Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Պուրճ Համուտ

$
0
0

 

ՎԱՀԱՆ ՎԱՀԱՆԵԱՆ

 

 

Քաղաք ըսես՝ քաղաք չէր:

Գիւղ ըսես՝ գիւղ ալ չէր:

Թաղամաս ըսես՝ թաղամաս ալ չէր: Թաղեր՝ կային հոն:

Արուարձան ըսես՝ արուարձան ալ չէր: Անկախ քաղաքապետութիւն ունէր, հա՛յ քաղաքապետով:

Untitled2 Բայց աւան մըն էր՝ աւաններու ամփոփումով: Իր մէջ պարփակած էր ամբողջ Կիլիկիան: Այսպէս՝ Մարաշ, Սիս, Ատանա, Եոզղաթ, Արագած, Կիլիկիա, Եփրատ… Կիլիկիոյ զանազան քաղաքները քով քովի եկած էին հոն:

Աշխարհի տարածքին «հայագոյն» քաղաքը՝ «հնագոյն» մեծամասնութեամբ. Պուրճ Համուտ:

Աշխարհագրականօրէն կը գտնուէր Պէյրութի արեւելեան կողմը, ճիշդ այն կէտին, ուրկէ կ՛անցնէր իր ցամաքութեամբ հռչակ ստացած… Պէյրութի ցամքած գետը, որ 10 տարին անգամ մը կը յորդէր, եթէ անձրեւները առատ ըլլային:

Պուրճ Համուտ կը գտնուէր գետին արեւելեան կողմը եւ կը տարածուէր մինչեւ Տորա կոչուած հրապարակը՝ մէկ կողմէն, ու մինչեւ Սալոմէի հրապարակը (Տըքուէնիի մուտքին)՝ միւս կողմէն:

Գրեթէ քառակուսի հողամաս մըն էր այս «մինի-Կիլիկիան», հազիւ 3 քիլոմեթր կողմերով: Վրայ վրայի, հազիւ 10 քլմ. քառակուսի տարածութիւն մը՝ շուրջ 200 հազար բնակչութեամբ: Գլխու պտոյտ տուող պատկեր…

Փոշոտ էր, ցեխոտ էր Պուրճ Համուտ: Փողոցները՝ նեղլիկ, փոսերով լի, կարծես ըլլային լուսնի մակերեսէն պոկուած մաս մը: Աղտոտ էր Պուրճ Համմուտ: Մաքուր չէր: Անկազմակերպ վիճակ ունէր, անկանոն էր դրութիւնը:

Շինութիւնները՝ անկանոն, խանութները՝ անկանոն, մարդիկ՝ անկանոն, անկանոնութիւնը՝ կատարեա՛լ: Համը անոր մէջ էր արդէն: Եթէ այդպէս չըլլար, ապա ի՞նչ պիտի յիշէինք այսօր: Կարօտով կը յիշենք ու կ՛ափսոսանք Պուրճ Համուտի ցեխոտ փողոցները, գետերու վերածուած ճամբաները, փոշոտ մթնոլորտը, աղբով լեցուն անկիւնները, փողոցներու լաճերը եւ անոնց ստեղծած խայտառակութիւնները:

Աղքատ էր ընդհանուր կեանքը: Բայց գիտէ՞ք՝ ինչե՜ր ու ինչե՜ր պահուած էին այդ աղքատութեան ետին: Հոն բնակչութիւն հաստատած հայերը, որոնք եկած էին Կիլիկիոյ գրաւումէն ու պարպումէն ետք, եւ որոնք այդ ճահճային դաշտը վերածած էին շէնշող աւանի մը, այդ հայերը պարապ գրպանով ու քսակով հասած էին հոն եւ հապճեպով սկսած էին թիթեղաշէն կամ փայտաշէն պատսպարաններ ապահովելու իրենց պաշտպանեալներուն համար: Հարստանալու փափաքը մեռած էր անոնց մէջ. անոնք գոյատեւումի պայքար կը տանէին միայն, գէթ՝ սկզբնական շրջաններուն:

Թրքախօս էր Պուրճ Համուտ:

Untitled22 Հայախօս թրքախօսութիւն կը տիրէր ամէնուրեք:

Թրքերէնով կը յիշուէին թուրքին խժդժութիւնները, թրքերէնով հայհոյանքներ կ՛արձակուէին թուրքի հասցէին, թրքերէնով աղօթք կը բարձրանար Աստուծոյ խորաններուն առջեւ, թրքերէն տեղի կ՛ունենային ժողովներ եւ կ՛առնուէին մեծ-մեծ որոշումներ, թրքերէնով խրախճանք կը կատարուէր, խօսքկապ կամ նշանտուք տեղի կ՛ունենար, թրքերէնով Հայաստան կ՛երազուէր, գէթ՝ սկզբնական շրջաններուն:

Կը յիշեմ՝ հայերէն տառերով թրքերէն արտասանուող աղօթքներ կը կարդացուէին եկեղեցիներու մէջ: Կը յիշեմ մեծ հայրս, լայն թեւերը դէպի երկինք բարձրացնելով՝ թրքերէնով աղօթք կը փսփսար: Կը յիշեմ՝ մեռելներու վրայ թրքերէնով ողբերգներ կը կատարուէին:

Կը յիշեմ Պուրճ Համուտը, երբ թրքական մթնոլորտէ հայկականի կը դառնար ժամանակի ընթացքին: Ո՞վ չի յիշեր՝ «Թրքերէն խօսողին՝ հայերէն պատասխանէ»ի արշաւը…

Մեղքը՝ մեր կիլիկեցի հայ ըլլալն էր: Կիլիկիոյ զանազան քաղաքներու մէջ, ուրկէ Պուրճ Համուտ հաւաքուած էին մեր հայրերը, միայն թրքերէն կը խօսէին, թրքերէն կը կարդային ու կը գրէին, թրքերէն կ՛ուտէին եւ թրքերէն կը խնդային: Այդ կենցաղը իրենց հետ բերած էին եւ պահած՝ որոշ ժամանակ, մինչեւ սերունդի փոփոխութիւնը:

Այդ փոքրիկ բայց հսկայ Պուրճ Համուտի մէջ, ուր, համեմատաբար ուրիշ որեւէ այլ քաղաքի, կ՛ապրէր հայութեան ամենամեծ տոկոսը, մենք հայութիւն կերտեցինք եւ հայ արտադրեցինք: Պուրճ Համուտը եղաւ հայու շտեմարան եւ հայու արտադրիչ: Աղքատ բայց հայ Պուրճ Համուտը մեզի տուաւ չսպասուած ու չտեսնուած բացառիկ արդիւնքներ…

Ի՞նչ կը կարծէք, թէ կարելի էր ընել մօտաւորապէս 15 վարժարաններով, 8 եկեղեցիներով, ակումբներով, կեդրոններով, բարեսիրական հաստատութիւններով, վաճառատուներով, դարմանատուներով, թատերասրահներով, թատերախումբերով, մարզական միութիւններով… եւ այն ամէ՛ն ինչով, որ կը սատարէր հայուն հայ մնալու գործին, աւելի՛ հայանալու նպատակին…

Դիւրին չէր այդ օրերուն իբրեւ մարդ գոյատեւել, ուր մնաց՝ իբրեւ հա՛յ պայքարիլ։

Սակայն եղա՛ւ ինչ որ եղաւ, ու կատարուեցաւ հրաշքը: Պուրճ Համուտի ճահիճները ցամքեցան եւ անոնց վրայ բարձրացան շէնքեր: Ճամբաները կանոնաւոր կերպով ասֆալտապատուեցան (շնորհիւ Պօղոս վրդ. Արիսի անխոնջ ջանքերուն)՝ յետագային… դարձեա՛լ քանդուելու համար: Պուրճ Համուտը մեծցաւ, աճեցաւ, տարածուեցաւ, բայց չանցաւ իրեն համար գծուած սահմաններէն անդին: Չէ՛ր կրնար ընդլայնիլ, որովհետեւ չորս կողմը արդէն իսկ կային ընդունուած հաւաքականութիւններ:

Պուրճ Համուտ ունէր Ազգային գերեզմաննոց՝ երեք յարանուանութիւններուն պատկանող երեք բաժանմունքներով, կարգ-կանոնով: Շէնքեր կը բարձրանային՝ աւելի յարկաբաժիններով, աւելի յարկերով, աւելի ժողովուրդով:

Բայց բոլորին համար չկար ջուր, չկային հանգիստի պայմաններ: Այդ դրութեան ալ վարժուեցաւ պուրճհամուտցին:

1-2-3 ըսելու պէս, 1-2-3՝ կը գործադրուէին նաեւ կեանքի ամէն տեսակ դժուարութիւններու կողմէ պարտադրուած պայմաններ, ու բոլորն ալ երջանիկ էին:

Որովհետեւ՝ պուրճհամուտցի էին… հա՛յ էին, հայապաշտպան տղաք էին, հայանուէր մարդիկ էին:

Որովհետեւ՝ ամէն հայու չէ տրուած պուրճհամուտցի ըլլալ ու այդպէս ապրիլ:

Կ՛ըսեն, թէ «ակա» են պուրճհամմուտցիները, ու կը փորձեն ծաղրել: Թրքերէն՝ ակա կը նշանակէ եղբայր, եւ այս բառը քաղաքավար գործածութիւն կ՛ենթադրէ, հայհոյանք չէ՛:

Ինչո՞ւ ծաղրել ակա բառը գործածողները, երբ անդին իրենք զիրենք աւելի հարազատ հայ սեպողներ չեն վարանիր գործածելէ «ճիկեր», «ջան», «ազիզ» կամ «ղուրպան» բառերը … որոնք, նոյնպէս, թրքերէնէն մեզի հասած ըլլալով՝ կը նշանակեն. ճիկեր՝ թոք, ջան՝ հոգի, ազիզ՝ սիրելի, ղուրպան՝ մատաղ, եար՝ սիրելի, ջահել՝ երիտասարդ, ղարիպ՝ օտար… այս բառերը հայերէ՞ն են…

Ինչո՞ւ ուրեմն միայն ու միայն ակա բառը դատապարտելի բնոյթ պէտք է ստանայ: Պարզապէս, ըստ մեզի՝ որովհետեւ ամէն հայ չի կրնար պուրճհամուտցի ըլլալ եւ այդ դժուարին պայմաններուն տակ՝ հա՛յ մնալ:

Մինչ, բոլոր անոնք, որոնք ճիկերն ալ, ջանն ալ, ղուրպանն ալ, եարն ալ, ջահելն ալ, ղարիպն ալ համով-հոտով կը գործածեն, յաճախ մեր գրականութեան ռոմանթիք դարձուածքներու անհրաժեշտ բանալիները կը դարձնեն…

– Ակա՛, եկուր կարգ մը պուրճհամուտեան դէպքեր յիշեցնելով՝ զանոնք պատմութեան վերածենք ու արձանագրենք:

Untitled3Պուրճ Համուտէն ելած են կղերականներ, վարդապետներ, եպիսկոպոսներ (օր մը, կը տեսնէք, կ՛ունենանք պուրճհամուտցի կաթողիկոս), բժիշկներ, ճարտարագէտներ, փաստաբաններ, մամուլի ներկայացուցիչներ, վաճառականներ, երգիչներ, արուեստագէտներ, թատերագիրներ, դերասաններ, նկարիչներ, կուսակցական ղեկավարներ եւ նահատակներ, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն ընթացքին հայկական թաղերն ու հայ ընտանիքները պաշտպանելով:

