Quantcast
Channel: Asbarez - Armenian »Մշակոյթ
Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

ԲԱՌԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ- Սկուտեղ

$
0
0

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Ափսէներուն ամէնէն հռոմէականը…

 

0903dadourianՍ. Սարգիսի օրը աւանդութիւն է, որ հայ տանտիրուհիներ սկուտեղի վրայ փոխինձ՝ բոված ցորենի կամ գարիի ալիւր, դնեն պատուհանին կողքը, վստահ ըլլալով, որ այդ գիշեր Ս. Սարգիսը իր ձիով կ՛այցելէ մարդոց տուները եւ իր այցելութեան իբրեւ նշան՝ ձիուն պայտի հետքը կը ձգէ այդ փոխինձին վրայ: Այս տարի, մեր պատշգամն ալ կը հիւրասիրէ պղնձեայ սկուտեղ մը, որ Կեսարիոյ հայ վարպետներու գործն է եւ վրան կը կրէ «Մահտեսի Մինաս 1864» փորագրութիւնը: Այս պարզ բայց նուիրական արարողութիւնն իսկ կը բաւէ, որ միտքեր այցելէ «սկուտեղ» բառի պատմութիւնը:

Միշտ չէ, որ կը գործածենք «սկուտեղ» բառը: «Ափսէ»ն աւելի լսելի է առօրեայի մէջ: Պարզապէս այն պատճառով, որ նախորդը մեծ է եւ տուներէն ներս յաճախակի գործածութիւն չունի: Սկուտեղը աւելի առնչութիւն ունի կոչունքներու եւ տօնական օրերու հետ: Սակայն, ընթերցողը թող չկարծէ, որ նուրբ փորագրութիւններով, երկրաչափական եւ բուսական զարդանախշերով, որսի տեսարաններով, հայ թագաւորներու դիմանկարներով, «Ոգի Հայաստանի» նիւթով ու մակագրութիւններով զարդարուած պղնձեայ, երբեմն ալ՝ արծաթ կամ ոսկեզօծ այդ քառանկիւններուն վրայ միշտ հրամցուած են միսեր կամ պտուղներ… «Սկուտեղ» բառը ունի իր թաքուն պատմութիւնը: Պատմութիւն մը, որ իր չորս անկիւններէն թաթխուած է արիւնի եւ արցունքի մէջ, փառասիրութեան եւ նախանձի մէջ: Զգայացունց պիտի ըլլայ տեսնել, թէ բարձրարուեստ սկուտեղներու վրայ երբեմն հրամցուած են նաեւ գլուխներ, բանալիներ, աճիւններ եւ նոյնիսկ՝ երկրի մը անկախութիւնը… Բայց նախ դիմենք ստուգաբանութեան եւ պատմութեան, որ իմանանք, թէ «սկուտեղ»ին ծայրը ո՛ւր կը հասնի:

«Սկուտեղ»ը ունի լատինական ծագում՝ scutella, որ նուազականն է scutra բառին: Կը նշանակէ՝ ափսէ, պնակ, սկաւառակ: Մանուէլ վրդ. Ջախջախեանի «Բառգիրք Ի Բարբառ Հայ Եւ Իտալական» աշխատասիրութեան մէջ (1837, Վենետիկ) տրուած է հետեւեալ բացատրութիւնը. «ՍԿՈՒՏԵՂ կամ՝ սկտեղ, պնակ ի ձեւ վահանի»: Արմատն է scutum բառը: Վերջինս շատ հեռու է խոհանոցներէն եւ արքունի սեղաններէն: Անիկա կը նշանակէ՝ վահան. քառանկիւն, փայտեայ, կիսագլանաձեւ վահան, զոր Հռոմը կը գործածէր: Ամէնէն նշանաւորը այն է, որ ոսկեայ էր, Ծերակոյտին կողմէ՝ Ք.Ա. 27 թուականին Օգոստոս կայսրին նուիրուած էր եւ կը խորհրդանշէր չորս սկզբունքներ՝ արիութիւն, գթութիւն, արդարութիւն, բարեպաշտութիւն:

Առաւելաբար, պատմութեան մէջ կան յիշումներ, թէ Բիւզանդիոնի դիմաց, ասիական ափերուն վրայ փռուած Խրիսոպոլիս քաղաքը, հոն տեղակայուած վահանակիր զօրագունդերու ներկայութեամբ՝ կոչուեցաւ «Skutarion»: Անիկա մերօրեայ Սկիւտար (Uskudar, Eksudar, Escutaire, Scutari) քաղաքն է՝ Զ. Ասատուրի, Ե. եւ Պ. Դուրեաններու, Գ. Կիւլպէնկեանի, Կ. Եազմաճեանի, Օ. Չիֆթէ-Սարաֆի, Գ. Նորատունկեանի, Յ. Հինթլեանի, Հ. Նազարեանցի, Շ. Պէրպէրեանի, Լ. Շանթի, Զ. Եսայեանի եւ Ս. Գարամանուկի ծննդավայրն ու ներշնչման աղբիւրը:

Հռոմի փաղանգներուն հետ «scutum» բառն ալ տարածուեցաւ եւ տեղայնացումներ գտաւ. escudiella, escudella, scudela, scuttle, ecuelle, scodella։ Ունեցաւ նաեւ իմաստի փոփոխութիւն եւ դարձաւ՝ «մեծ ափսէ»: Հայաստանի մէջ նախ առաւ «սկուտղ» ձեւը, ապա՝ «սկուտեղ»:

«Սկուտեղ»ին՝ գրաւոր հայերէն մուտքը եղաւ Ս. Գիրքի թարգմանութեան միջոցաւ: Բառը, որ ունէր ռազմական անցեալ, չէր կրնար իր արիւնալի պատմութենէն անմիջապէս ձերբազատուիլ: Հայ ընթերցողը այդ սկուտեղին վրայ տեսաւ մարգարէ Յովհաննէս Մկրտիչին գլուխը, սպանութիւն մը, որ կատարուեցաւ պիղծ Հերովդիայի դրդումով, անոր աղջկան խնդրանքով եւ Հերովդէսի հրամանով: «Տուր ինձ, ասէ՛, այսր ի վերայ սկտեղ զգլուխն Յովհաննու Մկրտչի…», «…եւ բերաւ գլուխ նորա սկտեղբ եւ տուաւ աղջկանն եւ տարաւ առ ի մայր իւր»:

«Սկուտեղ» բառը նախանձի պատմութիւնը շարունակեց Դ. Վարուժանի գրիչին տակ: «Հարճը» ստեղծագործութեան մէջ, Սիւնեաց աշխարհի Բակուր նահապետը իր մարմար պալատին մէջ կոչունքի նստած էր մեծամեծներու հետ: Առատ լեցուած է ամէն պնակ, ամէն բաժակ.

«Այն ատեն ներս կը մտնեն երկու ջուխտակ գերիներ,

Կրելով երկու լախտ վարազ սաներու վրայ ոսկեհեր.

Եւ ուրիշներ նոյն թիւով՝ իրենց ուսին վրայ ունին

Ըսկուտեղները նուռին, սափորները յորդ գինիին…»։

Բայց Բակուրի հիւրը՝ բագրատունի հզօր իշխան Տրդատը, տարուած գինիէն եւ նրբակերտ հարճի զգլխիչ պարէն՝ սկուտեղով մը կը փորձէ սպաննել Բակուրը եւ գեղեցկուհիին հետ փախչիլ.

«Եւ միշտ ժայռի պէս կանգուն, շընչելով բոց աչքերէն,

Հուժկու ձեռքով սեղանին վրայէն խըլեց, իբրեւ զէն,

Մեծաքանդակ ըսկուտեղ մ՛ամբողջ պղնձով կուռ ձուլուած,

Գազանացաւ, փըրփըրեցաւ, շամբշոտացաւ ու մըխաց.

Եւ ուղղակի արձակեց զայն Բակուրի ճակատին…»:

Իսկ Մուրացանի «Գեւորգ Մարզպետունի» պատմավէպին մէջ կարդացինք, թէ ինչպէս Մուշեղ հինաւուրց եւ հաւատարիմ զօրականը, Գառնիի բերդակալը, ամէն գիշեր բանալիները թագուհիին կը յանձնէր՝ արծաթէ սկուտեղի վրայ:

– Թո՛ղ ներս գայ,- հրամայեց թագուհին: Մի քանի րոպէից ներս մտաւ բերդակալը: …Նա համաչափ ու հաստատուն քայլերով մօտեցաւ թագուհուն եւ խոր գլուխ տալով՝ խնդրեց ընդունել ամրոցի բանալիները, որ իւր հետ եկող սպասաւորը ներկայացնում էր արծաթէ սկուտեղի վրայ:

Հայաստանի եւ Սփիւռքի ազգային թանգարանները այժմ կը ցուցադրեն սկուտեղներու բազմաթիւ նմոյշներ, մեծամասնութեամբ՝ 18-9րդ դարու ստեղծագործութիւններ: Սկուտեղներ պատրաստող նշանաւոր վարպետները գործած են Վանի, Երզնկայի, Կարինի, Եւդոկիոյ, Գիւմրիի, æուղայի եւ Երեւանի մէջ։

Իսկ Հայաստա՞նը սկուտեղի վրայ… Ի՛նչ սարսափազդու լուր… Մինչ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ռուսերէնը իբրեւ պետական երկրորդ լեզու ընդունելու հարցին շուրջ թեր ու դէմ կարծիքներով ողողուած էր Դիմատետրը, ցնցիչ է կարդալ, թէ օգտատէր մը ինչպէ՛ս դիմած է սկուտեղ բառին. «Սա մաս-մաս Հայաստանը Ռուսաստանին սկուտեղի վրայ նուիրելու գործընթաց է»:

Սեպտեմբերի 7, 2007ին հայկական մամուլը հաղորդեց լուր մը, եւ մենք յիշեցինք, որ սկուտեղը կրնայ ծառայել նաեւ սրբազան նպատակներու. «Արմաւիրի մարզի Բաղրամեան գիւղին մէջ բացումը կատարուեցաւ ազգային հերոս, ֆետայի Արաբոյի նուիրուած թանգարանին…: Տաղաւար-մատուռին մէջ տեղադրուած են նաեւ Մշոյ Առաքելոց վանքի աւերակներու բեկորները եւ սկուտեղ մը հող՝ սուրբերու աճիւններէն»:

Պատշգամի մեր սկուտեղին վրայ արդեօք կա՞յ Սուրբ Սարգիսի պայտին հետքը: Կ՛ելլենք դուրս: Չկա՛յ: Գալ տարի նորէն պէտք է փորձել: Իսկ միւս սկուտեղները… թող յորդին բնութեան բարիքներով, միսով ու խորտիկով, նուռով ու խաղողով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 1707

Trending Articles