Պատմութիւններուն ամէնէն սրտառուչը եւ… սրտաշարժն ու սրտաճմլիկը
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Ամէն քաղաք ունի իր սիրտը, փոխաբերական իմաստով՝ եռուզեռին, կարեւոր անցուդարձերուն եւ զգացումներուն կեդրոնը, հրապարակ մը, շատ անգամ, կամ՝ յուշարձան մը այդ հրապարակին վրայ: Հայոց լեզուի պարագային, անոր սիրտը, այսինքն՝ իր ապրումներուն, յուզումներուն եւ լուռ ցաւերուն կեդրոնը, անկասկա՛ծ ՍԻՐՏ բառն է: Փոքր է անիկա իբրեւ մկանային գործարան: Ընդամէնը՝ ափի մը չափ: Նոյնպէս, իբրեւ բառ, համեստ վանկ մըն է անիկա: Բայց, ըստ բանաստեղծներու եւ երգի բառեր գրողներու՝ գաղտնիքներու, հազարումէկ զգացումներու անծայրածիր ծով մըն է «սիրտ»ը: Ահա՛ անոր համառօտ սրտագրութիւնն ու պատմական յիշարժան զարկերը:
Բնիկ հայկական բառ է «սիրտ»ը: Ունի հնդեւրոպական նախալեզուի արմատ՝ kerd: Այս արմատէն սեռած են միջազգային սրտակից բառեր. խեթերէն՝ ker, սանսկրիտ՝ hrdaya, յունարէն՝ karida, լատիներէն՝ cor, գերմաներէն՝ herz, հին անգլերէն՝ heorte, ժամանակակից անգլերէն՝ heart, լիթուաներէն՝ sirdis, խրուաթերէն՝ srce, չեխերէն՝ srdce, ռուսերէն՝ serdtse, սլովաքերէն՝ srdce, իսկ լաթվիերէն՝ sirds:
Մեր «սիրտ»ը, եթէ նկատի առնենք գրաւոր հայերէնը, առաջին անգամ Ս. Գիրքի թարգմանութեան մէջ սկսաւ տրոփելու… 1089 անգամ: Անոր քով լսելի էին նաեւ «սրտմտութիւն», «սրտմտել», «սրտացաւութիւն», «սրտապնդել», «սրտակա»չ, «սրտաթափ» եւ «սրտաբեկ» բառերը:
Վանայ ծովուն մօտ, 10րդ դարուն, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի սրտագէտ գրիչը տեսաւ թշուառ եւ ընկճուած սիրտեր, ինչպէս՝ «սիրտ եղկելոյս», «սիրտ մեղաւորի», «խոպանացեալ սիրտ», «սիրտ ճմլեցոյց», «սիրտ անմտին», «յոգնաթախիծ սիրտ», «անհպարտ սիրտ», «սիրտ նանրախորհուրդ», «սիրտս յիշարեալս»… ու անոնց տեղ տուաւ «Մատեան Ողբերգութեան» երկին մէջ: Աւելին, նոյն գիրքի 93 գլուխները ունին նոյն խորագիրը՝ «Ի Խորոց Սրտից, Խօսք Ընդ Աստուծոյ»: Հարիւր տարի անց, այս վանկը Ս. Ներսէս Շնորհալիի գրիչին տակ պիտի դառնար սրտառուչ աղօթք մը. «Սէր անուն Յիսուս/Սիրով Քո ճմլեա՛/Սիրտ իմ քարեղէն»: Իսկ 13րդ դարուն, Մխիթար Այրիվանեցին զայն պիտի վերածէր սիրուած հոգեւոր երգի. «Սիրտ իմ սասանի, սարսափ զիս ունի վասն Յուդայի»: 1500ական թուականներուն, Վանայ ծովուն շուրջ յայտնուեցաւ սրտաբորբոք մէկ այլ բանաստեղծ՝ Նահապետ Քուչակը: Սիրահար այս տղան մաքուր սրտով երգեց.
«Ո՜վ որ սրտով սէր ունի
Սրտի՜ երակն է կանաչ,
Ով որ սրտովը սէր չունի,
Սիրտը՝ սեւ, երեսն է կանա»չ:
Ապա շարունակեց…
«Սիրտս էլ միս՝ մի պատառ,
Քո սիրուն բա ո՞նց դիմանայ»:
Սրտի խաղաղութեամբ երգեց նաեւ Սայաթ Նովան ու մեզի տուաւ սրտագրաւ տողիկներ.
«Յիս էս դարդին վո՞ւնց դիմանամ՝ մակամ սիրտըս ունիմ քարած», «Աշխարս աշխարով կըշտացաւ, իմ սիրտըս քիզնից սով մընաց», «Շատ տըխուր սիրտ կու խնդացնիս, կու կըտրիս հիւընդի դողըն», «Համաշա, եա՛ր, քիզիդ խօսիլ իմ ուզում. Սիրտըս չէ կըշտանում գափով, նազանի», «Արի ինձ անկա՛ճ կալ, ա՛յ դիւանա սիրտ. Հայա սիրէ, ադաբ սիրէ, ար սիրէ»:
Մեր լեզուի սիրահար բանաստեղծներու եւ գրիչներու շնորհիւ, ունեցանք ածանց եւ բարդ բառերու նախանձելի հարստութիւն մը. այրասիրտ, անսիրտ, բարկասիրտ, բարձրասիրտ, գազանասիրտ, գոռոզասիրտ, դառնասիրտ, թանձրասիրտ, թիւրասիրտ, թուլասիրտ, խոնարհասիրտ, խստասիրտ, ծանրասիրտ, ճղճասիրտ, մեծասիրտ, միասիրտ, սրտաբախ, սրտաբեկ, սրտաբորբոք, սրտալիր, սրտակոտոր, սրտակտուր, սրտաճմլիկ, սրտապինդ, սրտառուչ, սրտատրոփ, սրտացաւ, սրտնեղութիւն, վատասիրտ, ցոփասիրտ, փութասիրտ, քաջասիրտ, քարասիրտ:
Այս բառերուն հետեւեցան 200է աւելի պատկերալից առածներ, ինչպէս՝ «բարակ սիրտ ունենալ», «գայլի սիրտ ուտել», «առիւծի սիրտ ունենալ», «ի սրտէ», «սիրտը բանալ», «սիրտը գողնալ», «սիրտը ալեկոծիլ», «սիրտը ահու դող», «սիրտը արիւն լալ», «սիրտը բերանը գալ», «սիրտը դող», «սիրտը թունդ ելլել», «սիրտը լալ», «սիրտը կտոր-կտոր ըլլալ», «սիրտը կրակ իյնալ», «սիրտը գրաւել», «սիրտը շահիլ», «սիրտը փորը իյնալ», «սիրտ չունենալ», «սրտի ձայն»… Պակաս չեն նոյնքան պատկերալից բառակապակցութիւններ: Այսպէս, ունեցանք զգայուն, ազնուական, բարի, ազնիւ, վեհ, անվեհեր, անզգայ, ապերախտ, խիստ, ապականեալ, վատ, անգութ, անողորմ, չար, լքեալ… սրտեր: Տօնական օրերուն, հանդիսութիւններու ժամանակ խօսեցանք սրտաշարժ «սրտի խօսքեր»:
«Սիրտ»ով լոյս տեսան նաեւ բազմաթիւ գիրքեր, ինչպէս՝ «Ակնոց Աչաց Սրտի» (1780, Կ. Պոլիս), «Սիրտ Մարդոյ» (1833, Շուշի), «Վռամ եւ Մարի, Կամ Սրտի Զոհեր» (1894, Զմիւռնիա): Ունեցանք ժամանակակից բառերու պաշար մը եւս՝ սրտաբան, սրտախտ, սրտախորշ, սրտագրութիւն: Բայց, «ցաւօք սրտի», Աւետիք Իսհակեանի «Մօր Սիրտը» աւանդավէպին մէջ կարդացինք, թէ ինչպէ՛ս սիրամոլոր տղան սպաննեց իր մայրը, հանեց սիրտը ու տարաւ իր սիրած աղջկան: Բայց, «մայրական սիրտը» մնաց ներո՛ղ: Նոյն մայրական սիրտը, Շիրազի գրիչով խօսեցաւ իր վերջին փափաքը.
«Մեր սարն այս կողմ շուռ կը տաս՝ արդարութեանդ ոյժն է ծով,
Ու երբ բերես, իմ բալիկ, սիրտս էլ շիրմից կը հանես,
Կը բարձրանաս ու սիրտս ազատն ի վեր կը տանես,
Ու կը թաղես իմ սիրտը ձիւների տակ Մասիսի,
Որ շիրմում էլ՝ դարաւոր հուր կարօտից չմրսի:
(«Որդիս, Քեզ Ի՞նչ Կտակեմ»)
Հայկական գաւառներու մէջ ամէն սիրտ ունեցաւ իր ինքնուրոյն բաբախիւնը. Մշոյ, Տիգրանակերտի, Սվետիոյ եւ Խարբերդի մէջ՝ սիրդ, Վանի մէջ՝ սիռտ, Գորիսի մէջ՝ սէրտ, Արցախի մէջ՝ սըէրտ, սըռտ, Հաճնոյ մէջ՝ սիյդ, իսկ Զէյթունի մէջ՝ սը՛յդ:
20րդ դարուն, երբ ազգը ընկճուած էր ու սիրտը կոտրած, հայ բանաստեղծն է, որ սիրտ տուաւ անոր: Նախ եկաւ Տէրեան.
«Արիացի՛ր, սիրտ իմ, ե՛լ հաւատով տոկուն,
Կանգնիր հպարտ որպէս լոյս լեռն է մեր կանգուն»:
Ապա անոր ձայնակցեցաւ Չարենց.
«Ինչքան էլ սո՜ւր սիրտս խոցեն արիւնաքամ վէրքերը մեր,
Էլի՛ ես որբ ու արնավառ իմ Հայաստան եա՛րն եմ սիրում»։