Պուրճ Համուտէն ելած են հայ հայրեր եւ հայ մայրեր, ընտիր հայ ընտանիքներ եւ արժանաւոր հայ զաւակներ:

Հետեւաբար, ան, որ պուրճհամուտցի է, թող հպարտ զգայ իր ծագումով, որովհետեւ, վերջ ի վերջոյ, այդ ծագումը կը պարտի իր կիլիկեան արմատներուն, քանի որ, ինչպէս ըսինք, Պուրճ Համուտը «մինի-Կիլիկիա» մըն է: Պատկանելով կիլիկեան արմատին՝ պատկանած կրնանք ըլլալ հայկական ազնուական տոհմերէն մէկուն, կրնանք ըլլալ, ինչո՞ւ չէ, իշխանական կամ արքայական տոհմի մը զաւակը:

Արդէն, ամէն հայ, ինքնին, թագաւոր մը կամ իշխան մը չէ՞…

Ես համեստ պուրճհամուտցի մըն եմ…

 

ՄԻԼԷՃԻ* ՎԱՀԱՆ

 

Աչքերուն լոյսը դադրած էր, երբ ան հազիւ 40 տարիքը թեւակոխած էր: Կապոյտ-կանաչ աչքերը բաց էին, բայց ան չէր տեսներ, զրկուած էր մարդկային ամենակարեւոր ու ամենահաճելի զգայարանքէն:

Հիւանդութեան մը հետեւանքն էր անոր կուրութիւնը. ո՛չ ժառանգական ախտ էր, ո՛չ արկած, ո՛չ ալ բնութեան մէկ ուրիշ քմահաճոյքի կատարումը:

Միլէճի Վահան սկիզբը անտանելի գտած էր իրեն վիճակուած ահռելի ճակատագիրը: Բայց յետոյ, կամաց-կամաց վարժուելով եւ համբերութիւն սորվելով՝ ան հլու-հնազանդ կամակատարը դարձած էր անխիղճ ճակատագիրին, որ ո՛չ նայած էր անոր հին ֆետայի ըլլալուն, ո՛չ իր դաշնակցականի հաւատարմութեան գիծին, ո՛չ ալ կրօնապէս կաթողիկէ ըլլալուն:

Միլէճի Վահանը անցեալին յաջող դերձակ եղած էր, հետեւաբար՝ դերձակատան մէջ կը վաճառէր նաեւ որոշ որակաւոր կերպասեղէն: Ատանացի էր, ծնած ու կռուած Ատանայի մէջ եւ շրջակայքը: Ամուսնացած էր Կիւլենիայի հետ՝ Ատանայի մէջ, ունեցած էր անդրանիկ զաւակը՝ Նազարէթը, 1915ին, դարձեալ Ատանայի մէջ, ապա տեղահանութեան եւ աքսորի ճամբան բռնելով՝ շրջած էր Սուրիոյ ու Լիբանանի զանազան քաղաքները՝ Լաթաքիա եւ Զահլէ երկար կայք հաստատելով: Զահլէի մէջ ծնած էր իր երկրորդ մանչը՝ Գրիգորը, իսկ Լաթաքիոյ մէջ՝ Յովակիմը եւ Մարիժանը: Երկար ատեն ապրած ու գործած էր Լաթաքիոյ մէջ, ուր պատահած էր նաեւ կուրութեան անխուսափելի ողբերգութիւնը:

Կոյր մը կրնա՞յ կարել…

Ի՞նչ ընէր վարպետ դերձակ Վահանը՝ իր ընտանիքին ապրուստը ճարելու համար: Պարզապէս, պիտի ընէր իր գործին յարմարող գործ մը, անոր մօտ բան մը: Շատ չէր մտածած՝ գտնելու համար Քոլոմպոսի հաւկիթը: Ամենայն քաջութեամբ, Վահան կ՛որոշէ վաճառականութիւնը շարունակել, անշուշտ՝ մէկ կողմ ձգելով դերձակութիւնը, որ աչքի լոյսի կը կարօտի: Սակայն ի՞նչպէս պիտի ծախէ, կամ ի՞նչ պիտի ծախէ:

Տրուած ըլլալով, որ ան կերպասեղէնի մասնագէտ էր, տրուած ըլլալով, որ ան շատ մարդ կը ճանչնար, տրուած ըլլալով, որ տան կրտսերը՝ Յովակիմը տակաւին մանուկ էր եւ անգործ (դպրոցի մասին մտածելու ժամանակ չկար), Վահան կ՛որոշէ հետեւեալը.

– Խանութին մէջ մնացած բոլոր կերպասները տուն բերել:

– Օրական փոքր ծրար մը, շալկուելու չափ փոքր, ուսը նետել, եւ՝

– Յովակիմի առաջնորդութեամբ, մէկ-մէկ այցելել յաճախորդներուն ու բարեկամներուն, ազգականներուն ու ընկերներուն…

Կը կարծէ՞ք, թէ դիւրին գործ մըն էր այս…

Պարագաները այնպէս կը բերեն, որ Վահան, ընտանիքը առնելով՝ երթայ ու հաստատուի Իսքէնտերուն ծովեզերեայ հարուստ քաղաքը, ուր Կիլիկիոյ բոլոր շրջաններէն հայեր կը հասնէին ու կը հաստատուէին: Հարուստ ըսինք՝ բաղդատաբար շրջանի միւս գիւղանման քաղաքներուն, ուր ժողովուրդը միայն ու միայն հողագործութեամբ եւ ագարակապանութեամբ կը զբաղէր:

Իսքէնտերունը քիչ մը տարբեր էր միւսներէն: Հոս՝ գործերը լաւ կ՛ընթանան: Արդէն Նազարէթն ու Գրիգորը կ՛օգնէին հայրիկին՝ իրենց համեստ եկամուտներով: Յովակիմը՝ ամէն օր ձեռքէն բռնելով եւ դուռ-դուռ պտըտցնելով, իսկ Մարիժանը՝ տան մէջ մօրը օգնելով:

22 արեկանին յանկարծ ամուսնանալ փափաքող Նազարէթին համար կը գտնեն տէօրթ-եօլցի համեստ աղջիկ մը: Նազարէթ կ՛ամուսնանայ Մաքրուհիին հետ, եւ կեանքը կը շարունակուի, մինչեւ որ բոլորը միասին, հազարաւոր ուրիշ հայերու նման, ստիպողաբար կը ձգեն ամէն ինչ ու կ՛ուղղուին դէպի Լիբանան:

Լիբանանը կ՛ըլլայ շատ հայերու «փրկաստանը»:

Թիթեղաշէն տուներ կամ վրաններ կը պատսպարեն հայ գաղթականները, որոնք կ՛արժանանան արաբ ազնուական ժողովուրդին գրկաբաց ընդունելութեան եւ օգնութեան:

Վահանը, հանդերձ ընտանեօք, կը հաստատուի Թրատ թաղամասի կեդրոնը, հացագործ Հայրապետի փուռին քով գտնուող մէկ սենեկանոց տունը, պատկից դրացի ունենալով մունետիկ Պետրոսը, որ ճանչցուած էր «Տելլալ Պետրոս» անունով: Փողոցին աջ կողմը կը գտնուէր «մուխթար» (թաղապետ) Երուանդ Թաւուքճեանի գրասենեակը, իսկ ձախ կողմը՝ «էնիշտէ» (քեռայր) Միսաքի մսագործի խանութը: Հաճելի շրջապատ… բոլորն ալ՝ Ատանայէն, այնպէս, որ հետագային, Պուրճ Համուտի այդ թաղամասը կոչուեցաւՆոր Ատանա…

Ամէն առաւօտ, առաջին արթնցողը եւ ասոր-անոր գլուխը ցաւցնողը կ՛ըլլար Տելլալ Պետրոսը, որ, ի պաշտօնէ, պէտք էր փողոց-փողոց, թաղ-թաղ շրջէր եւ պոռալով ծանուցումներ կատարէր: Օրինակ՝ Հայրապետին փուռը այսօր հացին քիլոն՝ փոխանակ 20 դահեկանի, պիտի ըլլայ 15 դահեկան: Մսագործ Միսաքին քով միսին 200 կրամը (նուկին), ոչխար՝ 60, կով՝ 40 դահեկան… Մէկ խօսքով՝ Տելլալ Պետրոսին պաշտօնն էր օրուան բացառիկները (Specials of the day) ժողովուրդին տեղեկացնել:

Միլէճի Վահանն ալ, Յովակիմի օգնութեամբ, կը ձեռնարկէր իր առօրեայ շրջապտոյտին, եւ կէսօրին, հեւասպառ, տուն կը վերադառնար քիչ մը հանգչելու ու մանաւանդ տեսնելու, գրկելու եւ սիրելու իր նորածին թոռնիկը, որուն Վահանիկ անունը տուած էին, ի յարգանս մեծ հայրիկ Վահանին, ինչ որ հայկական գովելի սովորութիւն էր:

Այդ փոքրիկ Վահանիկը՝ ե՛ս էի…

Վահանիկը ծնած է 1939ի տաք Օգոստոսի օր մը՝ 22ին, գիշերուան ժամը 9:22ին, ծնողքին տան մէջ, դայեակի միջոցաւ:

Պատկառելի դայեակին առաջին գործը չէի, անշուշտ, բայց ան իր հիացմունքը չէր կրցած զսպել, երբ աշխարհ եկած եմ, կեղտոտ բայց համով-հոտով կերպարանքով: Մեծկակ մանուկ մը, գեղեցիկ, նոյնիսկ շատ գեղեցիկ՝ ըստ շատերու վկայութեան, եւ շէկ ու կապուտաչեայ: Գիրուկ, ժպտուն, քիչ մըն ալ՝ լալկան:

Մեծ հօրս երջանկութիւնը չափ ու սահման չունէր, կը վկայեն ծնողքս, մեծ մայրս, հօրեղբայրներս եւ հօրաքոյրս: Բայց աւա՜ղ, տեսողութենէն զրկուած ըլլալով՝ Վահան մեծ հայրս գոհացած է թեւերը դէպի երկինք բարձրացնելով, աղօթք մը մրմնջելով ու տեսակ մը «տիալոկ» սկսելով Աստուծոյ հետ.

– Զրկեցիր զիս տեսողութենէ, բայց տուիր ահա՛ թոռնիկ մը, որուն համար ես մինչեւ այսօր գոյատեւելու ախորժակը ունեցեր եմ: Շնորհակալութի՜ւն, ո՛վ մեծ Աստուած…

Վահան մեծ հայրս, իր մահկանացուն չկնքած, թեւերուն մէջ առեր է նաեւ վաղամեռիկ եղբայրս՝ Կապին (8 տարեկան) եւ քոյրս՝ Ժոզէֆինը, որ այսպէս կոչուած է՝ իրենց վաղամեռիկ դստեր Ժոզէֆինին անունով:

ՎԵՐՋԱԼՈՅՍԻ ԱՂՕԹՔ

 

– Ո՛վ Տէր Աստուած, Դուն՝ ողորմութեան աղբիւր, սիրոյ արտադրիչ, գթառատ, ամենակալ եւ հայր մարդկութեան, ներէ՛ մեր առօրեայ մեղքերը, առ մեզ հովանիիդ տակ եւ սփռէ առատ շնորհքներդ մեր ազգին վրայ:

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆ՝ ԱՂՕԹՔԻՍ

 

– Եղիր օրհնուած, եղիր սրբացուած, ո՛վ իմ քաջարի տղաս: Պահէ՛ դուն քեզ չար առիթներէ: Եթէ դուն քեզի չօգնես եւ ինծի յարատեւութիւն չբացայայտես, ես՝ Աստուածդ, երբե՛ք պիտի չօգնեմ քեզի:

 

ՀՕՐԵՆԱԿԱՆ ՄԵԾ ՄԱՅՐԻԿՍ

 

Կիւլենիա էր՝ տարիներէ ի վեր անդամալոյծ դարձած մեծ մօրս անունը, որ կը թարգմանուի՝ Վարդ, Վարդուհի: Ան իր բարի հոգին Աստուծոյ յանձնեց 56 տարեկանին, ընդհանուր անդամալուծութեան պատճառով 16 տարի անկողինին ծառայելէ ետք:

Կիւլենիա Ճանսըզեան թաղապետի հանգամանք ունէր, քանի որ ամէն առաւօտ իրեն կ՛այցելէին թաղի լրաբեր կիները եւ իր մօտ տեղի կ՛ունենար վճռաբեկ ատեանի պէս համաժողով: «Պըշարա Խուրի» անունը տուած էին անոր՝ Լիբանանի առաջին նախագահին անունը կցելով մեծ մօրս անունին:

Մեծ մայրս Նաճարեանի աղջիկ էր: Ան ունէր մէկ քոյր՝ Շամիրամ, երկու եղբայր՝ Իսկենտէր եւ Աբրահամ: Ամուսնացած էր Վահան Ճանսըզեանի հետ, ունէր չորս զաւակ՝ Նազարէթ (հայրս), Գրիգոր, Յովակիմ (ճանչցուած նաեւ Հեքիմէթ (կառավարութիւն) անունով) եւ Մարիժան (միակ ապրողը, որ այսօր կը գտնուի Զահլէ, Լիբանան): Մայր էր 3 տղաներու:

Աղօթասէր էր Կիւլենիա մեծ մայրիկս: Յաճախ Մեսրոպ Թերզեան վարդապետը (ապա՝ եպիսկոպոս) իրեն Ս. Հաղորդութիւն կը բերէր, քանի որ անդամալոյծ ըլլալով՝ ան չէր կրնար եկեղեցի երթալ:

Չի քէօֆթէ շատ կը սիրէր ատանացի մեծ մայրիկս: Ամէն առիթի, երբ Չի քէօֆթէ սարքել կու տար 9 տարեկան Մարիժան հօրաքրոջս, կը յիշեցնէր, որ շաղելու ատեն երկու տերեւ ռեհան խառնէր մէջը. բան մը, զոր փոքրիկ հօրաքոյրս վաղուց սորված էր արդէն:

Մեծ մօրս երազն էր զիս վարդապետ տեսնել:

 

ԱՂՕԹՔ

 

Ո՛վ Տէր Աստուած, ես կոչումս թողեցի, թերեւս առանց ուզելու, որովհետեւ համոզուած էի, թէ կ՛ըլլամ, այո՛, կ՛ըլլամ օրինակելի վարդապետ:

 

ՊՕՂՈՍ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

 

Մօրենական մեծ հայրս՝ Պօղոս Պոյաճեան, տէօրթ-եօլցի էր (Չորք Մարզպան): Երբ ան անդենական անցաւ՝ 1958ին, 84 տարեկան էր: Այսօր պիտի ըլլար 142 տարեկան: Իսկ մօրենական մեծ մայրիկս՝ Գոհար Թենեքեճեան, 74 տարեկանին անդենական անցաւ՝ 1970ին։

 

*Ուսին վրայ հագուստեղէնի կերպաս ծախող (թրքերէն բառ)։

 

—————————————————-

 

Այս Էջը Կը Հովանաւորեն

 

 

Electrolux հաստատութիւնը – Կլենտէյլ

Տէր եւ տիկ. Խաչիկ եւ Սեւան Ակոբեաններ

 

Dynasty Glass հաստատութիւնը

Վիգէն Շնորհոքեան

===========================================================


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles