ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Ուրախացուցիչ էր մամուլին մէջ արձագանգ գտած այն լուրը, թէ նետաձգութեան Եւրոպայի ախոյեանութեան մէջ Հայաստանի խումբը շահած է պրոնզ մետալ: 2014ին ալ նոյնչափ ուրախացեր էինք՝ լսելով, թէ Հայաստան կազմակերպած էր Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, Էջմիածինի մէջ, «Արա եւ Այծեմնիկ» մարզական ակումբի տարածքին։
Հազուադէ՛պ է այս մարզաձեւին մէջ Հայաստանի յաջողութիւնը, բայց զարմանալի՝ ո՛չ: Հայոց պատմութեան առաջին օրէն ներկայ էր նետը: Հայաստան եւ նետի մշակոյթը ճակատագրականօրէն միշտ կապուած եղած են իրարու: Իսկ այժմ նետաձգութիւնը վերադարձ մը կը կատարէ հայրենիք: Որովհետեւ, բառերը կը սիրեն շրջան մը գծել երկիրներու ու դարերու մէջէն, ապա վերադառնալ իրենց ծննդավայրը: Այս հաստատումը կը բաւէ՝ ամփոփելու համար «նետ» բառին ոդիսականը:
Հայկական «նետ»ի հազարամեայ պատմութեան ծանօթանալէ առաջ, սրընթաց ակնարկ մը նետենք անոր ստուգաբանութեան եւ ակունքներուն:
Բնիկ հայկական բառ է «նետ»ը: Արմատը՝ «nedo», որ կը նշանակէ՝ եղէգ: Ունի սանսկրիտ, խեթերէն, հին պարսկերէն եւ պահլաւերէն ծննդակից «եղբայրներ», ինչպէս՝ նատա, նադա, նայ, նէյ… Բոլորն ալ կը նշանակեն եղէգ, խողովակ, սրինգ, ձողիկ, փող: Ուստի, նետին նիւթը դարձած է առարկային անունը:
Դժուար է ստուգել, թէ ո՛վ էր նետ արձակած առաջին մարդը: Սակայն, յստակ գիտենք, թէ նետաձիգ առաջին հայը Հա՛յկն էր: Ք.Ա. 2492 թուականի Օգոստոս 11ին, Հայոց Ձորի մէջ Հայկ Նահապետ լարեց իր լայնալիճ աղեղը եւ արձակեց իր եռաթեւ նետը: Նետահար ինկաւ բռնակալ Բելը: Նետը, այդ օրը, հայկեաններուն շնորհեց անկախութեան առաջին յաղթանակը: Հայկին արձակած այդ նետը այնքա՛ն հեռանետ էր, որ անվրէպ շարունակեց ընթացքը ու առանց կորսնցնելու իր ուժգնութիւնը՝ անցաւ հայրենի գաւառներ, բարբառներ: Դարերու ընթացքին դարձաւ աւելի ճոխ, դիպուկ. նետակալ, նետալից, ծաղկանետեալ, նետագի, նետագործ, նետաթոյն, նետախողխող, նետածայր, նետահար, նետահարել, նետահարութիւն, նետաձիգ, նետաձգութիւն, նետամարտ, նետասլաց, նետավարժութիւն, նետատարափ, նետաթափ, նետարձակ, նետաքար, նետիչ, նետընկեց, նետել, նետամուխ… (Դժբախտաբար, 198 թուականին, այդ նետերէն մէկուն զոհ գնաց հայոց Վաղարշ Բ. թագաւորը, երբ ան Կովկասի մէջ կը կռուէր լեռնաբնակներու դէմ)։
Բառը, իր ճիւղաւորումներով, 5րդ դարուն թափանցեց Ս. Գիրք: Անոր էջերուն մէջ «նետ»ը 61 անգամ տեղ գտաւ, «նետակալ»ը՝ վեց անգամ, «նետաձիգ»ը՝ հինգ անգամ, իսկ «նետալից»ը՝ մէկ անգամ: Գրաբարեան շրջանին ունեցանք նետաթռիչք արտայայտութիւններ. «Նետս արձակել», «Նետ օձ» (գեղարդ, նիզակ), «Նետ առ յԱստուծոյ» (կայծակ)։
1002 թուականին, Վանայ ծովու ափերուն, Ս. Գրիգոր Նարեկացին «նետ» բառին տուաւ գրական թռիչք: «Մատեան Ողբերգութեան» երկին մէջ զայն գործածուած կը գտնենք 12 անգամ: Ահաւասիկ մէկը, ուր սուրբը նշած է իր «դժոխամարտ» եւ «մահառի»չ ծառի դառն պտուղները.
