հայապատում. Պատմութիւն Եւ Իրականութիւն», ներածութիւնը՝ Արման Կիրակոսեանի, հրատարակութիւն Կարպիս Լ. Նազարեան հիմնադրամի թիւ 20, «Սիփան» հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2016, 455 էջ: Գիրքը ձօնուած է հեղինակի ծնողներուն (հեղինակի՝ հայոց պատմութեան, մասնաւորաբար Հայ Դատի եւ Մեծ Եղեռնի նիւթերով լոյս տեսած շուրջ 50 յօդուածներու ժողովածուն):

– Մսըրլեան Զաւէն, «Հայկական Հարցի Մասին», «Երեք Դաշնագիրներ», «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Քաղաքականութիւնը Եւ Հայկական Հարցը», «Հայոց Ցեղասպանութենէն Առաջ Եւ Յետոյ» գիրքերը, հայերէնէ թարգմանեց Մարալ Օ. Սարգիսեան-Գալուստեան, տպագրութիւն «Շիմալի Էնտ Շիմալի», Պէյրութ, 2015, չորս գիրքերուն միացեալ էջաքանակը՝ 1000 էջ (17 x 24 սմ.) (անգլերէն): Հատորներուն մեկենասն է Ռաֆֆի Մանուկեան:

– Նաքաճիմա Հիտեհարու, «Գիրք Իրականութեան Մասին. Հայկական Ցեղասպանութեան 100րդ Տարելիցը», հրատարակութիւն «Ճափոն-Հայաստան բարեկամութեան ընկերակցութէեան», Ճափոն, 2015 (ճափոներէն):

– Շահնուր (Քերեսթէճեան) Շահան, «Նահանջը Առանց Երգի», հայերէնէ թարգմանեցին Մարալ Ագթոքմաքեան եւ Արթուն Կէպէնլիօղլու, խմբագիր՝ Ռոպէր Քոփթաշ, «Արաս» հրատարակչութիւն, Պոլիս, 2016: Հրատարակուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան» նիւթական ա-ջակցութեամբ:

– Փոլատեան Արշակ, «Հայաստանը՝ Երէկ Եւ Այսօր», «Ալ-Շարք» հրատարակչութիւն, Դամասկոս, 2016 (Սուրիոյ մէջ ՀՀի դեսպանի գիրքի առաջին մասը՝ հայոց պատմութիւնը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ 1980ականներուն վերջը, երկրորդ մասը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ծնունդն Ու Կեանքի Ընթացքը) (արաբերէն):

– Օշական (Քիւֆէճեան) Յակոբ, «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան-Դ. հատոր-Դէպի Իրապաշտներ», Բ. հրատարակութիւն, խմբագիր՝ Վարուժան արք. Հերկելեան, հրատարակութիւն «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»ի թիւ 86, տպարան կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 2016:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles