Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու մէկէ աւելի քաղաքներու մէջ, 11 Սեպտեմբեր 2001ին տեղի ունեցած ոճրային ահաբեկչութիւնները ազդանշան հանդիսացան ծաւալուն իրադարձութիւններու եւ տագնապներու, որոնց պատճառով, աշխարհը ետին թողուց յետ-աշխարհամարտեան կացութիւններն ու Խորհրդային Միութեան անկումին յաջորդած եւ հսկայական վերիվայրումներու պատճառ դարձած փոթորիկները (Արեւելեան Եւրոպա ու այլուր), դուռը լայն բանալով վատթարացումէ վատթարացում տանող եղելոյթի մը, որուն առաջին դժոխային գօտիները եղան Իրաքն ու Աֆղանիստանը. գրեթէ ամբողջ տասնամեակ մը, աշխարհը տարուբերուեցաւ Ուսամա Պըն Լատէնի ու անոր «Քայիտա»ին շուրջ հիւսուած իրական ու շինծու դիպաշարերով։ Յետոյ, 2001էն տասնամեակ մը ետք, երբ կարծէք թէ դարասկիզբին ճամբայ հանուած դաժան շոգեկառքին ուժանիւթը սպառեցաւ, աշխարհը փոխադրուեցաւ «Արաբական Գարուն»ով բացուած աղէտալի ոլորապտոյտներու դաշտերը. փոթորիկներու նոր «դարաշրջան»ը ծայր առաւ Թունուզէն, շուտով հովանոցը տարածեց մօտակայ երկիրներու վրայ, շարժեցաւ դէպի արեւելք, պահ մը «գերեվարեց» Եգիպտոսն ու Ծոցի կարգ մը երկիրները, յետոյ հեղեղեց Սուրիան, քիչ ետք՝ նաեւ Եմէնը (ուր ահաւոր սպանդներ տեղի կ՛ունենան աշխարհի մեծ ոսպնեակներէն հեռու), առանց բաց ձգելու Իրաքի ու Աֆղանիստանի օձիքները։ Գարունէ աւելի՝ դժոխք տարածող այդ իրադարձութիւնները, «իսլամական ծայրայեղականութիւն» պիտակումով, բաժին հանուեցան նաեւ ափրիկեան կարգ մը երկիրներու, ուր «Քայիտա»ի նախատիպով նոր անուններ ծնունդ առին, ստեղծելով փոթորիկներ, որոնք մեծ մասամբ ծածկեցին այն իրականութիւնը, որ բոլոր չարիքներուն աղբիւրը նոյնն է՝ ծայրայեղականութեան շպարին ետին մղուող ռազմական ու տնտեսական հակամարտութիւնները։
Անցեալ աւելի քան 15 տարիներու ահաւոր իրադարձութեանց վրայ աչք մը նետելով, այսօր կարելի է աւելի յստակօրէն տեսնել, որ 21րդ դարը կերտող դէպքերէն վնասուողները կը կազմեն հսկայական զանգուածներ, մինչդեռ կան նաեւ փոքրաթիւ շահողներ։ Քանի մը տարի առաջ, ամերիկացի տնտեսագէտ մը իր երկրին տնտեսական տագնապին հետեւանքները ներկայացուց «մէկ առ հարիւրը՝ ընդդէմ 99 առ հարիւրին» տարազումով. այդ պատկերումը միայն Միացեալ Նահանգներուն չի վերաբերիր, այլ ի զօրու է նաեւ աշխարհի այլ գօտիներու, որովհետեւ նոյնինքն այդ քողարկուած «ամենակալներ»ն են, որ առաւելագոյնս կը չարաշահեն աշխարհի այս կամ այն շրջանի ռազմական-ապահովական-գաղթականական-տնտեսական եւ այլ տագնապները, հրահրուած՝ իրե՛նց իսկ կողմէ, իրե՛նց իսկ ստեղծած վարձկան-դերակատարներով։ Մեծ մասամբ քողարկուած կը մնայ նաեւ այն իրականութիւնը, որ յիշեալ թաքուն ուժերը չեն սահմանափակուիր այս կամ այն մեծ ու հզօր երկրին սահմաններով, այլ երկրէ երկիր ու ցամաքամասէ ցամաքամաս ստեղծած են այնպիսի ցանցեր, որոնց միջեւ ձեռք թօթուելներն ու մրցակցութիւնները կը դառնան իսկական պատճառները ստեղծուած բազմաբնոյթ փոթորիկներուն, մարդակերտ աղէտներուն։ Սա արդէն համաշխարհայնացումի յոռեգոյն դրսեւորումն է։
«Ամենակալներ»ու հովանաւորած քարոզչական աղբիւրները այս բոլորը աշխարհին կը հրամցնեն իբրեւ կրօնական բնոյթով տագնապներ, հետեւանք՝ իսլամ ծայրայեղականներու յելուզակութիւններու եւ ոճիրներու, մինչդեռ պէտք է անդրադառնալ, որ յիշեալ ծայրայեղական խմբաւորումները ըստ էութեան արտայայտիչները չեն իսկական Իսլամին, իսկ եթէ Իսլամին եւ անոնց միջեւ կապեր պէտք է փնտռել անպայման, կարելի է իբրեւ նախընթաց օրինակ առնել միջին դարերու Եւրոպան տագնապեցնող այն պատերազմները (յաճախ նոյնինքն եկեղեցական առաջնորդներու խրախուսանքով ու առաջնորդութեամբ), որոնք քրիստոնէութեան անունով մղուեցան. կարելի է վերադառնալ նաեւ մինչեւ խաչակրութեանց դարաշրջանը. այդ բոլորը ի՞նչ կապ ունէին քրիստոնէութեան հետ (հոս երկու կրօններուն միջեւ բաղդատութիւն ընելու հարց չենք դներ բնականաբար)։
Ահա այս ենթապատկերին առջեւ է որ աշխարհը կը քալէ դէպի 21րդ դարու երկրորդ տասնամեակի աւարտը, ականատես ըլլալով իրադարձութիւններու, որոնք գլխապտոյտ պատճառող մշուշով կը պարուրեն բուն հրահրողներն ու մարդկային աղէտները շահու աղբիւրի վերածող «մենաշնորհեալները»։ Սա նորութիւն չէ. մինչեւ իսկ աշխարհամարտերը չարաշահողներ եղած են…
***
Վերի նախաբանը ըրինք՝ մեր մտապատկերի խորքին ունենալով մասնաւորաբար Սուրիոյ վիճակուած ողբերգութիւնն ու անոր ոլորապտոյտին մէջ բռնուած մեր գաղութը. տագնապ՝ զոր եթէ ուղղակի իր մորթին վրայ չզգաց Սուրիոյ սահմաններէն անդին ապրող հայութիւնը, այսուամենայնիւ, շեշտակիօրէն մնաց ու կը մնայ անոր ներգործութեան տակ, սկսելով անմիջական դրացի Լիբանանէն, հասնելով մինչեւ Հայաստան ու Արցախ, տարածուելով մինչեւ մերձակայ ու ովկիանոսներէ անդին տարածուող մեր գաղութները։
Նպատակ չունինք կանգ առնելու բոլորիս ծանօթ մանրամասնութեանց վրայ, որոնք ծայր տուին 2011ին եւ ծանրացումէ ծանրացում գացին 2012-13էն ասդին։ Մասնաւորաբար Հալէպի մեր ածուն ստացաւ ծանր հարուածներ, անհատաբար ու հաւաքաբար տուժեց տնտեսապէս, ընկերային, հայկական ու մարդագրական գետիններու վրայ. ստացուածքներ ու կալուածներ կողոպտուեցան-փճացան, տասնամեակներու քրտինքով ձեռք բերուած բարօր վիճակ փուլ եկաւ. տուինք հարիւրաւոր զոհեր ու նահատակներ, ընտանիքներ դարձան բաժան-բաժան, կեանք փրկելու արդար մղումով՝ հասան Հայաստան կամ աշխարհի այլ ծագերը։ Արեւմտեան այս կամ այն երկրին կողմէ բացուած՝ ներգաղթի փոքր ու աւելի լայն դուռները ընկալուեցան իբրեւ ողորմութիւն եւ փրկութեան լաստ. տնաքանդ ու ստացուածք կորսնցուցած գործատէրեր հարկադրուեցան խորթ ասպարէզներ ընտրել ու օրապահիկի մտատանջութիւն ապրիլ։ Ի վերջոյ, «Կեանքից թանկ բան» փնտռող-քարոզող Իսահակեանի մը մտածումը նման կացութիւններու մէջ կը նսեմանայ…
Դեկտեմբերի առաջին օրերուն, յանկարծ դրական հովեր փչեցին դէպի Հալէպ. աւելի քան մէկ ու կէս տարի առաջ, ծայրայեղականներու դէմ գործնական քայլերով թարգմանուած ռուսական զինուորական ու դիւանագիտական աջակցութիւնը որակական փոփոխութիւն կրեց, առիթ տալով, որ սուրիական բանակն ու զինակիցները քանի մը օրուան մէջ հակակշիռ տարածեն Հալէպի վրայ, անկէ վանելով ծայրայեղական զինեալները։ Կարճ ժանամակի մէջ, ստեղծուեցաւ յուսատու մթնոլորտ, որ հաստատեց այն սկզբունքը, թէ սկսուած որեւէ զարգացում, լաւ կամ վատ, անպայման որ վերջ մը կ՛ունենայ, քանդումէ ու վէրքերէ ետք, կարելի է անցնիլ վերականգնումի ու շինարարութեան, ինչպէս ըրին աշխարհամարտներ տեսած Եւրոպան, կորիզային ռումբերու փորձադաշտ Հիրոշիման ու Նակազաքին, ու տակաւին՝ Լիբանանն ու զինեալ տագնապներէ անցած այլ երկիրներ։
Գետնի վրայ զարգացումները եթէ ցուցանիշ համարենք, որ «վերերը», տեղ մը, այս կամ այն ձեւով համախոհութեան նշոյլներ կան, սա յոյս կը ներշնչէ, որ սկսածը ըլլայ անվերադարձ, հաւանաբար հասնինք այն օրուան, երբ աւելի խաղաղ պայմաններու եւ մթնոլորտի մէջ պիտի կարենանք կշռադատել եղածին ամբողջական ծանրութիւնը, տարողութիւնը։
Թէեւ Հալէպի վիճակին բարեշրջումը կարեւոր հանգրուան մը կը նկատուի Սուրիոյ տագնապի լուծման ճամբուն վրայ (կարելի չէ անտեսել երկրին հիւսիսային այլ շրջաններու անբաղձալի վիճակը), սակայն ամբողջական վախճանին սպասելու պէտք չունինք, հաստատելու համար (ցարդ այս հաստատումը կը կատարենք փսփսալով), թէ ընդհանրապէս Սուրիոյ ու մասնաւորաբար Հալէպի մէջ, մենք՝ հայերս ապրեցանք դար մը առաջ համայն հայութեան վիճակուած բռնագաղթի ու Ցեղասպանութեան օրերու պայմաններուն մէկ մանրանկարը։ Այո, ցեղասպանութիւն տեղի չունեցաւ զանգուածային սպանդներու իմաստով, սակայն ունեցանք մարդկային ծանր կորուստներ, իսկ իրենց բնակավայրերէն հեռացողները ենթարկուեցան իրողական բռնագաղթի։ Սա միայն հայութեան յատուկ տագնապ չէ. չոր տուեալները կ՛ըսեն, որ Սուրիոյ մէջ ցարդ արձանագրուած է շուրջ 400,000 զոհ, բնակչութեան շուրջ 10-11 միլիոնը գաղթական դարձած է, ապաստանելով երկրէն ներս աւելի ապահով վայրեր կամ խոյս տալով երկրէն։ Իսկ երբ ՄԱԿը կ՛ըսէ, որ աշխարհի տարածքին այսօր կան շուրջ 65-70 միլիոն գաղթականներ…
Չենք արհամարհեր Եւրոպան ու աշխարհի այլ շրջանները ողողած միլիոնաւորներուն ողբերգութիւնը, սակայն կ՛ուզենք կեդրոնանալ մեր ածուին կրած վնասներուն վրայ։ Կիզակէտը կը կազմէ Հալէպը, սակայն չենք մոռնար Քեսապի, Գամիշլիի ու շրջակայքի, ինչո՞ւ չէ՝ Դամասկոսի ու մինչեւ իսկ Տէր Զօրի մէջ մեր կրած վնասները։ Ի վերջոյ, չենք մոռցած Տէր Զօրի յուշահամալիրին քանդումը։ Այս բոլորը կը դիտենք մեր Դատին ընդհանրական շրջագիծին մէջ. չէ՞ որ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին տարածուող նպատակներ ալ կը հետապնդենք Դատ ըսելով…
***
Ինչպէ՞ս դիմագրաւեցինք այս տագնապը։
Առաջին բեմին վրայ, հայութիւնը, Հայաստանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը, միասնական դիրքորոշումով զօրակցեցաւ տագնապահար մեր հարազատներուն։ Զգացականէն անդին անցնելով, հայութիւնը նիւթական ու մարդասիրական օժանդակութիւններու ալիքներ հասցուց Հալէպ, Քեսապ, Լաթաքիա եւ այլուր, սակայն միշտ ալ ունեցաւ այն լեղի զգացումը, որ տագնապին տարողութիւնը վեր էր դիմադրելու, հակակշռելու եւ վնասները կատարելապէս դարմանելու իր կարողութենէն։ Անզօրութեան զգացումը անխուսափելի էր յաճախ, ու մենք մինակ չէինք այս վիճակին մէջ։
Հակառակ տրամադրուած մարդասիրական օժանդակութիւններուն, գաղութը հալում ապրեցաւ բնականաբար, ներքին տեղափոխութեանց ու այլ երկիրներ տեղափոխուելու հարկադրանքներուն հետեւանքով։ Հայաստան ապաստանողներէն մաս մը կայք հաստատեց հոն, ուրիշներ Հայաստանը վերածեցին տարանցման հանգրուանի ու ափ առին օտար երկիրներու դռները։ Անտես առնուեցան գոնէ երկու գլխաւոր իրականութիւն։ Առաջին՝ Հայաստանի մէջ, դժբախտաբար գոյութիւն չունէր եւ չունի այնպիսի ենթահող, որուն վստահելով՝ կարելի ըլլար սուրիահայ զանգուածներու մնայուն կամ առժամեայ կեցութիւն ապահովել. մասամբ վերստեղծուած է Բ. Աշխարհամարտին յաջորդած ներգաղթողներուն վիճակուած պայմանները, որովհետեւ Հայաստանի բնիկներն անգամ հեռանկար չեն տեսներ մայր հայրենիքին մէջ եւ մեծ թիւերով կը գաղթեն Ռուսիա կամ այլ երկիրներ (ազգային այս աղէտին մասին չենք ուզեր երկար խօսիլ այստեղ)։ Երկրորդ՝ բնականաբար կարելի չէ «գնել» այն հռետորական վարկածները, թէ պէտք է վերջնականապէս լքել դարաւոր գաղութը. փաստօրէն, որեւէ գաղութ որոշումով չէ ստեղծուած ու չի կրնար որոշումով տարբաղադրուիլ։ Պատմութիւնը տարբեր բան կ՛ըսէ. Շահ Աբբասի բռնագաղթն իսկ բացառութիւն չէ, որովհետեւ Պարսկաստանի մէջ հայութիւնը ունեցած է դարաւոր ներկայութիւն, կապեր։
***
Քիչ մը նայելով դէպի անցեալ, սակայն սեւեռելով դէպի ապագայ, նման հանգրուաններու կենսական է հարցադրել մեր կատարածն ու կարելիութիւնները, որովհետեւ աւելի քան 25 տարիէ ի վեր, այս աշխարհին մէջ կ՛ապրինք նոր պայմաններով՝ վերանկախացած Հայաստանին ու անոր վիճակուած բարենպաստ ու դժուար կացութիւններուն մէջ, զուգահեռաբար նորութիւններ ապրող գաղութներով։
Այս սիւնակներուն սկզբնաւորութեան մեր նկարագրած աշխարհատարած կացութիւններու պատկերին դիմաց, հաւանաբար անմիջական պատասխանը ըլլայ այն, որ այժմու անբարենպաստ հոսանքները այնքան հզօր են ու կը կառավարուին այնքա՛ն «վերեր»էն, որ մանկամտութիւն պիտի ըլլայ մտածել, թէ մեր միջոցներով կրնանք ազդել դէպքերու ընթացքին վրայ։ Անմիջապէս ըսենք, որ եթէ այս մտածողութիւնը բացարձակապէս ճիշդ ըլլար, մենք Սարդարապատ չէինք ունենար, ուրիշ շատ մը ժողովուրդներ ալ իրաւունքի ու անկախութեան հասած չէին ըլլար։
Իր բոլոր բացասական գործօններուն դիմաց, Սուրիոյ տագնապն ու Հալէպի ու Քեսապի վիճակուած ողբերգութիւնները այլապէս ստեղծեցին հայօրէն ու մարդկօրէն իրաւունք ու արդարութիւն հետապնդելու առիթներ, զորս միայն մասնակի կերպով օգտագործեցինք։
Ի մտի ունինք մանաւանդ մեր դարաւոր թշնամիին՝ Թուրքիոյ պարագան, որուն դէմ տասնամեակներէ ի վեր բազմաճիւղ պայքար կը մղենք, եւ անհրաժեշտ է օգտուիլ պատմական այն պահերէն, որոնք կը ներկայանան մեր պայքարի ճամբուն վրայ, առանց անտեսելու այն հեռանկարը, որ ինչպէս Ա. Աշխարհամարտէն ետք, ապագային ալ, Թուրքիա կրնայ մասնատուիլ (հակառակ անոր, որ ան ցարդ կաշին փրկած է խուսանաւումներու, դիրքին ու դաշնակիցներու հանդուրժողութեան պատճառով), մինչեւ իսկ այսօրուան գերհզօրները կրնան «վերատեսութիւններու» մատնուիլ։ Չէ՞ որ Եւրոպան կ՛ապրի մարդագրական հսկայական այլափոխութիւն…
Աղաղակող փաստեր ունինք, որ Թուրքիա, ի շարս ուրիշներու, նաեւ ընդառաջելով կարգ մը դաշնակիցներու ցուցմունքներուն, հրահրեց ու գործնապէս զինակցեցաւ «իսլամ ծայրայեղականներու» այն դրածոյ ուժերուն, որոնք բուն գործակատարները եղան Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած ոճրային քաղաքականութեան (երբ կ՛ըսենք Սուրիա, ի մտի չունինք միայն իշխանութիւնը, այլ՝ նոյնինքն սուրիացի ժողովուրդն ու անոր հայրենիքը եղող երկիրը. չմոռնանք, որ Սուրիան ազգայնականութեան օրրան եղած է ու Թուրքիոյ դէմ ազատագրական պայքար մղած, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ըրած ենք մենք ու տառապած՝ այդ պատճառով)։ Թուրքիա իր հողերուն վրայ մարզեց «ծայրայեղական զինախումբ»երը, զանոնք օժտեց հրասայլերով ու այլ տեսակի ծանր զէնքերով (ֆինանսաւորումը, մեր յիշատակած թաքուն ուժերուն թելադրանքով, կատարուեցաւ արաբական կարգ մը երկիրներու կողմէ, որոնց յաճախ վերագրուեցաւ չափազանցեալ դերակատարութիւն)։ Փաստօրէն, երբ «Նուսրա»ի ու նմանակներու զինեալները օր ցերեկով իրենց հրասայլերն ու ծանր զէնքերով բեռնաւորուած նոփ-նոր ինքնաշարժները ցուցադրեցին լրատու աղբիւներու ոսպնեակներուն դիմաց, ոչ ոք հարց տուաւ, թէ այդ զէնքերը, բացի Թուրքիայէն, հողային այլ ճամբայ ունէի՞ն Սուրիա եւ Իրաք հասնելու համար… (Այլ հարց, թէ Իրաքի պաշտօնական ուժերուն կամ սուրիացի «չափաւորական ընդդիմադիրներ»ու տրամադրուած ծանր զէնքեր ինչպէ՞ս նման յելուզակներու ձեռքը կը հասնին ու անտես կը ձգուին, յետոյ ալ կը փորձուի հազար ու մէկ արգելք ստեղծել «ծայրայեղականներ» մաքրագործելու ելլողներուն դէմ, զանգուածային լրատու միջոցները լուռ կը մնան անոնց քայքայման գործընթացին դիմաց կամ կը ներկայացնեն խեղաթիւրումներով)։ Թուրքիա քաջալերեց ու մասնակից եղաւ Հալէպի ու այլ շրջաններու կողոպուտին, կազմակերպեց Իրաքէն ու Սուրիայէն քարիւղի լայնածաւալ մաքսանենգութիւնը, լայնածիր յարձակումներ կազմակերպեց քիւրտերու եւ այլ փոքրամասնութեանց դէմ։ Թուրքիա նաեւ մեծ դեր ունեցաւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ գաղթականներու ահաւոր տագնապին ստեղծման ու «արտահանման» մէջ, սակայն աշխարհին ներկայացաւ իբրեւ բարերար, մեծագումար օժանդակութիւններ ապահովեց դաշնակիցներէ, մինչեւ իսկ հագաւ հաշտարար միջնորդի պատմուճան. եւ յանկարծ, աշխարհ ականատես կ՛ըլլայ նոր բեմադրութեան մը, երբ իսլամ ծայրայեղականներ… «անհաշտ պատերազմ» կը հռչակեն Թուրքիոյ դէմ, նման այն ճակատումին, որ քանի մը տարի առաջ բեմադրուեցաւ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ, Կազա ուղղուող թրքական նաւու մը վրայ իսրայէլեան յարձակումին առիթով…
Այս բոլորին դիմաց, մոռացութեան մատնուած են Կիպրոսի գրաւումն ու Հայաստանի տնտեսական պաշարումը՝ նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ. աշխարհի աչքերուն դիմաց քօղ դրուած է Արցախի դէմ ատրպէյճանական ոճիրներուն Թուրքիոյ մեղսակցութեան վրայ։
Բոլորովին անտարբեր կամ ձեռնածա՞լ էինք։ Անշուշտ ոչ, սակայն եթէ կշռադատենք կատարուածն ու ներկայացած առիթներուն դիմաց յաւելեալ կարելիութիւնները, պէտք է արդար ըլլանք եւ խոստովանինք, որ ո՛չ պետական եւ ոչ ալ այլ մակարդակներու վրայ լաւագոյնս օգտագործեցինք առիթները։
Օրինակի համար, կարելի չէ՞ր ցուցական զօրակցութիւն ցուցաբերել Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Գերմանիոյ, որ Թուրքիոյ կողմէ «պատժամիջոցներու» դէմ յանդիման գտաւ ինքզինք՝ իր այդ քայլին պատճառով, մինչդեռ ճանաչումի օրը, արդար ցոյցերով հրապարակ եկանք, մեր կողքին ապահովելով քիւրտեր ու յոյներ… Յետոյ, արդեօք կարելի չէ՞ր դիմել նախաձեռնութեան մը (անկախ անոր տալիք արդիւնքին տարողութենէն), որ համակարգում ստեղծէր Թուրքիոյ հետ սուր հարցեր ունեցողներու՝ քիւրտերու, կիպրացիներու, յոյներու, այլ փոքրամասնութեանց, մինչեւ իսկ իսլամական որոշ շրջանակներու հետ. չմոռնանք, որ Թուրքիա սուր հակադրութիւն ունեցաւ Եգիպտոսի հետ, որ հարուածներ կը ստանար նոյնինքն Թուրքիոյ բացայայտ ու աղաղակող զօրակցութիւնը վայելող կրօնամոլներէն, եւ որուն ղըպտի բնակչութիւնը այլապէս կրեց ծանր հարուածներ, իսկ մենք ղըպտի համայնքին հետ ունինք պատմական ու դաւանական սերտ կապեր։ Ինչպէս Եգիպտոսի, նմանապէս այլ երկիրներու մէջ 100ամեակին առիթով ստեղծուած էր մեր Դատին ի նպաստ որոշ մթնոլորտ, եւ այդ՝ առանց կրօնական ու յարանուանական վերապահութիւններու, նկատառումներու։ Վերջապէս, կարելի չէ՞ Արցախի վրայ մինչեւ օրս կրկնուող ատրպէյճանական ոճիրները աւելի ուժեղ լուսարձակի տակ բերել՝ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը բեմ հանելով, այն պահուն՝ երբ Թուրքիա, իր ներքին բռնատիրական ու ապօրինի միջոցառումներուն պատճառով, նոր դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի Եւրոպայի հետ։ Ռուսիոյ հետ զինակցական կապերուն ամրապնդումը յաջող քայլ է, բայց կը մնայ մասնակի՝ առանց յիշեալ ու նմանօրինակ քայլերով լրացուցիչներու։
***
Այս բոլորը չենք արձանագրեր լոկ ինքնաքննադատութեան մօտեցումով, այլ ապագան աւելի՛ շրջահայեաց ու աւելի լայն ակնոցներով դիմաւորելու նախանձախնդրութեամբ։
Իբրեւ պետական կարողութիւններով օժտուած երկիր ու ժողովուրդ, պէտք է մենք մեզ ձերբազատենք մեր ոտքերը արճիճող որոշ ծանրութիւններէ եւ առաւելաբար դուրսէն ազդանշաններ սպասելու հոգեվիճակէ. պէտք է ստեղծել քաղաքական-դիւանագիտական աւելի ազդու ու բարձրաձայն նախաձեռնութիւններու դիմելու ունակութիւնը, նախաձեռնութիւններ, որոնք առաջին հերթին մէկտեղեն մեր հայրենիքին ու աշխարհատարած գաղութներու ձեռքերն ու կարողականութիւնները, ապա նաեւ՝ մեր շուրջ համախմբեն նոյն խրամատին մէջ գտնուող երկիրներ ու ժողովուրդներ։ Թուրքիոյ դէմ մեր քաղաքական, դիւանագիտական եւ այլ քայլերը, պետական ոլորտներէ անդին, պէտք է ուղղուին այն զանգուածներուն, որոնք կրնան ազդել իրենց պետական վարչամեքենաներուն վրայ, որովհետեւ այդ զանգուածներն են, որոնք կը կրեն Թուրքիոյ ու նման ոճրագործ պետութեանց շահատակութեանց հետեւանքները: Ըլլա՛յ մեր յեղափոխութեան առաջին տասնամեակներուն, ըլլա՛յ խորհրդային տարիներուն, հայկական քաղաքական միտքը աւելի՛ ձեռնհասութիւն ցոյց տուած է բարեկամներու եւ արտաքին աշխարհին հետ վերաբերելու-գործակցելու իմաստով, իսկ այսօրուան աշխարհի ընձեռած կարելիութիւնները աւելի լայն են, մեր ձեռքերը պէտք է աւելի ազատօրէն շարժին։
Հայաստան-Արցախէն մինչեւ հայրենամերձ ու հեռակայ գաղութներու դիմագրաւած տեղական ու համահայկական դատերը նոյն ամբողջութեան մասնիկներն են, ինչպէս որ նոյն դատին մասնիկներն են Հայաստանի տնտեսական, ընկերային եւ բազմապիսի այլ տագնապներու լուծումներուն հետապնդումը։ 21րդ դարը մեզի չ՛արտօներ բաւականանալ շպարային միջոցառումներով եւ պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու ինքնաբաւութեամբ, կիսաքայլերով։
Մեր պատմութիւնը գործնական դասագիրք մըն է անկարելին կարելի դարձնելու մեր մեծ ու փոքր իրագործումներուն, նոյնինքն մեր գոյատեւմա՛ն։ Սուրիոյ եւ Հալէպի հայութեան վերականգնումը միայն տեղական հարց չէ, այլ ունի Հայաստանին ու ողջ հայութեան նպաստ բերելու իր երեսը, ինչպէս որ անոր տկարացումը համապատասխան անդրադարձ պիտի ունենայ ողջ հայութեան կեանքին վրայ։ Իսկ Սուրիոյ մեր գաղութը միայնակ չէ այս դերակատարութեան մէջ։
Եզրակացնելու համար կարելի է ըսել նաեւ, որ Հալէպի մէջ դրական նկատուող զարգացումները կրնան նախաքայլը ըլլալ այլ նմանօրինակ կացութիւններու, որոնց թատերաբեմ կրնան ըլլալ աշխարհի այլ տաք գօտիները, ներառեալ մեր Հայաստանն ու Արցախը։ Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ գործակցութիւնն ու հակադրութիւները շրջանցած են դասականին ծիրը։ Ահա թէ ինչո՛ւ մեր տրամադրութեան տակ եղող զէնքերը պէտք է միշտ պատրաստ պահել, նորերը պատրաստել ու գործել մե՛ր հաշիւներով։
9 Դեկտեմբեր 2016
===================================================
Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով
Լաւագոյնը Կը Մաղթենք Հայ Ժողովուրդին
Սարօ Եւ Այտա Գօթոյեան Քրիս Եւ Սարին
=====================================================
Ալիք եւ Լոռի Պէրպէրեան
Նոր Տարին Յոյսերով ու Բարիքներով Լի Տարի մը Ըլլայ
======================================================
Մելինէ Նաճարեան
Կը Շնորհաւորէ Նոր Տարին
Եւ Ս. Ծնունդը Իր Ընտանիքի Անդամներուն Եւ Բարեկամներուն
=====================================================
Տոքթ. Շաւարշ Եւ Տիկ. Մարիա Քրիսեան
Կ՛ողջունենք «Ասպարէզ»ի Ազգօգուտ Աշխատանքը
Շնորհաւորելով Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
=================================================================
Վարդուհի Եւ Կատիա Քուշերեաններ
Կը Մաղթենք Հայ Ժողուվուրդին Եւ
«Ասպարէզ»ի Անձնակազմին Ամենայն Բարիք