«Գնացք խաւարային, գոյութիւն լերդի վիմական
Խորհուրդ ծորեալ, կամք անկայուն
Չար անփոփոխ, բարեմասնութիւն սասանեալ
Անձն տարագիր, աւանդ վաճառեալ
Գազան վիրաւոր, թռչուն նետահար…»
Նարեկացիի «նետահար» թռչունը դարերու ընդմէջէն շարունակեց թեւածել, հասաւ մինչեւ Զմիւռնիա ու դարձաւ գիրքի խորագիր. «Նետահար Աղաւնի» (Խորէն եպս. Մխիթարեան, Զմիւռնիա, 1889):
Հ. Ղեւոնդ Ալիշանը «Յուշիկք Հայրենեաց Հայոց» աշխատասիրութեան մէջ գրեց. «1 Յունիս 1019: Արդ, հիմա այս նորատեսիլ Նետողաց հարուածներէն՝ նախ տագնապեցան մերայինք, յետոյ խիզախելով՝ ուժով յարձակեցան, հասան այլազգեաց այլանդակ բանակին. եւ սուր բանեցնելով՝ առատ արիւն հանեցին»:
Այդ «նետողաց»ները ներխուժող թաթարներն էին, որոնց մասին առաջին անգամ խօսեցաւ 13րդ դարու պատմիչ Գրիգոր Ակներցին իր «Պատմութիւն Ազգին Նետողաց», կամ՝ «Պատմութիւն Թաթարաց» գիրքին մէջ: «Նետողաց» ազգին մասին խօսեցաւ նաեւ Հեթում պատմիչը՝ «Պատմութիւն Թաթարաց» երկին մէջ: Գիրքին առաջին գլուխը կը սկսի հետեւեալ հարցում-խորագիրով. «Վասն Ազգին Նետողաց, Թէ Ուստի՞ Կամ Յորմէ՞ Ցեղէ Աճեցին Եւ Տիրեցին Բազում Աշխարհաց Եւ Գաւառաց»:
19րդ դարուն, «նետ»ը՝ որպէս գեղեցկուհիի մը թարթիչները, հասաւ Վաղարշապատ եւ խոցեց Աշուղ Շիրինի սիրտը.
«Քու սէրիդ աղեղովը ինձի նետահար չես անիլ,
Զուր մի մաշուիլ սենեակս եկ ասութիւնդ է գովելի»:
Աճառեանի վկայութեամբ, Մշոյ մէջ բառը դարձեր է «նեդ», Թիֆլիսի մէջ՝ «նիտ», Ագուլիսի մէջ՝ «նէտ», Զէյթունի մէջ՝ «նիդ», ուր նաեւ կը նշանակէր «կշռի սլաք»: Վանի մէջ նետ կոչուած է «շէնքի գերաններուն իբրեւ նեցուկ դրուած փայտը», իսկ Արցախի մէջ՝ «գորգի ոստայնի ամենավերին եւ ամենաներքեւի հաստ գերանները»:
Երբ կ՛ըլլայ սիրերգութիւն, խն-ճոյք ու ցնծութիւն, ներկա՛յ է դարձեալ… «նետ»ը: Չէ՛, պատերազմի դաշտին մասին չէ խօսքը: Հարսանիք կայ ու կը հնչէ ահեղաձայն զուռնան: Ալեւոր ստուգաբանութիւնը շատ հարսանիքներ տեսած է եւ կը սիրէ աշխուժութեամբ պարել, քէ՛ֆ ընել: Բայց աւելի կը սիրէ մտաբերել, թէ ինչպէ՛ս, ըստ պարսիկ ժողովուրդի մեկնաբանութեան՝ «զուռնայ» բառը կազմուած է «սուր»-տօն, հարսանիք, խնճոյք, եւ «նայ»-եղէգ, սրինգ, փող բառերէն: Ուստի, «զուռնայ» կամ «սուռնա» կը նշանակէ՝ «տօնական սրինգ»: Եւ այդ տօնական սրինգը, մեր ցնծութեան նետը, նորոգուած շունչ գտաւ սասունցիներուն մօտ, Գ. Էմինի գրիչին տակ.
«Եւ երբ տեսան՝ էլ չարորդին մօտ չի՜ գալիս,
Եւ երբ տեսան՝ էլ վառօդի հոտ չի՜ գալիս,
Եւ երբ տեսան՝ էլ չի՜ թափւում հողին արիւն,
Եւ երբ տեսան՝ եկաւ աշուն, եկաւ գարուն,
Առանց ահի, կոտորածի,
Բա՜ց արեցին սուփրէն հացի,
Զուռնէն խօսե՜ց բերանացի
Եւ Արագած լերան գոգին
Զարթնե՜ց կրկին Սասնայ ո-գին…»։
Երբ Հայկեան նետը այս տարի բոլորեց իր մեծ շրջանառութեան 4508րդ տարին, իրաւունք ունինք ակնկալելու նոր Հայկերու յայտնութիւնը՝ նետաձգութեան եւ նշանառութեան մէջ, ի հարկէ՛:
Emailndaduryan@agbumhs.org