ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հինգշաբթի, 9 Փետրուարին, Ֆութպոլի միջազգային դաշնութիւնը՝ ՖԻՖԱն, հրապարակած է ազգային հաւաքականներու դասակարգման թարմացուած աղիւսակը:
Հայաստանի ազգային հաւաքականը, ըստ նոր աղիւսակին՝ յառաջդիմած է 4 կէտով, գրաւելով 82րդ հորիզոնականը:
Առաջին հորիզոնականը գրաւած է Արժանթինի հաւաքականը. անոր կը յաջորդէ Պրազիլի ընտրանին, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛եզրափակէ Գերմանիոյ հաւաքականը: